Գառնիկ Բանեանի «Յուշեր Մանկութեան Եւ Որբութեան» Գիրքը

0 0
Read Time:15 Minute, 18 Second
Գառնիկ Բանեան իր վերջին տարիներուն
Գառնիկ Բանեան իր վերջին տարիներուն

Ինծի համար մեծ պատիւ է գրել Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքով ստեղծուած հայ որբաշխարհի որբերէն Գառնիկ Բանեանի «ՅՈՒՇԵՐ ՄԱՆԿՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՈՐԲՈՒԹԵԱՆ» գրքին մասին:
Ես ճեմարանական չեմ եղած եւ հետեւաբար Գառնիկ Բանեանին չեմ աշակերտած: Սակայն ճանչցած եմ զինք Լիբանանի Ազգային իշխանութենէն ներս եւ Համազգայինի մեծ ընտանիքէն ներս իր վարած պաշտօններուն բերումով: Իրմէ շատ բան սորված եմ 1976-80 տարիներուն, երբ գործեցինք միասնաբար Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան մէջ: Ճանչցայ տիպար հայ մարդը, մտաւորականը, համբերատար ժողովականը եւ ազնիւ հոգիով «պապա» մարդը: Մտերմացանք, ծրագրեցինք, կազմակերպեցինք եւ գործադրեցինք: Ինծի համար նորութիւն մը եղաւ իր Անթուրայի որբերէն մէկը ըլլալը, երբ կարդացի իր «Մանկութեան եւ որբութեան յուշերը» :
Բոլորս շատ լաւ գիտենք, որ Օսմանեան պետութեան կողմէ ծրագրուած, կազմակերպուած եւ գործադրուած Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին հայ մանուկները ենթարկուեցան զանազան տեսակի ողբերգութիւններու եւ հրէշային բռնարարքներու: Թուրք գազանաբարոյ եւ ազգայնամոլ պետականութիւնն ու ժողովուրդը առանց խղճահարութեան, խողխողելէ ետք 1,5 միլիոն անօգնական եւ անմեղ հայեր, արիւնոտ ձեռքով ստեղծեցին մարդկային անզուգական եւ սրտաճմլիկ ողբերգութիւնը՝ հայ որբաշխարհը, իր սրտամորմոք տեսարաններով եւ երեւոյթներով: Հայ որբերը կորսնցնելէ ետք իրենց ծնողները եւ հարազատները՝ մաքառեցան մահուան դիմաց: Անոնց ճակատագիրը եղաւ դաժան եւ անողոք: Անոնք կրեցին տարագրութեան բոլոր դառնութիւնները: Անոնք տեսան տաժանակիր տառապանք, զրկանք եւ մահ: Անոնք եղան հայ պատմութեան ամենէն դժբախտ սերունդը: Անշնչացած հայ մանուկներու մարմիններուն յաջորդեց որբացած հայ մանուկներու խեղուած եւ ստրկացած հոգիները:
Հայոց ցեղասպանութեան առաջին շրջանին՝ 1915-1918, թուրքերը կազմակերպեցին հայ որբերու հաւաքը եւ իսլամացումը, որ տեղի ունեցաւ պետական եւ ժողովրդային մակարդակով: Հաւաքուած հայ մանուկներուն մեծամասնութիւնը տեղաւորուեցաւ արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող թրքական որբանոցներու եւ նոր հաստատուած որբանոցներու մէջ: Այս թրքական որբանոցներէն մէկն էր Լիբանանի Անթուրա գիւղաքաղաքի տխրահռչակ
Անթուրայ որբանոցը:
Այդ գիւղաքաղը կը գտնուի Պէյրութէն մօտաւորապէս 15 քիլոմերթր հեռաւորութեան վրայ: 1656-ին ժեզուիթ վարդապետները հոն կը հաստատեն Անթուրա գոլեժը: 1834-ին լազարիսթ վարդապետները կը ստանցնեն գոլեժը: 1915-ին Ճեմալ փաշան կը գրաւէ գոլեժը եւ կը վերածէ զայն որբանոցի:
Ճեմալ փաշան Պոլիսէն կը հրաւիրէ փանթուրքիսթ կին գրող եւ ֆեմինիսթ Հալիտէ էտիպի Հանըմը, որպէսզի ղեկավարէ որբանոցը եւ իրականացնէ հայ որբերու իսլամացումը: Հալիտէ Հանըմ կը դառնայ հայ որբերը թրքացնող ռահվիրայ անձնաւորութիւնը: Իր հետ կը գործէ մօտ 40 անձերէ կազմուած թրքացնող խմբակ մը: 1916-1918 մօտաւորապէս 1000 հայ եւ 200 քիւրտ 3-15 տարեկան որբեր կը պահուին այս որբանոցին մէջ:
Անթուրայի որբանոցի որբերէն եղած է Գառնիկ Բանեան:

Անթուրա գիւղաքաղաքը
Անթուրա գիւղաքաղաքը

Ան ծնած է Կիւրիւն 1910-ին: Իր մանկութեան, որբութեան եւ Անթուրայի որբանոցի յուշերը ան թուղթին յանձնած է իր հասուն տարիքին: Այս բոլորը մեր սեփականութիւնը դարձած են «Յուշեր մանկութեան եւ որբութեան» հատորով:
Գառնիկ Բանեանի սոյն գիրքը լոյս տեսած է 1992-ին՝ Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարանէն, Պէյրութ, մեկենասութեամբ Սալխանեան եղբայրներու: Գիրքը կազմուած է ութը գլուխներէ, որոնք կը ներկայացնեն հեղինակին մինչեւ 5 տարեկան մանկութիւնը եւ 5-9 տարեկան տառապալից որբութիւնը:
«Յուշեր մանկութեան եւ որբութեան» հատորը իր ամբողջութեանը մէջ յուշագրութիւն մըն է: Տասնեակ մը տարիներու լռութենէ ետք, վերապրած Գառնիկ Բանեան գրած է իր մանկութեան լաւ, ուրախ, զուարճալի օրերուն եւ որբութեան դժոխային ու տառապալից տարիներուն մասին:
Գառնիկ Բանեանի յուշերը դիւրահասկնալի են եւ մեր յիշողութեան պաստառէն բնաւ չեն ջնջուիր:
«Հայրենի տունս» գլխուն տակ Գառնիկ Բանեան մանրամասնութեամբ կը խօսի ուրախ եւ անմեղ մանկութեան մը, աղուոր ընտանեկան մթնոլորտի եւ անսահման ծնողական գուրգուրանքի, մօր սիրոյ եւ խանդաղատանքի, մօր եւ մեծ մօր պատրաստած համեղ ճաշերու եւ թոնիրի լաւաշ հացի, ծննդավայրի եւ հայրենի տան անուշութեան, հայաշունչ դպրոցական կեանքի, տօնական օրերու արարողութիւններու, հաճելի ընտանեկան պտոյտներու, հաւաքոյթներու ինչպէս նաեւ հերիսայի պատրաստութեան եւ կեր ու խումի մասին: Ան կը նկարագրէ հայրենի բնաշխարհի գեղեցկութիւնը,՝ թռչուններու ճռուողումը, ակի ջուրին կարկաչումը, ինչպէս նաեւ վարդենիներու, շուշաններու եւ ռեհանի թուփերու գեղեցկութիւնն ու բուրումնաւէտ հոտերը:
Գառնիկ Բանեան պարզութեամբ եւ անուշութեամբ կը նկարագրէ իր մայրն ու հայրը, իր մեծ հայրը եւ հայրենական տունը ու կ՚ըսէ՝
«Մայրս համակ ժպիտ ու սէր էր: Իր դէմքին վրայ, իր աչքերուն, իր շրթունքին վրայ կարծէք արեւ կար: Մայրս լուսնի կտոր էր եւ անսահման բարութիւն: Գրել կարդալ հազիւ գիտէր, սակայն եկեղեցական երգերը եւ շարականները գոց գիտէր:
«Հայրս իր հօր մէկ կտորն էր: Ան կօշկակար էր, կը կարէր ընտիր եւ սուղ կօշիկներ, կը կարէր նաեւ եմէնիներ թուրքերուն համար: Ան կուշտ մարդ էր, եւ իր գործերը լաւ կ՚երթային: Ան աշխատասէր էր, առտուները կանուխ կ՚երթար շուկայ, եւ իրիկունները մութին հետ տուն կը մտնէր:
«Մեծ հայրս արդար, խոնարհ, մարդասէր, ճառախօս, եկեղեցասէր, աստուածավախ, բարերար եւ եկեղեցի շինող մարդ էր: Քանի քանի անգամներ մերժած էր մզկիթ շինել: Ան հայ եկեղեցւոյ մոլեռանդ հաւատացող էր:
«Մեր հայրենի տան մէջ կը տիրէր առատութիւն, խաղաղ կեանք համերաշխութիւն, յարգանք, հոն ատելութիւն եւ նախատինք չկար: Մեր տունը աղօթքի տաճար էր, երջանկութեան աղբիւր, հոն կը տիրէր նահապետական եւ պապենական հայկական կեանք: Հոն կը պատրաստուէր թոնիրի լաւաշ հացը եւ թել պանիրը»:

Անթուրայի որբերը եւ ուսուցչական կազմը
Անթուրայի որբերը եւ ուսուցչական կազմը

Գառնիկ Բանեանի որբութեան յուշերը դառնաղէտ օրերու վերյիշումներ են: Անոնք ցաւ ու տառապանք արտացոլող գրութիւններ են, որոնք կը ներկայացնեն հայ անմեղ որբերուն տառապանքը եւ ոճրագործ թուրքին ահաւորութիւնը: Անոնք ոչ միայն ականատեսի մը, այլ նաեւ հայ որբերուն խղճահարելի կեանքը ապրած որբի մը վկայութիւններն են: Անոնք կը ցոլացնեն հայ որբերու ամենօրեայ սրտաճմլիկ ապրումները եւ կը բացայայտեն մանկութիւն չունեցող հայ որբերու մանկական եւ պատանեկան հոգեխառնութիւնն ու հոգեբանութիւնը: Անոնք արցունքոտ աչքերով կարդացուելիք հայ որբերու տառապանքին վաւերական փաստաթուղթերն են:
Մանուկ Գառնիկի խաչելութեան գողգոթան կը մեկնի Կիւրիւնէն, կ՚անցնի Մարաշէն, Քիլիսէն, Հալէպէն, Համայէն, Հոմսէն եւ իր գագաթնակէտին կը հասնի Անթուրայի մէջ:
1915-ի սկիզբը կը սկսի հինգ տարեկան մանուկ Գառնիկի տառապալից կեանքը: Տեղի կ՚ունենայ Օսմանեան պետութեան կողմէ ընդհանուր զօրակոչը: Հետեւաբար Գառնիկին հայրը իր խանութը կը յանձնէ իր թուրք գործաւորին եւ ապրանքները կը ծախէ դրացի թուրք խանութպաններուն: Ան կը հնազանդի պետական զօրակոչին: «Հայրս գնաց, այդ երթալն էր եւ անգամ մըն ալ չտեսանք»,– կ՚ըսէ Գառնիկ Բանեան:
Կիւրիւնի հայկական թաղերուն մէջ թուրք մունետիկները շրջելով կը յայտարարեն՝ «Երեք օրէն հայերու փոխադրութիւնը տեղի պիտի ունենայ աւելի ապահով վայր, վստահեցէք, դուռերնիդ բաց ձգեցէք եւ գացէք, 2-3 ամիսէն երբ վերադառնաք ամէն բան իր տեղը պիտի գտնէք, պետութիւնը խիստ կերպով կը հսկէ ինչպէս ձեր կեանքին, այնպէս ալ ձեր տան եւ ինչքերուն վրայ»:
Թուրք պատասխանատուներ կ՚առաջարկեն Գառնիկին մեծ հօր, որ ինք եւ ընտանիքը մնան Կիւրիւն եւ մաս չկազմեն կարաւանին. սակայն ան կը մերժէ ըսելով՝ «Կ՚ուզեն, որ հոս մնամ իմ ամբողջ գերդաստանով, որ իրենց համար կառավարական շէնք շինեմ, թուրք մեծ աղաներուն ղոնախներ շինեմ, ետքն ալ ճամի եւ թեքքէ շինեմ, միւս օրն ալ աստուածս ուրանամ եւ տաճիկ ըլլամ: Գիտեմ այս բոլորը: Աւելի լաւ է գաղթականութեան ճամբուն վրայ մեռնիմ, իմ ժողովուրդիս հետ մեռնիմ քան թէ թրքանամ»:
Գառնիկի մայրը եւ մեծ մայրը շուտով կը պատրաստեն սննդամթերքի բաւարար պահեստ մը, մի քանի հագուստներ, վերմակ եւ ծածկոց: Վերջին ընթրիքի պահուն Գառնիկի մայրը կ՚ըսէ՝ «լաւ կերէք որովհետեւ երկար պիտի գալենք»:
Մանուկ Գառնիկ իր մօր, մեծ մօր եւ հօր, եղբօր եւ քրոջ հետ տան դուռը բաց ձգելով դուրս կ՚ելլեն եւ կը միանան Կիւրիւնի հայութեան կարաւանին, որ կը քալէ փոշոտ եւ քարքարուտ ճամբաներէ ու արեւի կիզիչ ճառագայթներուն տակ: Կարաւանը կը քալէ օրական 8-10 ժամ, մէկ ժամ դադարով, կը քալէ հանդարտ եւ մռայլ՝ երեք ժանտարմաներու հսկողութեամբ: Ծարաւն ու անօթութիւնը կը դառնան համատարած: Առաջին անգամ ըլլալով Գառնիկին մայրը հացերը կտորներու կը վերածէ ու ամէն մէկուն կտոր մը կու տայ. Գառնիկ խաչ կը հանէ եւ պատառ-պատառ կ՚ուտէ ցամաք հացը: Յոգնած մամիկներ եւ երեխաներ կը ճչան, մամիկ մը կը բացագանչէ՝ «Դուք գացէք, զիս հոս ձգեցէք, ալ ուժ չմնաց» ու կ՚ինայ գետին:
Ֆիզիքական տկարութեան կողքին հոգեկան անկումի նշաններ կը տեսնուին բոլորին մօտ: «Կը քալէինք գլխահակ ոչխարներու հօտի մը հնազանդութեամբ, գլուխնիս կախ, շփոթած. մեռած էր երեխաներուն մանկութիւնը, հոգեվարքի մէջ էր անոնց տղայութիւնը» ,– կ՚ըսէ Բանեան:

թրքացուած հայ որբեր
թրքացուած հայ որբեր

Կարաւանը, անցնելով Ալպուստանէն, Մարաշէն, Այնթապէն Քիլիսէն, կը հասնի Ռագգայի կայարանը: Հոն ժանտարմաներու հրահանգով բոլոր գաղթականները կը բարձրանան շոգեկառք, որ շուտով կ՚ուղղուի դէպի Համա քաղաքը: Մանուկ Գառնիկ կը տեսնէ անապատի իրականութիւնը ու կ՚ըսէ՝ «Կայարանի քովերէն սկսած մինչեւ հեռուները անապատ էր եւ այդ անապատի ամբողջ երկայնքին, մինչեւ հորիզոնը մարդկային բազմութիւն, իրարու վրայ թափուած մարդկային խլեակներ, մեզմէ առաջ եկած գաղթականներ: Հողի ու աւազի վրայ, առանց ծառի շուքին, բաց օդի տակ, արեւու ճառագայթներուն տակ կուտակուած կիներու եւ մանուկներու անծայրածիր ծով մը: Անապատը հո՛ս էր. ոչ մէկ շինութիւն, ոչ մէկ վրան, լաթի կտորներով եւ սաւաններով շինուած արդիական տուներ առանց երդիկի»:
Կարաւանը երկար թափառելէ ետք, կը տեղաւորուի անծայրածիր գաղթակայանին մէջ, որ լեցուն էր Կիլիկիոյ զանազան շրջաններէն եկած հազարաւոր հայ գաղթականներով: Հեղինակը կը նկարագրէ գաղթակայանի իրավիճակը այսպէս՝ «Հոն կը տիրէր հացի, ջուրի, դեղի եւ բժիշկի պակասը. գաղթակայանը վերածուած էր համաճարակ հիւանդութիւններու ոստայնի մը: Անհամար մանուկներ եւ հիւանդներ կը մահանային ամէն օր եւ մեռելակիր սայլը կ՚երթար-կու գար շարունակ. բոլորը կը թաղուէին եւ կուտակուած բլուրի մը տեսք կ՚ունենային: Գարշահոտութիւնը ամբողջ գաղթակայանին մէջ կը բուրէր»:
Գառնիկ կը կորսնցնէ իր մայրը, քոյրը՝ Զառուկը եւ եղբայրը՝ Աւօն այս գաղթակայանին մէջ: Անոնք կը մահանան յոգնութեան, անօթութեան, ծարաւի եւ հիւանդութեան պատճառով: Փոքրիկն Գառնիկ ինքզինք կը գտնէ Համայի Հայ բողոքական որբանոցին մէջ: «Կարպիս էմմին ձեռքէս բռնած՝ չեմ գիտեր ուր կը տանէր զիս: Մեծ մայրս վիզս ինկած լալով համբուրեց զիս, մեծ հայրս ալ երկար-երկար գլուխս շոյեց, երեսս համբուրեց ու սկսանք երթալ: Մինչեւ գաղթակայանէն դուրս գալս շարունակ ետեւ կը նայէի, մեծ մայրս, մեծ հայրս կը փնտռէի: Ու հասանք որբանոց, որ կը պատկանէր հայ բողոքական պատուելիի մը, որ շատ բարեսիրտ եւ հոգատար էր, որբերուն ընկերն ու հայրիկն էր: Ան ամէն գիշեր բարոյական խօսքերով եւ աղօթքներով կը սփոփէր որբերը: Ան որբանոցին մատակարարն էր եւ անձամբ կ՚ապահովէր որբանոցի կերակուրի պաշարը շրջանի քրիստոնեայ գիւղերէն»:
Փոքրիկն Գառնիկ կը վայելէ որբանոցին հաճելի, հանգստաւէտ եւ հայկականութիւն ու քրիստոնէութիւն բուրող կեանքը եւ հոն աշխատող հայ մայրիկներուն որբախնամ հոգածութիւնն ու սէրը: Երկար չի տեւեր Գառնիկին որբանոցի խաղաղ եւ հանգստաւէտ կեանքը: Օր մը պատուելին կը հաւաքէ բոլոր որբերը եւ արցունքոտ աչքերով, շրթունքները դողալով եւ մելամաղձոտ նայուածքով կ՚ըսէ՝ «իմ որբ տղաքս, այսօր մեր վերջին ընթրիքը ըրինք այս յարկին տակ, վաղը առտու կանուխ շոգեկառքով պիտի մեկնիք Լիբանան կոչուած երկիրը: ճեմալ փաշայի հրահանգով դուք պիտի դառնաք իր Անթուրայի որբանոցին որբերը: Ճեմալ փաշայի ներկայացուցիչները ինծի հաւաստիացուցին, որ ճեմալ փաշան ձեզ պիտի կրթէ, պարկեշտ մարդիկ պիտի պատրաստէ հայրենիքին համար: Մինչեւ հիմա զաւակներս էիք, հայ էք եւ հայ ալ պիտի մնայիք: Աշխատեցէք ձեր հայութիւնը պահել ինչ վիճակ ալ ստեղծուելու ըլլայ. հայերէն լեզուն եթէ արգիլեն՝ աղօթեցէք հայերէն լեզուով: Ամուր պահեցէք ձեր հաւատքը: Ձեր հաւատքն ու կամքը միացուցէք իրարու, չըլլայ որ տկարանաք եւ ձեր ազգութիւնն ու կրօնքը կորսնցնէք»:

Այնթուրայի պանդոկը...
Այնթուրայի պանդոկը…

Ահա հոս կը սկսի հինգ տարեկան Գառնիկի որբութեան տաժանակիր ոդիսականը: Փոքրիկն Գառնիկ հարիւրաւոր որբերու հետ շոգեկառքով կ՚ուղղուին դէպի Պէյրութ՝ անցնելով Հոմսէն եւ Պաալպէքէն: Անոնք կը հասնին Լեռնալիբանանի Անթուրա գիւղաքաղաքը ուշ գիշերով եւ մուտք կը գործեն Ճեմալ փաշայի որբանոցը, ուր որբ Գառնիկ կը մնայ երեք տարի: Այս երեք տարիները կ՚ըլլան անոր որբութեան ամենէն վատ, սրտաճմլիկ, դժոխային եւ սարսափազդու տարիները: Առաջին օրէն կը սկսի բոլոր հայ որբերուն եւ Գառնիկի որբութեան ողբերգութիւնը թրքատիպ մթնոլորտի մէջ: Անոնք կը վայելեն կեանքի դառնութիւնը, կը մատնուին անօթութեան-սովի եւ ծարաւի, կ՚ենթարկուին թրքացումի եւ իսլամացումի, որոնք կը կատարուին ծրագրուած եւ պարտադիր դասընթացքներով: Անոնց հայկական անունները կը փոխանակուին թրքական եւ իսլամական անուններով: Գառնիկ կ՚ը կոչուի թրքական անունով՝ Մահմուտ եւ կ՚ունենայ թիւ մը՝ 551: Որբերը ստիպողաբար կը սորվին թրքերէն լեզուն: Հայերէն խօսիլը կ՚արգիլուի: Հայերէն խօսող, աղօթող եւ կամ երգող որբերը կ՚ենթարկուին զանազան եւ անխնայ պատիժներու ու չարչարանքներու, որոնցմէ յատկանշական կ՚ըլլայ «ֆալախա»-ն, այսինքն՝ ոտքերու ներբաններու գանակոծում երկաթեայ ձողով: Անոնց կը փոխանցուին իսլամ կրօնքի սկզբունքները: Տղայ որբերը կը թլփատուին: Հիւանդ որբերը կը մնան անխնամ: Շատ մը որբեր ծեծի տակ կը մահանան, որովհետեւ անոնք հայերէն կը խօսէին: Մօտաւորապէս 300 հայ որբեր կը մահանան 2 տարուան ընթացքին Անթուրայի որբանոցին մէջ սովի, ծեծի եւ վարակիչ հիւանդութիւններու հետեւանքով: Անոնք կը թաղուին որբանոցի շրջափակին մէջ անշուք տեղ մը:
Գառնիկ Բանեանի Անթուրա որբանոցի կեանքին կապուած հետեւեալ մի քանի յուշերը մեզ կը մղեն ճանչնալու Ճեմալ փաշայի որբանոցին ահաւորութիւնը եւ իրողական վիճակը:
«Կարգը ինծի եկաւ. երբ անունս հարցուց, մեքենաբար պատասխանեցի՝ Գառնիկ: Ահռելի ապտակ մը եւ ես լաց ու ճիչով գետին կը գալարուէի: Ապտակով չգոհանալով՝ սկսաւ կօշիկին քիթով կողերս հարուածել: Մարեր էի ու երբ աչքս բացի ինքզինքս գտայ անկողնի մէջ: Երկու օր վերջ իմացայ որ գտնուած տեղս հիւանդանոց էր, բայց ի՜նչ հիւանդանոց»:
«Հայերէն բառ մը ըսելուս պատճառով պատիժս կրեցի: Նոյն իրիկունը պառկեցայ ֆալախայի հարուածներուն տակ: Առաջին հարուածին իսկ բերնէս մամա՜ մամա՜ դուրս թռաւ եւ անկէ ետք չեմ յիշեր քանի հարուած իջաւ ոտքերուս: Երբ աչքս բացի հասկցայ որ հիւանդանոցի մէջ էի:
«Դասարանի դրան ետեւ կար խուրձ մը հաստ ու բարակ գաւազաններ, ֆալախայի գործիքը պատէն կախուած եւ պատուհանի երկաթէ ձողին վերի ծայրէն կախուած էր հաստ պարան մը, պատժուող աշակերտը ոտքերէն կախելու համար:
«Օր մըն ալ դասարանի տղաներէն մէկը ուսուցչուհիին հայհոյեց, անոր գաւազանի հարուածներուն դէմ բողոքելով, ուսուցչուհին մոլեգնած կանչեց բակին մէջ շրջագայող զինուորը եւ հրամայեց որ տղան կախուի դասարանին մէջ. տղան ընդդիմացաւ, պոռաց, կանչեց, բայց օգուտ չըրաւ, ոտքերէն կապեցին եւ կախեցին:

Անթուրայի գոլէճը- որբանոցը
Անթուրայի գոլէճը- որբանոցը

«Ամէն իրիկուն ժամացոյցի հրապարակին կեդրոնը հազարի մօտ որբերու ներկայութեան թրքական դրօշակը իր բարձր կայմէն վար առնելու արարողութիւնը կը կատարուէր եւ որբերը բարեւի կեցած կը պոռային՝ եաշա ճեմալ փաշա: Ապա դոյլերով ջուր եւ խուրձերով գաւազաններ ու ֆալախայի գործիքներ կը բերուէին: Տնօրէն ֆէվզի պէյ ձեռքին մէջ թերթ մը թուղթ բռնած, կը կարդար անունները այն տղոց, որոնք ծանր յանցանքներ գործած ըլլալով ֆալախայի արժանի համարուած էին::Երկու զինուորներ դատապարտեալը գետին կը պառկեցնէին, ոտքերը կը դնէին ֆալախայի գործիքին մէջ, գործիքին երկու ծայրերէն բռնած կը բարձրացնէին: ֆէվզի պէյ հարուածները կը տեղացնէր աներեւակայելի անգթութեամբ: Դատապարտեալը կը գալարուէր, կը ճչար, մամա՜, մամա՜ կը պոռար ու կը լռէր. ապա կը ղրկուէր հիւանդանոց:
«Օրական երկու ճաշ ունէինք, ժամը 11-ին եւ 5-ին: Ամէն ճաշ կը բաղկանար պզտիկ ընկոյզի մեծութեամբ հացէ եւ 5-6 հատ ձիթապտուղէ. որբերը չէին կշտանար, անօթի էին շարունակ, հաց կը փնտռէին, խումբեր կազմելով գողութեան սկսան շտեմարանէն:
«Որբերը ի բնէ գող չէին, Թուրքը ինքը մղեց որ գողութեան դիմէին:
Գողութեան աւարները բաւարար չէին: Որբերը որբանոցի սահմանէն դուրս կու գային եւ մեռած կենդանիներու՝ շնագայլի, աղուեսի, իշու, կովու ոսկորները կը հաւաքէին: Ոսկորները սալաքարի մը վրայ խոշոր քարերով կտոր կտոր կ՚ընէին, եւ մենք բոլորս կ՚ուտէինք ձաւարի նման ոսկորներու կոտրտուքները: Ես ալ իմ ուժերուս ներած չափով այս աշխատանքին լծուեցայ»:

Հալիտէ Հանըմ
Հալիտէ Հանըմ

Ութ տարեկան որբ Գառնիկ մաս կը կազմէ խումբի մը, որ յանդուգն որոշում կ՚առնէ՝ փախչիլ եւ հեռանալ որբանոցէն: Որբ տղաք կը մօտենան իրարու եւ ընկերային նոր կորիզ մը կը ստեղծեն, այս բոլորը՝ կարենալ ապրելու համար: Վեց երկար ամիսներ խումբը կը թափառի լեռներու եւ ձորերու մէջ. անոնք կ՚ապրին քարանձաւներու մէջ եւ կ՚ունենան մեծ արկածախնդրութիւններ: Անոնք կը պայքարին դաժան բնութեան դէմ հայու զօրաւոր կամքով: Խումբի անդամները յուսալքուած իրենց անորոշութենէն, միաձայնութեամբ կ՚որոշեն վերադառնալ որբանոց: Վերադառնլէ ետք Գառնիկ կը լսէ իր ընկերներուն հայերէն խօսակցութիւնը, թուրք զինուոր պահակներու բացակայութիւնը: Ան կ՚անդրադառնայ որ հիմնական բան մը փոխուած է որբանոցէն ներս: Յաջորդ օր ան կը տեսնէ բոլոր ուսուցիչները պայուսակներով պատրաստ մեկնելու վիճակի մէջ: Գառնիկին կը մօտենայ իր դասարանի պատասխանտու թուրք ուսուցչուհին, որ որոշ համակրանք մը ունեցած էր իրեն հանդէպ, եւ կ՚առաջարկէ իր հետ տանիլ զինք որպէս որդեգիր: Սակայն Գառնիկ կը մերժէ կտրուկ ձեւով: Թուրքերը մեկնած էին: Որբանոցը հայացած էր: Հայ որբերը ազատած էին թրքացումի վտանգէն:
Որբանոցը կը ստանձնէ Մերձաւոր Արեւելքի ամերիկեան նպաստամատոյցի (American Near East Relief) ղեկավարութիւնը: Շուտով կը հասնի հայերէ եւ ամերիկացիներէ կազմուած ազնիւ եւ քաղաքավար պաշտօնէութիւնը՝ կազմակերպելու համար որբանոցը: Շուտով որբանոցը կը հայանայ: 670 հայ որբերուն կը վերադարձուին անոնց հայկական անունները, կը ջնջնուին անոնց նշանակուած թիւերը: Հոն կը դասաւանդուին հայերէն լեզուով զանազան նիւթեր հայ ուսուցիչներու կողմէ: Ամանորին կը կատարուին հանդէսներ եւ խրախճանք, եկեղեցական արարողութիւններ: Երեք ու կէս տարի տառապելէ, նախատուելէ, ծեծի եւ ֆալախայի պատիժներէ եւ մօտ երեք հարիւր անմեղ որբերու մահէն ետք ազատագրուած եւ հայացած որբերու բանակը դուրս կու գայ սովի բոյնէն եւ չարչարանքի կայանէն՝ Անթուրայի որբանոցէն: Անոնք հանգստաւէտ շոգեկառքով կ՚ուղղուին դէպի Պէյրութ՝ անցնելէ ետք Զուք քաղաքը: Պէյրութէն ետք անոնք պիտի ուղղուէին դէպի Կիլիկիա՝ Այնթապ:

14. Հայ որբ եւ Հալիտէ Հանըմ
 Հայ որբ եւ Հալիտէ Հանըմ

Խոր յուզում եւ ցաւ զգացի երբ կարդացի Գառնիկ Բանեանի որբութեան յուշերը: Օրերով մնացի խորասուզուած իմ ներաշխարհիս մէջ եւ շարունակ կը կրկնէի ես ինծի՝ ի՜նչ խիղճ, ի՜նչ անարդարութիւն, ի՜նչ մարդկային կատակերգութիւն, ու մանաւանդ՝ ո՞ւր էիր Աստուած…
Գառնիկ Բանեանի յիշողութեան մէջ արմատացած կը գտնենք իր եւ իր տարեկից որբերու կրած ֆիզիքական եւ հոգեբանական ցաւերը եւ մղձաւանջը, նուաստացումի, ճնշումի եւ ընկճուածութեան ահաւորութիւնը ու մանաւանդ՝ թրքական ստորին կարգախօսը, որ կ՚ըսէ՝ «հայ ըլլալը պատժական ոճիր մըն է»:
Գառնիկ Բանեան իր «Որբութեան յուշեր»-ով կու գայ բացայայտելու, որ Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած եւ վերապրած որբերը իրենց մանուկ հասակին մէջ տառապեցան երկար տարիներ. անոնք առանց գիտնալու իրենց շուրջը պատահած իրադարձութիւնները՝ դիմադրեցին կեանքի դաժան դառնութեան դէմ հայու բնածին տոկունութեամբ, քաջութեամբ եւ համբերութեամբ՝ պարզապէս ապրելու համար: Անոնք պայքարեցան աննկուն կամքով թրքացումի սարսափազդու ծրագրին դէմ: Անոնք հաւաքական վճռակամութեամբ որոշեցին կառչած մնալ հայկական արմատներուն եւ ինքնութեան ու վերջապէս յաղթանակեցին:
Գառնիկ Բանեանի յուշերով առաւել կը փաստարկուի Հայոց ցեղասպանութեան ճշմարտութիւնը եւ Հայ դատի իրաւականութիւնը, զոր Թուրքը խեղաթիւրել կը փորձէ շարունակ իր թրքատիպ սուտերով:

 Հայ որբերու թրքացում
Հայ որբերու թրքացում

Ուրախ եմ որ այս գիրքը արդէն անգլերէնի թարգմանուած է Սիմոն Պէօճէքեանի կողմէ՝ «GOOD-BYE ANTOURA» տիտղոսով: Վստահ եմ ան մեծապէս պիտի նպաստէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման քարոզչական աշխատանքներուն: Անոր միջոցաւ օտար շրջանակներ իրազեկ պիտի դառնան Անթուրայի որբանոցի պատմութեան եւ անոր ընդմէջէն Հայոց ցեղասպանութեան եւ Հայ դատին:
Գառնիկ Բանեան Անթուրայի որբանոցի որբերուն հետ կը փոխադրուի Այնթապ՝ Մերձաւոր Արեւելքի ամերիկեան նպաստամատոյցի որոշումով: Հոն կը մնայ մի քանի ամիսներ եւ կ՚ունենայ համեմատաբար հանգիստ շրջան մը: Շուտով կը սկսի Այնթապի հերոսամարտը: Ֆրանսական ուժերը կը լքեն Կիլիկիան եւ նոր որոշումով մը որբերը կը ղրկուին Հալէպ եւ հոնկէ Պէյրութ: Անոնք կայք կը հաստատեն Գարանթինա կոչուած ծովեզերեայ վայրի մը մէջ, ուր կը մնան 2-3 ամիս եւ ի վերջոյ կը փոխադրուին Ճպէյլի որբանոցը:
Գառնիկ Բանեան որբանոցէն ետք նետուած է կեանքի ասպարէզ. արհեստի ճամբով, զբաղած է ելեկտրական գործերով: Ուսման անյագ փափաք ունենալով՝ արհեստը կէս ձգած է ու մտած է Պէյրութի Համազգայինի նորաբաց Ճեմարանը, 1930-ին: 1935 յունիսին եղած է Ճեմարանի առաջին հունձքի 8 շրջանաւարտներէն մէկը: Այնուհետեւ իր կեանքը եղած է ուսման, դասաւանդութեան եւ գիրի, գրականութեան աշխարհը: Ամուսնանացած է եւ ունեցած երկու զաւակներ՝ Հուրի եւ Շաղիկ: Ճեմարանի մէջ եւ այլուր ճանչցուած է իբրեւ հայոց լեզուի եւ հայագիտական նիւթերու ուսուցիչ: Ան Լեւոն Շանթի տնօրէնութեան ժամանակ վարած է փոխ-տնօրէնի պաշտօն, իսկ Սիմոն Վրացեանի ժամանակ, Մուշեղ Իշխանի հետ նշանակուած է տնօրէնի օգնական: 1936-ին, իր շրջանաւարտ ընկերներուն հետ միասին, Գառնիկ Բանեան հիմը դրած է Ճեմարանի Շրջանաւարտից միութեան: 1944-ին եղած է հիմանդիր անդամ Շրջանաւարտից միութեան պաշտօնաթերթ «Ակօս»-ին եւ ստանձնած խմբագրութեան պաշտօնը:
Գառնիկ Բանեան միշտ գործուն եղած է «Համազգային»-ի մէջ, մերթ իբրեւ սոսկ անդամ, մերթ իբրեւ վարչական եւ մերթ իբրեւ քարտուղար ու գործավար: Պատանեկութեան տարիներուն անդամակցած է Հ.Յ.Դ. շարքերուն եւ վարած պատասխանատու պաշտօններ: Գառնիկ Բանեան իր մասնակցութիւնը բերած է Ազգային իշխանութեան զանազան մարմիններուն մէջ, մասնաւորաբար Ազգային խորհուրդի իբրեւ անդամ եւ ատենապետ: Եղած է ազգային երեսփոխան. Քաղաքական ժողովի եւ Գաւառական ժողովի կարկառուն դէմքերէն: 1970-ին պարգեւատրուած է Մեսրոպ Մաշտոց շքանշանով Խորէն Ա. կաթողիկոսին կողմէ, իր երկարամեայ կրթական, մշակութային եւ ազգային գործունէութեան համար: Մահացած է Յուլիս 23, 1989-ին, Պէյրութ:

Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան
Մոնրէալ

.
 

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles