«Հայրենիք» եւ «Արմինիըն Ուքլի» թերթերը, լոյս պիտի ընծայեն Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած երկլեզու բացառիկ թիւ մը, որ պիտի ընդգրկէ ուսումնասիրութիւններ, տեղեկագրեր, վերլուծումներ, լուսանկարներ, հարցազրոյցներ եւ փաստագրական պատրաստութիւններ յօդուածագրուած մասնագէտներու, մտաւորականներու, հրապարակախօսներու եւ դասախօսներու կողմէ:
Այս բացառիկ թիւի էջերուն վարի մասը պիտի տրամադրուի յատուկ հովանաւորողներու: էջ մը հովանաւորելու սակն է.- $100.00: Նշենք թէ այս գումարէն աւելի վճարողներու ցանկը պիտի տեղադրուի կողքի ներսի էջի, մէկ յատուկ սիւնակին մէջ:
Յոյսով ենք որ պիտի ընդառաջէք մեր առաջարկին:
Յաջողութեան մաղթանքներով՝
»Հայրենիք«ի խմբագիր
Զաւէն Թորիկեան
Կարելի է կապ հաստատել.-
Ծովիկ Գոչանեանին.-
հեռ.- 617-926-3974 կամ ե-նամակ.- zovig@hairenik.com