ԱՐՄԷՆ ՌՈՒՍՏԱՄԵԱՆ ԱՒԱՐՏԵՑ ԻՐ ՀՆԳՕՐԵԱՅ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ՝ Ա.Մ.Ն. ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՇՐՋԱՆԷՆ ՆԵՐՍ

0 0
Read Time:8 Minute, 3 Second
Ռուստամեան՝ Փրովիտենսի Նահանգապետարանին մէջ
Ռուստամեան՝ Փրովիտենսի Նահանգապետարանին մէջ

 Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան հնգօրեայ այցելութիւն մը կատարեց Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանէն ներս:

Նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի նախագահ, ընկ. Ռուստամեանի այցելութիւնը սկսաւ Դեկտեմբեր 8-ին եւ աւարտեցաւ 13-ին: Հինգ օրերու ընթացքին, Ռուստամեան այցելեց Ուաշինկթըն, Ֆիլատելֆիա, Փրովիտենս, Պոսթըն, Նիւ Եորք եւ Նիւ Ճըրզի:

Ուաշինկթընի մէջ, ան տեսակցեցաւ բազմաթիւ քոնկրէսականներու եւ ներկայացուցիչներու հետ:

…եւ Ուաթըրթաունի Հայ Մշակութային Կեդրոնին մէջ խօսքի պահուն
…եւ Ուաթըրթաունի Հայ Մշակութային Կեդրոնին մէջ խօսքի պահուն

Ռուստամեան տեսակցեցաւ քոնկրէսականներու եւ ներկայացուցիչներու հետ, որոնց կարգին՝ Տայըն Ուաթսըն (Դեմոկրատական-Քալիֆորնիա), Կերի Աքըրմըն (Հանրապետական-Նիւ Եորք), Հաուըրտ Պըրմըն (Դեմոկրատական-Քալիֆորնիա, Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու պաշտօնակից), Ճիմ Քոսթա (Դեմոկրատական-Քալիֆորնիա), Իլիըթ Էնկըլ (Դեմոկրատական-Նիւ Եորք), Ֆրանք Փալոն (Դեմոկրատական-Նիւ Ճըրզի), Էտ Ռոյս (Հանրապետական-Քալիֆորնիա), Վինս Վան Հոլըն (Դեմոկրատական-Մարիլէնտ):

Նիւ Եորքի «Ա. Գարօ» Կոմիտէութեան հրաւէրով, ան ժամանած էր, փոխանցելու համար Հ.Յ.Դաշնակցութեան 119-ամեակի խօսքը: Սոյն ձեռնարկը, տեղի ունեցաւ Կիրակի Դեկտեմբեր 13-ին, Նիւ Եորքի «Հայ Կեդրոն»ին մէջ: Ռուստամեան նաեւ, դասախօսեց Ֆիլատելֆիոյ, Պոսթընի եւ Նիւ Ճըրզիի մէջ: Փրովիտենսի մէջ, ան այցելութիւններ ունեցաւ պետական պաշտօնեաներու եւ շրջանի «Քրիստափոր» կոմիտէութեան ընկերներուն հետ: Ռուստամեանի այցելութիւնը մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց եւ բոլոր հանդիպումներուն ալ բազմաթիւ հարցումներով, ներկաներ մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան կլոր սեղան-զրոյց  բնոյթ ունեցող դասախօսութիւններուն:

Ռուստամեան յայտնեց թէ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը չէ, որ դէմ է Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն, այլ կան ուրիշ քաղաքական ուժեր կամ քաղաքական գործիչներ, որոնք դէմ կþարտայայտուին, սակայն այս բոլորին մասին հանրութիւնը լայն, զանգուածային քննարկման միջոցով տեղեակ չի պահուիր: Այսպիսով, քննարկումը խորքին մէջ իրազեկման բնոյթ կը ստանայ, նաեւ հարցում ուղղելու կամ ժողովուրդին տեսակէտը գիտնալու կարելիութիւն չկայ, որ յայտնի դառնայ, թէ ժողովուրդին որ մասն է դէմ կամ ժողովուրդը այս մասին ընդհանրապէս ի°նչ կը մտածէ: Այսպէս, քննարկումները շատ ձեւական են եւ անոնք քննարկում են այնքանով, որ ամէն մէկը իր տեսակէտները փորձէ արտայայտել:

«Բովանդակութեան իմաստով, բնականաբար, մեր ամբողջ խնդիրն այն է, որ հասարակութիւնը ճիշդ տեղեկացուի մեր դէմ ըլլալու երեւոյթին մասին, գիտնայ, որ Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը ինչո°ւ դէմ է, եւ բազմաթիւ քաղաքական ուժեր եւ անձեր միացած են այդ գործընթացին, եւ մենք յոյս ունինք, որ ժամանակի ընթացքին մարդիկ աւելի տեղեակ կը դառնան, ու մեր շարքերը կþընդարձակուին: Միայն Հ.Յ. Դաշնակցութեան Ոչ-ով ասոր դէմ կենալ կարելի չէ, անհրաժեշտ է ձեւաւորել ազգային միասնականութեան ճակատ այս բոլորին առաջքը առնելու համար: Պէտք է հասկնալ, թէ հարցը ինչի° մէջ թաքնուած է, մանաւանդ որ յաճախ կը նենգափոխուի անիկա եւ կը ներկայացուի այնպէս, որ բոլոր անոնք, որոնք դէմ են այս արձանագրութիւններուն, ուրեմն դէմ են սահմաններու բացման, դէմ են ընդհանրապէս դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման» ըսաւ ան եւ զանազան հաստատումներ կատարելով, յայտնեց թէ գոյութիւն ունէին երեք հիմնական նախապայման, որ Թուրքիան մնայուն կերպով յառաջ կը քշէր. այսօրուան կացութիւնը կարելի է բացատրել այնպէս, որ երբ կþուզեն մէկը թունաւորել, թոյնի գաւաթին վրայ թոյն չեն գրեր:

Ան նշեց թէ Թուրքիոյ երազանքը եղող առաջին նախապայմանը Կարսի պայմանագրի վաւերացումն է, ճանաչումը Հայաստանի ետին կնքուած, պարտադրանքի տակ կնքուած ապօրինի Մոսկուա-Կարս պայմանագիրին. արձանագրութիւններուն մէջ Թուրքիա այս նպատակին կը հասնի այն կէտով, որ կþըսէ, թէ պէտք է երկկողմ պայմանագրով ճանչցուի ընդհանուր սահմանը: «Ասիկա աւելի վատ է, քան Կարսի պայմանագիրը, որովհետեւ վերջինէն դուրս մնացած է յատկապէս այն բաժինը, որ ամէնէն ձեռնտուն ու անհրաժեշտն է Թուրքիոյ, այսինքն՝ սահմաններու յստակեցման ու ճանաչման հարցը, հոն կայ Նախիջեւանի հարցը, որուն առնչութեամբ արձանագրուած է, որ անիկա մաս չի կազմեր պետութեան, այլ յանձնուած է Ատրպէյճանի հովանիին եւ այլն. մէկ խօսքով Կարսի պայմանագրին մէջ կան հարցեր, որոնք Թուրքիոյ համար տհաճ են, սակայն այս արձանագրութիւններով անոնք աւելի մեծ առաւելութիւն ձեռք կը ձգեն եւ փաստօրէն իրենց համար ամէնէն անհրաժեշտ հաստատումը կը ստանան: Առաջին անգամ ըլլալով անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը վաւերացնէ նման դրոյթ: Ուրեմն ասիկա ի՞նչ է, եթէ ոչ՝ Կարսի պայմանագիր, մանաւանդ որ անկէ բացի ոչ մէկ պայմանագիր նման սահմաններու մասին կը խօսի՝ ո°չ Ալեքսանդրապոլ, ո°չ Պաթում, ո°չ ալ Սեւր: Ուրեմն նախապայմանն ու անոր իրականացումը առկայ են» հաստատեց Ռուստամեան:

Հայոց Ցեղասպանութեան առնչութեամբ, դասախօսը նշեց թէ  Հայաստան ամէն տեղ, բոլոր ատեաններուն դիմաց կը հաստատէ, որ Ցեղասպանութեան հարցէն չի հրաժարիր, որ՝ Ցեղասպանութիւնը փաստ է իրեն համար, իսկ այս հանգրուանին Հայաստանի կը թուի, որ այս նախապայմանը չկայ, սակայն Թուրքիան այդ մէկը եւս նկատի ունի, հակառակ անոր որ ան կը փափաքէր, որ Հայաստան հրաժարէր այս կէտէն, թէեւ ես չեմ կրնար պատկերացնել, որ ոեւէ հայ կրնայ ունակութիւնը ունենալ կասկածի տակ դնելու Ցեղասպանութեան խնդիրը. Թուրքիա միշտ ալ կը պահանջէր միջազգային ճանաչման գործընթացը կասեցնել, որովհետեւ ասիկա հակաթուրք գործընթաց է, թշնամական վարուելակերպ է:

«Այս արձանագրութեամբ այս գործընթացը արդէն կասեցուած է, եւ պէտք չունինք սպասելու, որպէսզի տեսնենք, թէ միջազգային ճանաչման ուղին փակուած է, այլ արդէն իսկ այդ մէկը իրականութիւն է: Բոլոր այն տեղերը, ուր մենք լոպիինկ կþընէինք, արդէն առկայ դարձաւ այդ պատը, արգելքը. Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպաման Թուրքիայէն կատարած իր յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ ինք ունի իր տեսակէտը, սակայն ինք կը գերադասէ իբրեւ հիմք ունենալ երկու երկիրներուն տեսակէտը: Այսինքն բոլոր երկիրները այս մէկը լսելով՝ պիտի ըսեն, թէ նախընտրելի է, որ դուք ձեր տեսակէտն ու կեցուածքը ունենաք, եւ ոչ թէ մենք անկախ, ինքնուրոյն, մեր խորհրդարաններուն մէջ մեր կեցուածքը ճշդենք Ցեղասպանութիւնը դատապարտելու, որովհետեւ այդ պարագային կրնանք վտանգել ձեր հաշտեցման գործընթացը: Բնականաբար այս ձեւով միջազգային ճանաչման գործընթացը կը խափանուի եւ արդէն իսկ այդ գործընթացը կասեցուած է: Ասոր կողքին,  Թուրքիա որ օրին իբրեւ նախապայման ճշդած էր, կը շարունակէ իր ուրացման քաղաքականութիւնը, որ շատ աւելի մեծ թափ պիտի ստանայ, իսկ միւս կողմէ՝ ճանաչման գործընթացը կանգ պիտի առնէ: Իրականութեան մէջ ուրեմն Թուրքիա նորէն հասաւ իր նպատակին. շատ սխալ է այն տեսակէտը, որուն համաձայն, կազմուածը պատմութեան յանձնախումբ չէ. ես չեմ հասկնար, որ եթէ մարդիկ հաւաքուած են պատմութեան հարթութեան վրայ հարց քննարկելու, ուրեմն անոնք պատմաբաններ պիտի ըլլան, իսկ այս հարթութեան վրայ Թուրքիա միայն մէկ լուրջ խնդիր ունի, այդ ալ Ցեղասպանութեան հարցն է: Հոս երկու կարծիք չկայ, որ այս գործընթացը կասեցուած է, աւելի°ն, որեւէ նախադրեալ չկայ այն առնչութեամբ, որ Թուրքիոյ ստիպէ Ցեղասպանութիւնը ճանչնալ. գործընթացը յաջող կը նկատուէր, եթէ մենք վստահ ըլլայինք, որ մենք այնպիսի գործընթացի մէջ ենք, որ ի վերջոյ անիկա մեզ պիտի առաջնորդէ Թուրքիոյ կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման, բայց այդ առնչութեամբ ոչ մէկ տուեալ գոյութիւն ունի, այլ բոլորովին ուրիշ տրամաբանութիւն կը դրսեւորուի» աւելցուց Ռուստամեան որ շեշտեց թէ  Թուրքիա պիտի ձգտի եւ ամէն ինչ պիտի ընէ, որ վաւերացումը տեղի ունենայ այն ատեն, երբ իրենք երրորդ նախապայմանի — այսինքն Արցախի  վերաբերեալ լուծում ստանան:«Արցախի հարցով թուրքերը իրենց համար ձեռնտու զարգացում կþուզեն տեսնել ու ըսել, որ մենք սահմանը փակած էինք այն պատճառով, որ Հայաստան գրաւած է հարեւան երկիրներու տարածքները, եւ երբ հոնկէ իր զօրքերը դուրս բերէ, մենք այդ սահմանը կը բանանք: Ասիկա իսկապէս թիւ մէկ հարցն է, որուն առնչութեամբ շատեր քննարկումներու ընթացքին կը փորձեն հրապարակ նետել այն շահարկումը, թէ Թուրքիա ինք ալ կþուզէ ձերբազատիլ ղարաբաղեան հարցի բեռէն, որովհետեւ ատիկա իրենց համար ծանր բեռ էր, այդպիսով Եւրոպական Միութեան հետ ինք իր խնդիրները աւելի դիւրութեամբ կը լուծէ եւ այլն: Այս մօտեցումը շատ վտանգաւոր է, եւ այս մասին կրնայ արտայայտուիլ միայն այն անձը, որ չուզեր լսել Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ բազմիցս կատարուած այն յայտարարութիւնները, թէ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան մէկ ժողովուրդ են, սակայն՝ երկու պետութիւն:

«Պարզ է, որ Թուրքիան ունի իր ռազմավարական յստակ խնդիրները եւ ո°չ մէկ ճնշման տակ տեղի կու տայ: Ուստի այդ տրամաբանութեան վրայ առաջարկներ կառուցելը շատ վտանգաւոր է եւ արդէն իսկ առկայ է այն, որ երրորդ նախապայմանն ալ կþիրականացուի: Շատ պարզ է, եթէ գործընթացը խորքին մէջ Արցախի հարցին հետ կապուած չէ, սահմանը բանալն ալ, դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելն ալ բնական պահանջ են՝ ամբողջ աշխարհի մէջ ընդունուած, ինչո՞ւ այդ մէկը տեղի չունենար արձանագրութիւններու ստորագրութենէն ետք, ինչո՞ւ պիտի սպասենք վաւերացման. կայ նաեւ այլ լուծում, որուն համաձայն, այս մէկը թրքական կողմին կապուած է, որովհետեւ վաւերացումը ի վերջոյ հարց է եւ անիկա գործընթացով կþիրականացուի. ասիկա որո՞ւ աւելի ձեռնտու է՝ Հայաստանի՞ն, թէ՞ Թուրքիոյ. վստահ եմ՝ Թուրքիոյ, որովհետեւ այդ վաւերացումէն ետք միայն ժամանակացոյց կը միանայ, եթէ հետեւինք յաւելուածներուն, կը նկատենք, որ մինչեւ վաւերացում ո°չ մէկ ժամանակացոյց կայ. կայ ստորագրութիւն, յետոյ երբ կը վաւերացուի, այդ ամսուան առաջին օրը վաւերացումը կը սկսի գործադրուիլ՝ սահմաններու բացում եւ այլն: Այսինքն մինչ այդ որեւէ ժամանակային սահմանափակում գոյութիւն չունի, ուստի սխալ է մտածել, թէ ստորագրելէ ետք գործընթացը, ինքնաբերաբար կը մտնէ հունի մէջ, եւ Թուրքիան կը դրուի պարտաւորութիւններու դէմ յանդիման. ան շատ յստակ կերպով կրնայ անհրաժեշտութեան պարագային երկարաձգել հարցը, այնքան ատեն որ Ղարաբաղի խնդիրով իրեն ձեռնտու զարգացում չէ արձանագրուած: Այսինքն երրորդ նախապայմանն ալ, ըստ էութեան, գործադրութեան ընթացքի մէջ է, եւ այդ մասին բազմիցս յայտարարութիւններ կատարեցին իրենք՝ թուրքերը (վարչապետը, արտաքին գործոց նախարարը): Ասիկա պատահական չէ, իսկ ոչ ոք կը փորձէ սաստել զանոնք՝ ըսելով, որ գործընթաց մը սկսած էք, ինչո՞ւ նման յայտարարութիւններ կը կատարէք: Այս է ամբողջ հարցը, որմէ մեր ժողովուրդը լաւատեղեակ չէ, ան նաեւ իրազեկ չէ թաքուն, հմտօրէն թաքցուած այս նախապայմաններու գոյութեան փաստին, իսկ եթէ հարցը իր իսկական տարազով ձեւակերպուի, այդպէս ընկալուի Հայաստանի մէջ, վստահ եմ, որ լուրջ ալիք կը յառաջանայ ասոր դէմ դնելու համար: Պատահական չէ, որ այսօր իշխանութիւնները ամէն ինչ կþընեն, որպէսզի այդ ընկալումը չձեւաւորուի հայ ժողովուրդին մօտ» ըսաւ ան եւ յայտնեց թէ պարզ է, որ Սփիւռքը կեցուածքները կը բաժնէ եւ դէմ է այս արձանագրութիւններուն, որովհետեւ սփիւռքը եւս կը գիտակցի, թէ թուրքերէն լաւ բան կարելի չէ սպասել: Թուրքիան չէ փոխուած այնպիսի ձեւով, որ այսօր ան մեր կողքին լաւ դրացի ըլլալու վստահութիւն վայելէ. Ցեղասպանութեան խնդիրը կը մնայ նոյն վիճակին մէջ, եւ այնքան ատեն որ Թուրքիա Ցեղասպանութիւնը չէ ճանչցած, ուրեմն ան կրնայ կրկնել զայն՝ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, այս պարագային հայաստանցին առաւել եւս մտածելու եւ վճռելու կարիք ունի: Այս պատճառով ալ պէտք չէ տարածեն այն մօտեցումը, որ Հ.Յ. Դաշնակցութեան մտահոգութիւնները Սփիւռքի մտահոգութիւններն են միայն, եւ Դաշնակցութիւնը ներկայացնեն իբրեւ միայն Սփիւռքի այդ ուղղութիւնը կայ, սակայն նաեւ իրականութեան չի համապատասխաներ, որովհետեւ մտահոգութիւնը համահայկական տարողութիւն ունի:

Ռուստամեան հաստատեց թէ Հայաստանի զանգուածային լրատուամիջոցները բաց չեն: «Պէտք է գոյութիւն ունենան նաեւ քաղաքական լուրջ ուժեր, որոնք կþընդդիմանան այս բոլորին. մենք նաեւ այս գործընթացին մէջ ենք, որովհետեւ կþուզենք նման քաղաքական ուժերուն հետ միացեալ յայտարարութեան միջոցով մեր յստակ կեցուածքը փոխանցել այս հարցին առնչութեամբ եւ պահանջել, որ կասեցուի այս գործընթացը՝ այս ձեւով: Ասիկա քաղաքական ուժերուն հետ մեր տարած աշխատանքն է: Մենք նաեւ կը նախապատրաստուինք Ազգային ժողովին մէջ վաւերացման արգիլման՝ արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին միջոցով, որ մեր իսկ նախաձեռնութեամբ լսումներ պիտի կայացնէ»  եզրակացուց ան:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles