0
0
Read Time:18 Second
ՅԱԿՈԲ ՆԱԼՊԱՆՏ ՏԼՏԼԵԱՆ
Մայիս,1999
Քեզի համար ժպիտը պէտք է թուէր անիմաստ եւ անհեթեթ, երբ սորվեցար բերանդ աւելի լայն բանալ եւ քրքջալ:
Ժպիտի եւ խնդուքի միջեւ ինկած, դժուարին եւ բարդ ուղին նուաճեցիր:
Հիմա խնդա՛, նոյնիսկ շատ, որ քեզի ընծայուի հարթել քրքջոցի, լացի եւ ցաւի միջեւ ինկած աստուածային ճանապարհը:
Կօշիկներուդ կապերը ամուր կապէ՛, զի խնդուքը պրկուածութեան ժամանակաւոր վիճակ մըն է: