ՍԵՒԱՆ ԼԱԼԻՔՕՂԼՈՒ
Իսթանպուլ
Փետրուար 6, 2016
Ազգ մը կը մեռնի:
Լրագիրը առի ձեռքս,
Ետեւի էջը երեք կին, երկու մարդ
Վերջին շունչը տուեր են:
Աստուած լուսաւորէ՛ հոգինին:
Մահազդ, հոգեհանգստեան պաշտօն…
Ինչո՞ւ նշանախօսութեան, հարսանիքի,
Ծնունդի, կնունքի լուրեր չկան հին ատենուան պէս…
Մեր հայ բնակչութիւնը ամէն օր կը նուազի,
Մեր գոյութիւնը աշխարհի վրայ ամէն օր կը մաշի:
Ո՞ւր են նորածին մանուկներու պատկերները:
Աշխարհի բեմէն լեզու մը ե՞ւս պիտի պակսի:
Մենք այս երկրին բուրումնալից վարդերն էինք,
Քաղեցին մեզ վնասակար խոտերու պէս:
Հազարաւոր եկեղեցիներէն
Խունկի հոտ եկող եկեղեցիներուն թիւը
Եղաւ հինգ, տասը…
Գոյներն էինք օսմանական շրջանի.
Ատաղձագործ, երկաթագործ, կօշկակար, բժիշկ…
Հիմա սեւ-ճերմակ լրագրի մը մէջ
Վերջին անգամ խնդացող
Գունատ դէմքեր ենք: