Կեանքը հաւատք է եւ առողջութիւն եւ առհասարակ առողջ են այն ազգերը, որոնք կ’ունենան կուսակցութիւններ եւ կուսակցական պայքարներ: Պայքար է նոյնինքն կուսակցութեան գոյութիւնը, եթէ անոր գոյութեան պատճառը իսկական հաւատքն է:
Կարելի է չհամաձայնիլ հաւատքներու հետ եւ սակայն բոլոր տեսակի հաւատքները պէտք է յարգել: Ափրիկեան բնիկներու ստեղծած Թոթեմը նոյն ուժն ու նոյն արժէքն ունի, ինչպէս երկինքը քրիստոնեայի մը համար: Թոթեմէն է որ վերջ ի վերջոյ ստեղծուած է երկինքը: Այդ ստեղծագործութիւնը գերագոյն ուժի փնտռտուքն է իմաստաւորելու համար կեանքը եւ մանաւանդ մահը:
Պահ մը ենթադրենք, որ կուսակցութիւններ գոյութիւն չունենային հայ ժողովուրդին մէջ. Այդ ժողովուրդը արդէն գոյութիւն չէր կրնար ունենալ եւ ոչ ալ ձգտում ազատութեան եւ անկախութեան: Ազատութեան այդ ձգտումը այդքան էական է, որքան օդը, ջուրը եւ արեւը ապրող բոլոր տեսակներուն համար:
Կուսակցութիւններու գոյութիւնը տեսակ մը կենսատարրերու պայքարն է քայքայող տարրերուն դէմ, եթէ այդ կենսատարրերը ենթարկուած չեն որոշ վարակումներու:
Երկար տարիներ եւ դարեր ստրկութեան տակ տառապող եւ շարժող ազգեր միշտ ալ ենթակայ են վարակումի եւ մենք կը տեսնենք այդ վարակումը, պարտուողականութիւնը, որ արդիւնք է օտարամուտ մտածողութեան, գաղութահայ այլասերումին եւ ստրկական հոգեբանութեան:
Վերջին վեց դարերու ընթացքին, թերեւս համրենք մի քանի լաւ երեւոյթներ մեր պատմութեան համար եւ սակայն է°ն կարեւոր երեւոյթը, որ ստեղծեց մեր ազգային նոր պատմութիւնը, Յեղափոխութիւնն է:
Եկող ու անցնող կուսակցութիւններու գոյութիւնները արդէն ցոյց տուին, որ Դաշնակցութեան գոյութիւնը կենսական էր եւ անհրաժեշտ՝ որպէս առողջ կենսատարր՝ պայքար տանելու թէ° արտաքին թշնամիին եւ թէ° ներքին վարակումներուն դէմ, եւ մանաւանդ տեւական դարձնելու իր գաղափարականութիւնը, որ կուգար հայ ժողովուրդէն:
Ներքին պայքար՝ հայ կղերականութեան դէմ, որ փակած էր ազգը եկեղեցիին մէջ միայն ու խաչին տակ առած էր հայ ժողովուրդի հոգին:
Պայքար բոլոր այն տարրերուն դէմ, որոնք խորթ ու օտար էին հայ ժողովուրդին եւ որոնք կը շեղէին իրենց նպատակէն: Ազատութեան եւ անկախութեան համար հիմնական պայքար, որ պիտի տանէր մեզ մինչեւ Հայաստանի Հանրապետութիւն:
50 տարի առաջ, այդ պայքարներուն համար էր “Հայրենիք” օրաթերթի գոյութիւնը: Ամբողջ 50 տարի տարած է գործ, տարած է պայքար, եւ իւրացուցած, պաշտպանած է այն բոլոր տարրերը, որոնք ազգի մը կարեւոր հիմքերը կը կազմեն:
Յեղափոխական նպատակներու, եւ ժողովուրդը յեղափոխականօրէն դաստիարակելու համար հիմնուած “Հայրենիք” թերթը հետզհետէ դարձաւ մշակութային կեդրոն` ուժեղացնելու համար հոգեկանը – անպարտելին: Ան դարձաւ մշակութային, որովհետեւ անտէր էր ե°ւ մշակութային ճակատը: Պոլշեւիկեան ոտնձգութիւններէն յետոյ նոյնիսկ անտէր դարձաւ մեր կրօնական` Էջմիածնի ճակատը, եւ մենք տեսանք թէ ինչպէս մեր պահպանողականութիւնը տէր չեղաւ իր դիրքերուն եւ մեր կղերականութիւնն իսկ լքեց ճակատը եւ խուսափումի դիմեց:
Եւ երեւակայել, որ վերջին 25 տարիներու պայքարներու ընթացքին, “Հայրենիք”ը տէր պիտի կանգնէր բոլոր ճակատներուն, նաեւ եկեղեցիին: Երեւան չեկաւ անկեղծ եկեղեցական մը, որ յանդուգն ըլլար իր խօսքը ըսելու: Քաջութիւնը ինքն իր մէջ նկարագիր էր արդէն:
Ամերիկահայութիւնը կարեւոր տարրն էր ազգային եւ կուսակցական աշխատանքներուն համար: Գաղութահայութիւնը եկած էր առաւելապէս գաւառներէն, իր յամառ մտածումներով եւ եղած է է°ն կենսունակ, զոհաբերող ու հայրենասէր տարրը:
Պայքարներ շատ եղած են, զոհողութիւններ նոյնքան շատ: Կուսակցութիւններու մամուլը միշտ ալ կատարած է իր կարեւոր դերը:
“Հայրենիք” թերթի կարեւոր դերը եղած է այն, որ գրեթէ չէ փոխուած անոր գաղափարախօսութիւնը` իր առաջին թիւէն մինչեւ վերջին թիւը: Չէ փոխուած, որովհետեւ ան կուգայ մեր պատմութենէն, մեր մեռելներէն եւ այդ բոլորին ժառանգորդ, մեր ապրող ժողովուրդէն:
Նոյն պայքարը կղերականութեան դէմ, որ տէր չեղաւ իր կոչումին ու ցոյց տուաւ երկչոտութիւն:
Նոյն պայքարը պահպանողական տարրին դէմ, որ լքեց իր դիրքերը եւ գիտակ չեղաւ տէր ըլլալու պահպանողական հոսանքի մը, որ նոյնքան անհրաժեշտ էր ազգի , մը համար:
Եւ վերջապէս պայքար ոեւէ ձեւի բռնակալութեան դէմ:
Վերջին 25 տարիներու ընթացքին, ան պայքար տարաւ եւ կը տանի պոլշեւիկեան բռնատիրութեան դէմ: Բռնատիրութիւն մը, որ խափանեց բոլոր տեսակի ազատութիւնները, որոնց համար մարդկութիւնը իր արեան տուրքը տուած էր:
Եթէ նայելու ըլլանք “Հայրենիք”ի 50 տարուան թիւերուն, մենք պիտի գտնենք անոնց մէջ նոյն առողջ տարրերը, նոյն պայքարը իր հիմնական սկզբունքներուն մէջ: Անոնց մէջ կան կուսակցութեան մը, ժողովուրդի մը մարտնչումները: Մասնաւորապէս վերջին 25 տարիներու ընթացքին “Հայրենիք”ը հզօր ճիգով մը կ’աշխատի պահել իր ցեղային առողջութիւնը եւ կը տանի իր պայքարը աւելի տենդային, որովհետեւ բոլորը, բոլորը լքեցին այդ ազգային ճակատը:
Հայ մամուլին մէջ միայն “Հայրենիք”ը կը շեփորէ, թէ մենք ազգայնական ենք եւ մեր գոյութիւնը այդ գիտակցութեան մէջ է: Այդ գիտակցութիւնն է որ այժմ կը խմորուի Հայաստանի մէջ, որովհետեւ այդ է հայ ժողովուրդի նկարագիրն ու անհատականութիւնը: Եւ ինչքա¯ն զոհեր տուինք այդ գիտակցութեան համար:
50 տարի առաջ հիմնուած “Հայրենիք” մը այսօր դարձած է մեծ հաստատութիւն մը` հայ ժողովուրդին մէջ կառուցանելու անառիկ բերդ մը, հայկական ոգին` իր մշակոյթով եւ անկախութեան ձգտումով: Մանաւանդ վերջին 25 տարիներու ուռճացումը Օրաթերթին, Ամսագրին, Շաբաթաթերթին եւ Արմինիըն Րիվիու-ին, ինքնին ցոյց կուտայ, որ այդ հաստատութիւնը ժողովուրդին համար է եւ Հայաստանի հետ: