ԵՐԵՒԱՆԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ LՈՒՍԱՆԿԱՐՉԱՏՈՒՆԸ

0 0
Read Time:1 Minute, 44 Second

«Աբովեան» փողոցին վրայ կը գտնուի Երեւանի ամէնէն հին լուսանկարչատունը:

Բակը, ուր կը գտնուի լուսանկարչատունը, Երեւանի մեծահարուստներէն մէկուն, յայտնի նաֆթարդիւնաբերող Ափրիկեաններու սեփականութիւնն էր, որմէ ետք բնակած է Աղասի Խանճեանը:

Ապա, 1929 թուականին, Գաբրիէլ Խանոյեանը զայն գնած ու վերածածած է լուսանկարչատան: Քաղաքին միւս լուսանկարիչները «Մեծ Վանեցի» կը կոչէին զինք:

Խանոյեան ծնած ու ապրած է Վանի Այգեստան փողոցին մէջ: Տասնվեց տարեկանին, ան մասնակցած է Վանի հերոսամարտին, ապա գաղթած` Հայաստան: Ան լուսանկարչութիւն սորվեցաւ, շնորհիւ հրեայ լուսանկարիչ` Փրովոտի:

1928-ին Երեւան հաստատուած, Խանոյեան,այդ պատմական լուսանկարչատունը հիմնեց:

«Մեծ Վանեցի»ն առաջինն էր, որ լուսանկարչութեան արուեստէն ներս, սկսաւ կիրարկել լոյսի եւ ստուերի հասկացողութիւնը: Անոր արուեստը գնահատողներն ու ընկերները դարձան քաղաքի երեւելի, անուանի, մեծ մարդիկ` գրողներ, դերասաններ, զինուորական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, քաղաքական գործիչներ, որ վաղուց` շատ տարիներ առաջ…քալած են Աբովեան փողոցէն եւ հիմա կը դիտեն անցորդը` «կախուած» լուսանկարչատան պատերէն:

Այսպէս այս արժէքաւոր լուսանկարչատունը փոխանցուած է, իր ժառանգորդներուն: Այսօր ալ այդ լուսանկարչատունը կը պատկանի Խանոյեանի մը` Արմէնին, որ «Մեծ Վանեցի»ին թոռն է:

«Հայրս տեսել է Պարոյր Սեւակին, Յովհաննէս Շիրազին, ոչ միայն տեսել, այլեւ լուսանկարել է: Այստեղ էին գալիս մտաւորականներ, արուեստի, մշակոյթի գործիչներ: Օփերայի եւ մայր թատրոնի արխիւները մերոնց է պատկանում…» կը յայտնէ Արմէն, որ կը տեղեկացնէ թէ 1971 թուականին, երբ այրած է «Սունդուկեան» թատրոնի արխիւը, բոլորը կարծած են թէ, կորած է ամէն ինչ եւ թէ արխիւը վերականգնել հնարաւոր չէ:

«Բայց նրանք շփոթել էին, մերոնք վանեցի էին եւ վանեցուն բնորոշ բնազդով անուանի մարդկանց լուսանկարել էին ոչ թէ մէկ, այլ մի քանի օրինակ, բայց արխիւներուն մէկ լուսանկար էին տուել, երեքը իրենց պահել»: կ՛եզրակացնէ վերջին ժառանգորդ Արմէն Խանոյեան, որ մանկութեան օրերուն հանդիպած է Պարոյր Սեւակին, Յովհաննէս Շիրազին, Գէորգ Էմինին, Խորէն Աբրահամեանին, Մհեր Մկրտչեանին, որոնք ոչ թէ՛ միայն յաճախորդներ էին, այլեւ իր հօր, մօտիկ ընկերները:

«Հայրս ասում էր, որ լուսանկարչութիւնը շատ անշնորհակալ գործ է: Բոլորին թւում էր, թէ իրենք իրականում աւելի լաւն են, քան լուսանկարում են դուրս եկել», կը յայտնէ Արմէն:

1991-ին Օննիկ Խանոյեանը մահացաւ, եւ որպէսզի լուսանկարչատունը չփակուի, Արմէնը մէկդի դրած իր տնտեսագէտի վկայականը, որոշեց շարունակել այս պապենական գործը: Բայց այդ գործը դեռ կը մնայ վտանգուած…Արդարեւ Արմէնը ամուրի է եւ «Մեծ Վանեցի»ին հաստատութիւնը կրնայ ապագային դառնալ անժառանգ:

Լուսանկարներ՝ Իննա Մխիթարեանի

“ՀԱՅՐԵՆԻՔ” ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՅ ԲԱՑԱՌԻԿ

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles