Խմբագրական
Փետրուար 23, 2016
Պաշտօնական եւ վճռական է որոշումը: Արդարեւ, Փետրուար 27-էն սկսեալ զինադուլ պիտի յայտարարուի Սուրիոյ տարածաշրջանէն ներս:
Կարելի եղաւ այս որոշման յանգիլ, շնորհիւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերիի հետեւողական հանդիպումներուն:
Դէպքերուն եւ քաղաքական իրադարձութիւններուն հետ, քայլ պահողին համար հաւանական այսպիսի որոշում մը, յատկապէս վերջին շաբաթներուն կրնայ նպաստաւոր չնկատուիլ նախագահ Պաշար Ասատի եւ անոր կողքին կանգնող Ռուսաստանի համար: Քայլ մըն ալ անդին երթալով, կարելի է հարցադրել թէ ինչպէ՞ս կարելի է որ, այսպիսի որոշումի մը համար հետեւողական ձեւով աշխատանք տանի Ռուսաստանը:
Կարելի է եզրակացնել թէ, այսպիսի զինադադար պիտի ընդհատէ վերջին շաբաթներու Ռուսական օժանդակութեամբ կատարուող Սուրիական բանակի յառաջխաղացքն ու արձանագրած յաջողութիւններու շարքը:
Սակայն, հոս տեղին է ամենայն կարեւորութեամբ նշել թէ այս յայտարարուած զինադուլը կը վերաբերի կռուող ու մարտնչող այն ուժերուն, որոնք մաս չեն կազմեր ծայրայեղ կրօնական ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցանկին: Այսինք զինադադար պիտի կատարուի նախագահ Պաշար Ասատի հաւատարիմ Սուրիոյ բանակի եւ չափաւորական ընդդիմադրութեան ուժերուն միջեւ:
Այսպէս կը բացառուին ահաբեկչական խմբաւորումները, որոնց կարգին Տահէշ (Իսլամական Պետութեան ձգտող միաւորումը), «Ժապհաթ Նուսրա» («Ալ Քայիտա»ի Սուրիոյ կառոյցը):
Սուրիոյ անցուդարձերուն հետեւողին համար շատ յստակ է թէ չափաւորական ընդդիմադրութեան մը գոյութիւնը, դէպքերու ազդանշանին կար, այժմ այդչափ ալ…եւ աւելի՛ն բացակայութիւն մըն է ռազմաճակատներուն վրայ:
Պարզ ու մեկին, Փետրուար 27-էն ետք, երբ զինադուլը պիտի կիրարկուի եւ մեծ պետութիւններու հովանաւորութեամբ, կողմերը պիտի նստին համաձայնելու, պատերազմը պիտի շարունակուի ահաբեկչութեան եւ ահաբեկիչներուն դէմ:
Այսպէս, Տահէշէն, «Ժապհաթ Նուսրա»էն եւ Շամը ազատագրող, այլ բազմաթիւ բջիջներէն աւելի անոնց ետին կանգնող հիմնարկները, Սէուտական Արաբիայէն, Քաթարէն եւ Արաբական Էմիրութիւններէն մատակարարող շէյխերն ու երկիրները…յատկապէս յանձին՝ Թուրքիոյ, կը նկատուին այս յայտարարուած զինադադարին մեծ պարտեալները: Յատկապէս, այս վերջինը՝ Թուրիքան պիտի չկարենայ պատասխանել, զինադուլը յարգելու պարտադչանքի տակ ըլլալով:
Գրեթէ հինգ տարուայ պատմութիւն ունեցող այս պատերազմին առաջին օրերուն, Էրտողան (այդ օրերուն վարչապետ), յայտնած էր թէ քաի մը ամիսէն կարելի պիտի ըլլար ազադագրուած Դամասկոս այցելել: Հինգ տարի ետք, միակ փոփոխութիւնը որ կատարուած է…զուտ անձնական բնոյթ ունի: Վարչապետի փոխարէն նախագահի պաշտօնի վրայ է Էրտողանը, որ կը փորձէ ամենայն կեղծիքով օժանդակել ահաբեկչութեան: Իսկ, իր թիւ մէկ գործընկեր եւ շրջանէն ներս, իրեն ամբողջական իրաւասութիւն տուած Միացեալ Նահանգները, հետզհետէ քաջատեղեակ է կացութենէն եւ հետզհետէ Սուրիոյ բարդ թղթածրարը կը վստահի Մոսկուայի քան Անգարայի:
Մինչ այդ, Հալէպի, Տարաայի եւ գէթ Ռաքքայի վրայ յարձակումներն ու յառաջխաղացքը ինչպիսի՞ տարողութիւն պիտի ունենայ:
Այսպիսի զինադադար մըն է սպասուածը: …Ո՛չ ամուր, այլ ամուլ զինադուլ: