0
0
Read Time:22 Second
ԾՈՎԻԿ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
Հոլանտա
«Աստուած մարդը ստեղծեց իր պատկերով»:
Աշխարհի վրայ՝ միլիոնաւոր մարդ, ոչ մէկը նման է միւսին:
Խոշորացոյցը ձեռքերնիս առած, աչքերնուս մէջը մխրճած կը փնտռենք մեզի նմանը կամ Աստուծոյ նման «մենք»ը, արդիւնքի չհասնելով:
Հայելիին նայեցայ. նմա՞ն եմ Աստուծոյ… ՄԵՂԱՅ:
Չորս կողմս նայեցայ՝ բոլորը աստուածնե՞ր են… ՄԵՂԱՅ:
Իսկ նորածինը՝ բարի, անմեղ, միամիտ, անշահախնդիր, մաս-մաքուր ու զուլալ:
Աստուած ստեղծեց, բայց մարդը չգոհանալով՝ փոխեց իր կաղապարը, փնտռելով Աստուծոյ դէմքը, կորսնցուցինք անմեղ մանուկը: