ՄՈՒՍԱՆԵՐ.- «ՄԵՆՔ ԼՈՒՐՋ ՁԵՒՈՎ ԱՇԽԱՏԱԾ ԵՆՔ ՀԱՄԱԴՐԵԼՈՒ ԵՒ ՍՏԵՂԾԵԼՈՒ ԻՆՔՆՈՒՐՈՅՆ ՄԵՐ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ՁԱՅՆԸ» ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ԱՐԱ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ

0 0
Read Time:5 Minute, 13 Second

Արա Սարգիսեան, նկարագրով համեստ եւ «վարագոյրին ետեւ պահուըտած» այդ տիպարն է, որ կը գտնուի «Մուսաներ»ու ետին: Երիտասարդ տարիքէն Լիբանանէն հեռացած եւ Մասաչուսէց հաստատուած, Արա Սարգիսեան, ուսանած է Հարվըրտ համալսարանէն ներս, 1992-էն 1998: Նաեւ, երաժշտութեան բնագաւառէն ներս, յաւելեալ մասնագիտութիւն ստանալու համար, ան ուսանած է «Լոնկի» (1991-93) եւ «Նիւ Ինկլընտ Երաժշտանոց»էն (NEC) ներս, 1996-էն 1998: Ան, ցայսօր կը գործակցի զանազան արուեստագէտներու հետ, որոնց կարգին հանրածանօթ հայրենի երգիչ Արթիւր Մէսչեան եւ յօրինող` Տիգրան Մանսուրեան:

Արա Սարգիսեան կը պատկանի, երիտասարդ տաղանդաւոր այն փաղանգին, որ իր լայն կարողութիւնները կը տրամադրէ թէ՛ դասական եւ թէ՛ համաշխարհային երաժշտութեան (world music) բնագաւառներէն ներս: Բան մը որ կը կատարեն բազմաթիւ հռչակ սփռած վիրթիոզներ, սկսելով թաւջութակահար Եօ  Եօ Մայէն (Մետաքսեայ ճամբու յղացումները), մինչեւ տաղանդաւոր այլ լիբանանահայ մը` ջութակահար Արա Մալիքեան (որ Սպանիոյ մէջ իր «Փականինի» յայտագրով սխրանքներ կը կերտէ):

Ստորեւ, գեր հետաքրքրական հարցազրոյց մը`  Արա Սարգիսեանին հետ, վերջերս լոյս ընծայուած «Մուսաներ» խտասալիկին առթիւ.-

Հարցում.-Կարելի՞ է բացատրել թէ ին՞չ էին ստեղծուած պայմաններն ու դրդապատճառներն որոնք առիթ ընծայեցին  «Մուսաներ» խտասալիկը պատրաստելու:

Պատասխան.- Վերջին երկու տարուայ ընթացքին Մուսաներ խումբով շատ համերգներ ունեցանք Պոսթընի համերգասրահներու մէջ: Այս ժամանակի ընթացքին խումբի կատարողական մակարդակը հասաւ այն չափանիշին որ արդէն գրեթէ պարտադրուած զգացինք խտասալիկ մը պատրաստելու երկու պատճառով.  առաջինը որովհետեւ գիտակից էինք երկու տարուայ ընթացքին մեր ստացած բարձր գնահատանքին երաժշտական շրջանակներու եւ մեր հետեւորդներու կողմէ, իսկ երկրորդը որովհետեւ մենք եւս պատրաստ էինք նոր գործեր պատրաստելու եւ ներկայացնելու, եւ այս նպատակին հասնելու համար մեզ պէտք էր որոշ ձեւով վերջակէտի մը հասցնել առաջին երկու տարուայ գործերը եւ այդ վերջակէտը դարձաւ խտասալիկի պատրաստութիւնը: Այսպէսով, ձեւով մը «մարսեցինք» առաջին երկու տարուայ գործերը եւ անցանք նոր գործերու:

Հ.-«Մուսաներ» յայտագրին համար, ելոյթ ունեցող երաժիշտներուն թիւը համեմատաբար աւելի շատ է: Այս մէկը յաւելեալ դժուարութիւն կը պատճառէ՞ թէ ընդհակառակը:

Պ.- Այո, համեմատած շատ խումբերու, երաժիշտներու քանակը մեծ է: Խտասալիկի ձայնագրութեանը մասնակցեցանք տաս երաժիշտներով ­ տուտուկ, շվի, սաքսոֆոններ, հարուածայիններ, բամբ ջութակ (double bass), ձեռնադաշնակ եւ դաշնամուր: Մեծ խումբը ունի որոշ դժուարութիւններ ­ զանազան տեսակի գործիքների համադրում, գործնական հարցեր կապուած փորձերու կազմակերպման հետ ­ վայր, ժամերու համադրում եւ այլն, ճամբորդութեան ծախսեր: Միաժամանակ անշուշտ դրական ազդեցութիւն եւս ունի քանակը: Խումբը ունի մեծ եւ աշխոյժ ինքնորոշ ձայն , հարուստ ենք ձայնի բազմազանութեամբ եւ կարող ենք տարբեր ձեւերով մէկտեղել տարբեր ժողովրդական գործիքներ եւ զանազան ճազային գունաւորումներ: Քանակին կողքին, նաեւ ունինք այն երեւոյթը որ տասէն եօթ օտարներ են եւ ունին տարբեր երաժշտական ազդեցութիւններ եւ այս բոլոր ազդեցութիւնները մենք լուրջ ձեւով աշխատած ենք համադրելու եւ ստեղծելու ինքնուրոյն մեր երաժշտական ձայնը:

Հ.-Որոշ մանրամասնութիւններ կամ բացատրութիւններ կարելի՞ է փոխանցել, սոյն խտասալիկի կտորներուն մասին:

Պ.- Խտասալիկի կտորներու մեծամասնութիւնը կ՛ընդգրկեն հայ ժողովրդական մեղեդիներ որոնք զուգադրուած են յատուկ գրուած ճազային մեղեդիների հետ: օրինակ` գարուն ա,   չինար ես, թամզարա. կան նաեւ Մուսա Լեռան մեղեդիների շարան Կոմիտասի Երեւանի-ն:

Նաեւ խտասալիկի մէջ ունինք երկու ստեղծագործութիւններ որոնք ժողովրդային երգեր չեն պարունակեր. ի վերջոյ կան երկու գործեր որոնք կը պարունակեն Պալքանեան ժողովրդական մեղեդիներ: Այս իւրայատուկ խառնուրդն է որ մեզ կը տարբերացնէ ուրիշներէ որոնք նաեւ  զբաղուած են ժողովրդական երաժշտութիւնը ներկայացնելով ճազային համակարգէ ներս:

Հ.-Ին՞չ է ձեր ակնկալութիւնը, «Մուսաներ»էն, թէ՛ հայկական եւ թէ օտար միջավայրէն ներս: Արդէն իսկ որոշ կարծիքներ ստեղծուա՞ծ են:

Պ.- Անցեալ երկու տարուայ ընթացքին մենք վայելեցինք շատ ջերմ ընդունելութիւն ե՛ւ հայկական շրջանակներէ ներս ե՛ւ ալ օտար երաժշտական շրջանակներու կողմէ:

Պոսթըն Ֆինիքս թերթը մի քանի տարբեր առիթներով անդրադարձաւ մեր խումբին,

եւ մենք տարբեր ճազային համերգասրահներու կողմէ հրաւիրուած էինք բազմաթիւ

համերգներ ներկայացնելու: Գումարած մեր ամերիկեան երաժշտական շրջանակներու հետ շփման, նաեւ ջերմ եւ բազմաթիւ կապեր ունեցած ենք տարբեր հայկական շրջանակներու հետ. բազմաթիւ անգամներ ելոյթ ունենալով գաղութի տարբեր շերտերի մէջ, մենք դարձանք հանրածանօթ : Մեր ակնկալութիւնն է որ խտասալիկը ընդունուի նոյնքան ջերմ կերպով ինչքան մեր համերգներն են ընդունուած: Յոյսով ենք Պոսթընէ հեռու գտնուող մեր ազգակիցներն եւս առիթ կ՛ունենան  լսելու այս երաժշտութիւնը խտասալիկի միջոցով:

Հ.-Կոմիտաս – Արա Սարգիսեան կապը եղած է իւրայատուկ: Դասական, արդի-դասական, ճազ, ժողովրդային երաժշտութիւն: Բոլոր մարզերէն ներս ալ Կոմիտասը ներկայութիւն է: Ին՞չ է ասոր բացատրութիւնը:

Պ.- Իմ կարծիքով ցանկացած մարդ որ կը փափաքի զբաղուել հայ ժողովրդական

երաժշտութիւնը մշակելու գործով պէտք է հասկնայ եւ մարսէ Կոմիտասի գործը:

Կոմիտասը կարողացաւ իրականացնել ամէնադժուար գործը – մշակել ժողովրդականը առանց զայն քայքայելու: շատերը այսօր կը վերձնեն ժող-մեղեդիներ եւ պարզապէս կ՛աւելցնեն նոր կշռոյթ կամ մեղեդիներ, ու արդիւնքը պարզ է – կէս եփուած ինչ-որ խառնուրդ որ ամենալաւ դէպքում կարելի է զայն կոչել միջին-մակարդակի գործ: Ես ի հարկէ չեմ հաւակնիր ըսելու թէ Կոմիտասի իրագործածի նման գործ ըրած եմ. ոչ,պարզապէս կ՛ուզեմ մատնանշել թէ ունեցել ենք նոյն ձգտումը – անել ամէն ինչ բծախնդիր մօտեցումով եւ ինչքան հնարաւոր` պահպանել ժողովրդական երգի արժէքները ժամանակակից մշակումների եզրէն ներս:

Նոյնը կարելի է ըսել արդի-դասական երաժշտական ոճի մէջ, մօտենալ

ինչքան հնարաւոր է մաքուր ժողովրդականին եւ մշակել զայն ամենայն զգուշութեամբ եւ խուսափիլ որեւէ գոծէ որ կարող է ոտնակոխ անել իսկականը շահ այսպէս կոչուած «ժամանակակից» գունաւորումներու: Այո, պէտք է զբաղուիլ նորութիւնով, բայց միշտ հասկնալով ժողովրդականի իսկական արժէքը եւ այդ մէկը կարելի է սորվիլ Կոմիտասէն:

Հ.-Դասական երաժշտութեան միջավայրէն մերթ ընդ մերթ դուրս գալով եւ ճազ-ժողովրդային միջավայրէն ներս ելոյթ ունենալով երեւոյթը  ի՞նչ տպաւորութիւն կը ձգէ երաժիշտի մը վրայ:

Պ.- Հետաքրքիր տաբերութիւններ կան – իբր կատարող պէտք է համակերպուիլ. ընդհանրապէս դասական ստեղծագործութիւնները ունին անձնական բնոյթ, կ՛արտացոլեն անհատի զգացումներ եւ աշխարհահայեացք. սա կը պարտադրէ կատարողին որոշ ձեւով վերապրեցնել այդ զգացումները: Միաժամանակ կան որոշ երաժշտական ոճի հարցեր որ պէտք է իմանալ:

ճազ-ժողովրդական երաժշտութեան մէջ եւս կան որոշ ոճի հարցեր. տարբերութիւնն այն է որ անձնական զգացումներու եւ աշխարհահայեացքի փոխարէն պէտք  է  մօտէն հասկնալեւ արտացոլել աւելի ընդհանուր զգացումներ, ճազի եւ ժողովրդական երաժշտութեան ոճի միջոցով: Նաեւ կան տարբերութիւններ կատարողական մարզի մէջ. յատուկ նշել պէտք է երաժիշտների միջեւ կայացող փոխ-խօսակցութիւնը մանաւանդ յօրինումի առումով, որ կարեւոր մաս կը կազմէ ե՛ւ ժողովրդական երաժշտութեան ե՛ւ ալ ճազի մէջ:

Պէտք է երկու այս լեզուներուն ալ մօտէն ծանօթ ըլլալ ստանալու համար յաջող արդիւնք:

Հ.-Յառաջիկայի ծրագիրներ, նոր խտասալիկներ, ելոյթներ…յաւելեալ տեղեկութիւններ կարելի՞ է փոխանցել:

Պ.- Ինչ կը վերաբերի «Մուսաներ» խումբին, կը ծրագրենք նոր գործեր ներկայացնել յառաջիկայ տարուայ ընթացքին: Հիմա որ խտասալիկը հրատարակուեց, կը ծրագրենք Պոսթընէն դուրս հրաւիրուիլ համերգների համար. յոյսով ենք այս տարուայ ընթացքին պիտի կարողանանք այս հետաքրքիր ծրագիրը ներկայացնել այլ քաղաքներու մէջ, յատկապէս Նիւ Եորք եւ Քալիֆորնիա: Անշուշտ մեծ երազ է այս ծրագրով հասնիլՀայաստան. ճիշդ է, մեծ ծախսերու հարցեր կան բայց յոյսով ենք պիտի կարողանանք իրականացնել այս ծրագիրները: «Մուսաներ»էն անկախ, կը ծրագրեմ նոր խումբով ներկայանալ այս տարուայ ընթացքին – աւելի փոքր խումբով, երեւի քառեակի տարբերակով:  Իսկ ճազ-ժողովրդական ոճէն անկախ, կը ծրագրեմ յառաջիկայ ամիսներու ընթացքին վերջացնել շարք մը դասական ստեղծագործութիւններ եւ յոյսով եմ խտասալիկով մը ներկայացնել այս գործերը հանրութեան:

“ՀԱՅՐԵՆԻՔ” ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՅ ԲԱՑԱՌԻԿ

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles