ԱՇԽԱՐՀԱՍՓԻՒՌ ԿՌՈՒՆԿՆԵՐՈՒ ԵՐԱՄԸ ԿԸ ՀԱՒԱՔՈՒԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

0 0
Read Time:2 Minute, 38 Second
hիմնադրամի տնօրէն Սեւան Գապագեան
hիմնադրամի տնօրէն Սեւան Գապագեան

Աշխարհի տարբեր երկրներու մէջ սփռուած հայ երիտասարդները միշտ երազած են՝ ոտք դնել հայրենի հողի վրայ եւ զգալ հողի ջերմութիւնը: »Դէպի Հայք« հիմնադրամը իր օգտաշատ ծրագրով կրցած է իրականացնել բազմաթիւ երիտասարդներու երազանքը:

Հիմնադրամը ստեղծուած է 2004 թուականին, Էտիլ Յովնանեանի մտայղացումով՝ առաքելու-թիւն ունենալով տարբեր երկրներու Սփիւռքահայ երիտասարդներ բերել Հայաստան, որպէսզի՝ իւրաքանչիւրը իր մասնագիտութեամբ վեց ամիսէն մինչեւ մէկ տարի ժամկէտով օգտակար դառնայ որեւէ սեփական կառոյցի կամ պետական հաստատութեան, ճանչնայ Հայաստանը, եւ իր պապենական հողի վրայ աշխատելով, կապուի հայրենիքին եւ Հայաստանը մնայուն տեղ գրաւէ իր կեանքին մէջ:

Հիմնադրամը կը հոգայ մասնագէտ երիտասարդներու ճանապարհի, կեցութեան ու դասըն-թացներու ծախսերը, իսկ շաբաթավերջին կը կազմակերպէ շրջապտոյտներ, որպէսզի մասնակիցները շփուին իրական հայրենիքի հետ: Առ այսօր Էտիլ Յովնանեանը կը մնայ հիմնադրամի հիմնական հովանաւորը՝ իր հետ ունենալով նաեւ այլ հովանաւորներ:2004-2008 թուական »Դէպի Հայք« հիմնադրամի ծրագրի ծիրէն ներս, Հայաստան այցելած է աշխարհի 15 երկրներէ ժամանող (ե°ւ Հարաւային, ե°ւ Հիւսիսային Ամերիկայէն, Մերձաւոր Արեւելքէն, Եւրոպայի տարբեր երկրներէն, Պուլկարիայէն, Ռումանիայէն եւայլն),  350 երիտա-սարդ, որոնք կամաւոր կերպով, իրենց գիտելիքներով օգտակար դարձած են տարբեր ոլորտնե-րու հասութաբեր կազմակերպութիւններու կամ պետական կառոյցներու եւ փոխադարձաբար ստացած նոր փորձ ու գիտելիքներ:

»Կամաւոր երիտասարդներու մէկ մասը Հայաստան կու գայ իբրեւ այլ ընտրանք՝ ամերիկ-եան, եւրոպական այլ քաղաքներու, ուր կրնան երթալ իրենց սթաժը ընելու, կամ ինչ որ պէտք է ընել, իրենց գործի մէջ՝ աւելի մեծ յաջողութիւններու հասնելու, մենք անոնց կÿօգնենք«, կÿըսէ հիմնադրամի տնօրէն Սեւան Գապագեան, որ ծնած ու հասակ առած է Լիբանանի մէջ, ապա երկար տարիներ Ա.Մ.Ն. ապրելէն ետք, 2006 թուականին ընտանիքի հետ տեղափոխուած է Հա-յաստան՝ ստանձնելով »Դէպի Հայք« հիմնադրամի տնօէնի պաշտօնը:

»Այս գործը շատ հոգեհարազատ է ինծի համար, որովհետեւ Ամերիկա գտնուելուս ժամանակ, կամաւոր սկզբունքներով հայ պատանիներ, երիտասարդներ հայկական հարցին կապելու աշխատանք տարած եմ: Հայեցի դաստիարակութիւն, հայեցի զգացումները զարգացնելու այդ աշխատանքը ինծի համար նո-րութիւն չէ, այդ մէկը հիմա վերածուած է »գործի«, բայց անձնական մղումն ու ներշնչումը, որ ունիմ աւելի բարձր է քան  նիւթականը«, կ’ըսէ հիմնադրամի տնօրէնը:

Սեւան Գապագեան ծրագրին մասնակցող 20-32 տարեկան երիտասարդներու մէջ կը տեսնէ լուրջ փոփոխութիւն: »Ոմանք կու գան քիչ կամ սահմանափակ գիտելիքներով, կամ յաճախ կու գան սխալ ըմբռնումներով եւ պատկերացումներով, բայց ամիսներ շարունակ հոս ապրելէն ետք, արդէն կը նշմարեմ շատ լուրջ ներքին շարժ, այդ մէկը հոգեկան մեծ բաւարարութիւն կու տայ ինծի եւ այստեղ աշխատող գործընկերներուս«, կÿըսէ ան:
Հիմնադրամի տնօրէնը արդէն իսկ հանդիպում ունեցած է Սփիւռքի նախարարի հետ, որով-հետեւ այնտեղ եւս նմանատիպ ծրագիր իրականացնելու միտում կայ, հետեւաբար համագոր-ծակցութիւնը երկօգուտ կրնայ ըլլալ:

»Մեր բոլորի նպատակը նոյնն է, հոն ուր սերտօրէն կարե-լի է համագործակցիլ, միշտ կÿաշխատինք«, կÿըսէ Սեւանը:

Այն հարցին թէ ի՞նչ տպաւորութիւն ստացած է հիմնադրա մի տնօրէնը Սփիւռքի նախարա-րութեան իր այցէն, ան պատասխանեց:

Մենք քաջալերուած ենք, որ ինչ որ նախաձեռնութիւն կայ հայ ժողովուրդի երկուերրորդին հետ զբաղուելու, անշուշտ ժամանակ եւ հետեւողական ճիգ պիտի առնէ, որպէսզի նախարա-րութեան աշխատանքները աւելի արդիւնաւէտ ըլլան, դառնան մասնագիտական եւ հիմնուին փորձառութեան վրայ: Միայն ողջունել կարելի է այն, որ սկիզբ դրուած է բանի մը, որ շատոնց պէտք է ըլլար: Նախարարութիւնը կը վայելէ պետական հովանաւորութիւն եւ ատիկա արդէն կը ստեղծէ մեծ հնարաւորութիւն՝ իրենց լայնածաւ գործունէութիւնը յաջողցնելու:

Նախարարութեան կողքին աշխատող ուրիշ կազմակերպութիւններ կան, ինչպէս մերը, որոնք այդ ընդհանուր խճանկարին մէջ ունին իրենց դերն ու գործը, մենք ալ, իբրեւ լրացուցիչ՝ այդ խճանկարին մաս կը կազմենք: nayirim@yahoo.com

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles