ՅԱԿՈԲ ՆԱԼՊԱՆՏ ՏԼՏԼԵԱՆ
Հալէպ
Մայիս 10, 2011
Սեւամորթ կնոջ
Կաթնայորդ սեւ գերաճ
Կուրծքերուն նման
Անձրեւներով բեռցուած
Ուռճացած
Սեփ-սեւ ամպեր կ’արշաւեն
Մեր երազներու երկնակամարներուն վրայ
Փոթորիկներ կը պայթին
Ամպեր իրարու դէմ կը մռնչեն
Եւ պատերազմ
Եւ ջրհեղեղ
Մանկան փափուկ եւ սահուն
Այտերուն նման
Ո՞ւր են այդ հեզասահ
Ճերմակ խաղաղ ամպերը
Որոնցմէ ծորող բերկրանքին նման
Բարեբեր անձրեւներ կը մաղուին
Անուրջներու եւ իրականութեան
Սրտազարկերու վրայ
Մարզադաշտերու սահմանները ճշդող
Գիծերու նման
Սեւն ու ճերմակը «յաճախ իրարու խառնուած»
Կը ճշդեն կ’ուրուագծեն
Գոյութեան սահմանագիծերն
Որոնցմէ դուրս ոչնչութիւն է
Անգոյի վիճակ
Իսկ սահմանէն ներս
Տարբեր արագութիւններով օժտուած
Տարբեր ուղղութիւններով շարժող
Բնական կամ համաձուլուած
Երանգներու ճշմարիտ գոյամարտեր են
Որոնք միայն կը ձգտին
Կամ կը խուսափին
Եւ նուաճելէ եւ նուաճուելէ
Գոյներէն երկու
Սեւ ու ճերմակ
Ճերմակ ու սեւ
Գոյութեան իսկական գունապնակը
Մոխրագոյնը ծայրագոյնս կ’ատէ