Անսասան խանդ եւ անկաշկանդ կամք…
Հայ Օգնութեան Միութիւնը յառաջիկայ տարեշրջանին պիտի բոլորէ իր հարիւրամեակը: Պատմութիւն մը որ իր փաստագրութեամբ կ°ապացուցէ թէ անիկայ հայ ժողովուրդի հարազատ ծնունդն է:
Ստանալով իր աւիշն ու ուժը Ժողովուրդէն՝ հասնելու համար…այդ Ժողովուրդին եւ անոր յաւիտենական Հայրենիքին ներկայ ու ապագայ կարիքներուն« բարոյական եւ նիւթական իր ամբողջական ուժով եւ կարողութեամբ« Հայ Օգնութեան Միութիւնը կը մնայ պատնէշի վրայ, մնալով հաւատարի°մ իր յառաջիկայ տարեշրջանի հարիւրամեայ կոչումին:
Հայ Օգնութեան Միութիւնը« իր հազարաւոր անդամներուն եւ համակիրներուն, ամբողջա-կան նուիրումով« կը գործէ, կը ծրագրէ ու կ°ընթանայ, միշտ ալ ի մտի ունենալով հզօր հայրենիքի մը տեսլականը:
Սփիւռքի մէջ ծիլ առած եւ տարիներ շարունակ այդպէս գործած, այսօր« Հայաստանի ազատ ու անկախ երկինքին տակ, Հ.Օ.Մ.-ը կը շարունակէ իր գործունէութիւնը, իրականացնելով ընկերային« կրթական ու առողջապահական ծրագիրներու ծանր թղթածրար մը:
Երկար, լայնատարած եւ բարեբեր է գործունէութեան դաշտը…սկսելով բժշկական-առող-ջապահական կեդրոններէն (Ախուրեանի «Մօր ու Մանկան Առողջութեան կեդրոնն ու ծննդատունը) մինչեւ «Նիկոլ Աղբալեան» վարժարանը, յառաջադէմ ուսանողներու տարեկան «Լաւագոյն Ուսանող» պատուոյ յուշանուէրներն ու դրամական պարգեւները, Տիլիճանի ճամ-բար եւ դեռ…այլ ներկայ ու ապագայ ծրագիրներ:
Ահաւասիկ դարաշրջան մը: Ամէնէն աւելի դաժան օրերուն Հ.Օ.Մ.-ը նեցուկ կանգնեցաւ որբին ու այրիին« դաստիարակեց սերունդներ, օժանդակեց՝ տրամադրելով գումար, կերակրեց ու խնամեց սովածն ու հիւանդը« զօրավիգ կանգնեցաւ հայրենազուրկ սերունդներու, անաչառօրէն եւ յամառօրէն պայքարեցաւ հայապահպանման ի խնդիր տարուած աշխատանքներուն:
Ակնունիներ ու Կամալեաններ ականատես կ°ըլլան անդէնականէն, իրենց հետ կազմուած եւ վերակազմուած միութեան ետին կանգնած է ժողովուրդ մը, որ ունի անխախտ հաւատք եւ անխաթար նուիրում:
Ժողովրդականութիւն կը վայելէ, ժողովուրդէն՝ ժողովուրդին կը ծառայէ Հ.Օ.Մ.-ը, բարոյա-կան եւ նիւթական իր ամբողջական էութեամբ:
Հարիւր մոմերու սեմին…Հարիւրամեայ նուիրում:
Read Time:1 Minute, 18 Second