ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՀԱՅ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

0 0
Read Time:3 Minute, 59 Second

 
Յ. Պալեան

Չկայ պատուի տիտղոս մը, որ հայ կեանքը աւելի դիւրութեամբ նետէր առաջին հանդիպողին ուսերուն, քան թէ մտաւորականի այս ցնցոտին: Հայ եկեղեցիին քահանաներն անգամ քառասունքը աւ-արտելէ յետոյ միայն իրաւունք ունին իրենց հնամենի փիլոնը կրե-լու: Մինչդեռ հասարակ նախակրթարան մը աւարտողն իսկ` քիչ մը չ’ամչնար անգամ, եթէ զինքը մտաւորական յորջորջեն:
Վազգէն Շուշանեան
Իմաստունը պիտի ըսէր, որ երկինքի տակ նորութիւն չկայ:
Յաճախ չենք գիտեր հաշուապահը զատորոշել տնտեսագէտէն, կառապանը՝ տիեզերագնացէն:
Կը պատահի՞, որ հայկական ընկերութիւն(ներ)ը դիտենք եւ գնահատենք ինչպէս որ են, յարաբերաբար ժամանակակից յառաջընթացի, եւ հարց տանք, թէ ինչու իրաւ մտաւորականութիւնը բացակայ է,- ոչ այն՝ որ բարձրախօսներէն կը բարբառի կացութիւններ արդարացնելու կամ «տիրոջ ձայնը» կրկնելու, կամ անոնք որոնք իրենց ջոջական ցանկութիւնը կը բեմադրեն ուրիշի գրած ճառով, լուսարձակ փնտռելով:
Իրաւ մտաւորականութիւնը լսող չունի, կամ զայն վարժեցուցած են լռութեան եւ յանկերգի՝ զինք զրկելով իր իրաւութենէն: Ուստի բնական կը դառնայ տեղքայլը, հեռանկարը կը խամրի, կը մնանք ցուցադրականի եւ դիրքապաշտականի թմբիրին մէջ:
Ինչպէս կ’ըսուի, «կաթը թափող» մտաւորականութիւն ունի՞նք:
Իրաւ մտաւորականութեան բացակայութեան հանգամանքի հետապնդումը եւ ամէն տեսակի չարաշահումները կը դառնան բնական: Այլեւս ոչ ոք հարց կու տայ, թէ ամլացածներ եւ ամլացնողներ ո՞ւր հաշիւ կու տան, ուր են հաշուառուները: Երբ երկու, չորս, ութը, տասը կամ քսան տարի ետք հաւն ու հաւիկը ոչ թէ ոսկի այլ սոսկ ձու մը չեն ածեր ձուածեղի մը համար, ինչ պէտք է ընել: Եթէ ձուածեղի համար հաւկիթ պէտք է կոտրել, ձու չածող հաւին ինչ պէտք է ընել:
Հաշուետութիւնը կը վերաբերի ե՛ւ Հայաստանի դատարկման ե՛ւ սփիւռքի բազմերես նահանջներու պատասխանատուներուն:
Իր կոչումը եւ դերը արդարացնելու եւ իմաստաւորելու համար, մտաւորականը իր ուշիմութիւնը եւ անոր ընկերացող հասկնալու կարողութիւնը ի սպաս պէտք է դնէ ընկերութեան յառաջդիմութեան գործին,- մշակութային, իմացական, բացատրական, նախատեսական,- որպէսզի զանգուածները դուրս գան Պղատոնի քարայրէն, լուսամուտին առջեւէն անցնողներու ստուերները իրական մարդոց հետ չշփոթեն: Ան ընկերային հարցերը տեսնելու, բանաձեւելու, պարզելու եւ հեռանկար ներկայացնելու դերը պէտք է ունենայ: Հայ յեղափոխութեան մեծ տեսաբանը եւ սերմանողը եղած է Րաֆֆին: Եթէ վերստին կարդայինք…
Իսկական դե՞րը մտաւորականին:
Նախ անհրաժեշտ է ընել ճշդում մը, զոր յաճախ կը մոռնանք կամ մոռցնեն: Մտաւորական չեն միայն անոնք որոնք բարձրագոյն ուսում ստացած են եւ սաւանի պէս վկայականներ ունին: Կարելի է անոնք ունենալ եւ ըլլալ պաշտօնատար, դիւանակալ, գործակատար: Ստալին եւ Իտի Ամին Տատան այդ տեսակ պաշտօնեաներ ունէին, յառաջացնելով մտածելու եւ արտայայտուելու սահմանափակում, ընկերութեան մէջ անկարելի դարձնելով երկխօսութիւնը եւ ողջմտութիւնը, տեսութիւններով կամ տիքթաթներով փոխարինելով կեանքի իրականութիւնը, անսխալականութեան առասպել հիւսելով:
Ժամանակակից ընկերութեան մէջ, «համալսարանաւարտ» ըլլալ սովորական է, սխալ է անով սահմանափակել մտաւորականը: Իրաւութեան չափանիշով եթէ դիտենք անոր դերը, պիտի ակնկալենք, որ ան դրական կերպով մտածէ եւ գործէ իր անձին եւ հաւաքականութեան համար, երկրորդը չծառայեցնէ առաջինին, ինչ որ կ’ընեն շատեր:
Մտաւորականը բնական կերպով համեստ է, Սոկրատի պէս, որ կը խոստովանի թէ ինք գիտէ թէ ոչինչ գիտէ, իր աւագ առաքինութիւնը իրատեսութիւնն է, ինչ որ նպաստ պէտք է ըլլայ իր եւ իր պատկանած հաւաքականութեան արարքին, համայնքէն մինչեւ համայն մարդկութիւն: Ան նաեւ քաջութիւն ունի իր շրջապատին ցոյց տալու բոլոր հակա-արժէքները (կեղծիք, չարաշահում, խաբէութիւն):
Իրաւ մտաւորականը ունի իր իւրայատուկ ճշմարիտ եւ տիեզերական արժէքներու զինանոցը. Ճշմարտութիւնը, արդարութիւնը, երկխօսութիւնը, լսելու առաքինութիւնը: Երկխօսութիւնը՝ որ տրամագծօրէն հակառակն է «վարդապետն ասաց»ի, (magister dixit), հակա-արժէք՝ որուն կը կառչին բոլոր անոնք որոնք կը սարսափին իրաւ մտաւորականութենէն: Սարսափողները՝ ջոջականութիւնը եւ անոր ստրուկ կեղծ եւ այլասերած կիսամտաւորականութիւնը, որոնք կ’ամլացնեն ընկերութիւնը եւ ծնունդ կու տան պայքարներու ու աւերներու:
Մտաւորականը, հակառակ ամէն կարգի արգելքներու կը հաւատայ ճշմարտութեան եւ արդարութեան յաղթանակին, կը տեսնէ միւսին մէջ մարդը եւ զայն կը յարգէ, նոյնիսկ երբ սուղ կը վճարէ իր այդ հաւատքին համար: Պէտք է աշակերտել պատմութեան դպրոցին: Այս ըմբռնումով է որ հաւաքականութեան եւ պետութեան մակարդակին, ժողովրդավարութիւնը իրապէս կրնայ կենսագործուիլ, եւ վարիչները կը հասկնան եւ կը գործեն այնպէս՝ որ իրենք հաւաքականութեան սոսկ ժամանակաւոր ներկայացուցիչնենր են եւ ոչ տէրերը կամ տիրակալները:
Իրաւ մտաւորականը ընկերութեան ներդաշնակ կեանքի եւ ներդաշնակ յարաբերութիւններու բոլոր ձեւերով վերիշխանական գրաւականն է: Կան ուսում ստացած կամ չստացած մտաւորական յորջորցուած կեղծաւորներ, բոլոր ընկերութիւններու մէջ, եւ եսասիրաբար կը շահագործեն իրենց հեռաւորը եւ մօտաւորը, օգտուելով անոնց անտեղեակութենէն, տգիտութենէն, միամտութենէն, մանր քաղքենիական փառասիրութենէն, զանոնք կը դարձնեն գործիք: Կարելի՞ է դիմակազերծ ընել այս կեղծ մտաւորականները: Փտածները կ’ատեն իրաւ եւ շինիչ երկխօսութիւնը եւ կը հետապնդեն անաշխատ հարստացումը՝ առանց խտրութիւն դնելու միջոցներու մէջ: Այս կացութիւնը ծնունդ կու տայ, մանաւանդ նորանկախ եւ զարգացման ընթացքի մէջ եղող երկիրներու պարագային, մենատիրութիւններու եւ արիւնալի բախումներու: Կը տեսնենք, եթէ հետեւինք լրատուամիջոցներու, եթէ մեղսակից չենք կամ աչքի կապանքներ չունինք: Ստրկացուած մտաւորականութիւնը եւ անոր տէրերը կը սարսափին ժողովրդական ցասումէն, որ ուշ կամ կանուխ ինքզինք կը պարտադրէ, եւ տեւելու համար արուեստի կը վերածեն սուտն ու կեղծիքը, անոնց յոռի հետեւանքներով:
Բայց կեղծիքը յաւիտենական կերպով կարելի չէ թաքցնել :
Այս խորհրդածութիւնները եթէ առաջնորդող ըլլան, զանգուածները վարժեցնեն լուսաբանութիւնը ընդունելու եւ ըստ այնմ գործելու, այն ատեն կ’ունենանք աւելի հաւասարակշռուած ընկերութիւններ, աւելի արդարութիւն, աեւլի յարգանք միւսին հանդէպ՝ որ անզիջելի իրաւունք է:
Այս հեռանկարով գործող յանձնառու հայ ղեկավարութեան կարիք ունինք այսօ՛ր, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), որպէսզի իսկական վերականգնում տեղի ունենայ:
Լեզուի պաշտպանութիւն, հայոց իրաւունքներու վերականգնում, Հայաստանի (ներառեալ Արցախի որ Հայաստան է) վերաբնակեցում, կը պայմանաւորուին այս իրաւ մտաւորականութեամբ եւ զայն ընկալելու պատրաստ ժողովուրդով:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles