Ապրիլ 17էն 19, Հարվըրտ (Մասաչուսէց) համալսարանի շաժապատկերի հիմնարկէն ներս, աւելի ծանօթ §Harvard Film Archive¦ անունով, պիտի ցուցադրուին իտալահայ բեմադրիչ Երուանդ Ճանիկեանի գործերը: Այս առթիւ, ան իր կողակից Անճելա Ռիչի Լուքիի հետ հրաւիրուած է տեղւոյն համալսարան եօթներորդ արուեստի բաժանմունքին կողմէ եւ պիտի ներկայացնէ իր քանի մը վաւերագրական գործերը:
Միլանօ քաղաքի բնակիչ Ճանիկեանի գործերը ունին քաղաքական բնոյթ եւ կը նկարագրեն 19101920ականներու պատերազմ, գաղթ, ջարդ, գաղութատիրութիւն, եւայլն: Ճանիկեան ծնած է Վենետիկ եւ ապա հաստատուած Միլանօ: Ան այս տարի հրաւիրուած է Երեւան, յառաջիկայ Յուլիսին, իր մասնակցութիւնը բերելու շարժապատկերի եՈսկէ Ծիրան«ի փառատօնին: 1990ին պատրաստուած People, Years, Life (Uomini, anni, vita«, §Ժողովուրդ, Տարիներ, Կեանք¦) ժապաւէնը կը ներկայացնէ Հայերու ջարդն ու գաղթը: Ներշնչուած իր հօր յուշերէն, ան օգտագործած է խորհրդային վաւերագրական արխիւներ եւ յատուկ գունաւորումներ տալով, պատրաստած է եօթանասուն վայրկեան տեւողութիւն ունեցող գործ մը:
Oh! Man (Oh! Uomo«, §Օհ…Մարդ¦) գործին անունը ներշնչուած է իտալացի հանճար Լէօնարտօ Տա Վինչիի մէկ հաստատումէն թէ պատերազմը կը մղէ մարդ արարածը, որպէսզի ինքզինք վերագտնէ եւ վերատեսութեան ենթարկէ իր կատարածները: 2004ին պատրաստուած այս ժապաւէնը, գրեթէ եօթանասուն վայրկեան տեւողութիւն ունի եւ կը ներկայացնէ պատերազմին կատարած քանդումները՝ հոգեկան թէ նիւթական: Անճանաչելի դիակներ, անմեղ որբեր, սրտաճմլիկ տեսարաններ որոնք անգամ մը եւս պատրաստուած են նոյնինքնքն Ճանիկեանի եւ իր կողակիցին կողմէ:
1991ին պատրաստուած The Flower of the Race ( Il fiore della razza, §Ցեղին ծաղիկը¦) գործին կիզակէտը՝ Իտալիոյ ծայրայեղ աջակողմեան ֆաշական շարժումն է: Քսան վայրկեաններ բաւական են, որ ակնդիրը գամուած մնայ աթոռին եւ հետեւի այս գործին:
From the Pole to the Equator (Dal polo all’equatore, §Բեւեռէն՝ Հասարակածային Գօտի¦) գործն ալ գաղութատիրական օրերու Իտալիոյ մասին է, որ պատրաստուած է 1986ին եւ ունի 101 վայրկեան տեւողութիւն: Միեւնոյն անունը կրող վաւերագրական մը, նախապէս պատրաստուած է քսանականներուն, ֆաշական գաղափարներու տէր բեմադրիչ Լուքա Քոմերիոյի կողմէ: Ճանիկեան այս անգամ քմծիծաղով մը կը ներկայացնէ փառաւոր կերպով ներկայացուած այդ ազգային ապրումներու մոլուցքով լեցուած ծայրայեղ գաղափարները:
Կը սպասուի որ այս երրօրեայ կարճ եՃանիկեան« փառատօնը մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծէ:
Read Time:1 Minute, 30 Second