Դեկտեմբեր 12-14-ին, «Առնօ Պապաճանեան»ի անուան ֆիլհարմոնիք համերգասրահէն ներս, կայացան «Առնօ» միջազգային երիտասարդական մրցոյթի երկու փուլերը:
Մրցոյթի նախագահներն էին Առնօ Պապաճանեանի որդին՝ Արան եւ վրացի ծանօթ արուեստագէտ Նանա Պրեկվաձէն:
Այսպէս Պապաճանեանի յիշատակի հիմնադրամը կը կատարէ «Էսթրատային» երգի երիտասարդ կատարողներու մրցոյթ,
որուն առաքելութիւնն է փնտռել ապագայ խոստացող տաղանդաւոր աստղեր:
Առաջին հանգրուանին մասնակցեցան հարիւր թեկնածուներ, որոնց լաւագոյն քսանը հասան աւարտական հանգրուանին: