«Հայ Կնկան Դերը Մեծ Եղած Է Ազգային Վերականգնումին Մէջ» Կը Յայտնէ Սոնա Զէյթլեան

0 0
Read Time:7 Minute, 34 Second

Sona Zeitlian

 

Ստորեւ, յապաւումով լոյս կ՛ընծայենք հարցազրոյց մը, հրատարակուած Թորոնթոյի Հ.Ե.Դ.-ի «Արծիւ» թերթին մէջ: «Գէորգ Մելիտինեցի» մրցանակի դափնեկիր, բազմավաստակ գրող եւ դաստիարակ Սոնա Զէյթլեանի հետ հարցազրոյցը վարած է Ռուբէն Ճանպազեանը:
Հ.- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Անթիլիասի տպարանէն լոյս տեսած ձեր վերջին գործը՝ «Հայ կնոջ կեանքի ուղիին հետքերով» արժանացած է «Գէորգ Մելիտինեցի» մրցանակին: «Ազդակ»-ի էջերուն մէջ, Ժանեթ Քասունին կը գրէ. «Բծախնդիր եւ հետեւողական պրպտումներու վրայ հիմնուած այս գործը արխիւային պատմութիւն է եւ յետագայ պատմաբաններուն վաւերական առատ նիւթ կը հայթայթէ»: Արդեօք ի՞նչ էր ձեր նպատակը, երբ որոշեցիք այս գիրքը գրել. նպատակ ունէի՞ք հետագայ պատմաբաններու վաւերական նիւթ հայթայթել:

Պ.- Այդպէս մեծ յաւակնութիւններով չգրեցի այս աշխատանքը: Կը հաւատայի, թէ այս կիներու իրագործումները եւ իրենց կեանքերու տարբեր հանգրուանները պէտք էր ծանօթացնել հանրութեան: Ինծի համար միշտ հարց եղած է, որ կիներու պատմութիւնը անծանօթ կը մնայ: Այդքա՜ն գիրքեր կը կարդանք՝ յեղափոխականներու յուշեր, կամ այլ գիրքեր. անոնց մէջէն պատառիկներ պիտի առնես, էջեր պէտք կարդաս, որ մէկ կամ երկու նախադասութիւն գտնես կիներու մասին: Անիկա զիս միշտ կը համոզէր, որ արդար վերաբերումի արժանացած չէ հայ կինը մեր պատմութեան մէջ:
Իմ մեծագոյն նպատակս մոռացումէ փրկելն է. այս կեանքիս համար կարեւոր սկզբունք մըն է: Առաջին անգամ այդ մտահոգութեամբ հայ կիներու մասին սկսած եմ աշխատանք տանիլ, եւ որքան խորացայ՝ այդքան հետաքրքրութիւնս աճեցաւ:Zeitlian-book

Այս վերջին գիրքը, որ «Մելիտինեցի» մրցանակին արժանացաւ, համապարփակ գիրք մըն է. պատմութեան սկիզբէն՝ հեթանոսական շրջանէն Քրիստոնէութեան մուտքը, հին հայոց օրէնքները, ընտանեկան յարաբերութիւնները, ժառանգութեան իրաւունքները…զանազան հանգրուաններ, որոնք կը վերաբերին հայ կնոջ: Համապարփակ աշխատանք է, ու ինծի մեծ գոհացում տուաւ այդ մէկը, որովհետեւ հիմա, ոեւէ մէկը որ հայ կնոջմով կը հետաքրքրուի, կրնայ այդ գիրքը բանալ, եւ եթէ համբերութիւնը ունի ծայրէ ի ծայր կարդալու, գիտնալ թէ հայ կինը ինչպէ՛ս սկսաւ, ինչպէ՛ս շարունակեց, ինչպէ՛ս զանազան ճգնաժամերը դիմագրաւեց, եւ այսօր ի՛նչ պատրաստ է ընելու: Ուրեմն այդ միւս յաւակնութիւնները՝ արխիւային կամ վաւերական նիւթեր պատրաստելու՝ չունէի. շատ աւելի անձնական ապրում մըն է ինծի համար՝ մոռացումէ փրկելու եւ արժեւորելու: Այս է ինծի համար կարեւորը:
Հ.- Յաճախ գրած էք հայ կնոջ մասին. առաջին ձեր ուսումնասիրութիւնը «Հայ կնոջ դերը հայ յեղափոխական շարժման մէջ» գործը կը կեդրոնանայ հայ կին յեղափոխականներու վրայ: Ինչո՞ւ շատ քիչ կը լսենք հայ կիներու մասին հայ յեղափոխական շարժման պատմութեան մէջ մեր դասագիրքերու կամ այլ աղբիւրներու մէջ:

Պ.- Այս հարցումին կարճ պատասխանն ու երկար պատասխանը կայ: Կարճ պատասխանը այն է, որ բոլոր պատմութիւնները այր մարդոց կողմէ գրուած են. այսքան պարզ:

Աւելի երկար պատասխանը հետեւեալն է: Հայ Կնոջ դերը պեղելու համար, գտնելու եւ մէջտեղ հանելու համար, պէտք է յաւելեալ եւ զանազան աղբիւրներէ ջուր բերել: Մինչեւ որ զանազան աղբիւրներէ ջուր չբերես՝ պատկերը չի յստականար: Այդ ընելու համար համբերութիւն պէտք է. համբերութիւն եւ հետեւողական աշխատանք. որովհետեւ պիտի պրպտես, հոս պիտի նայիս, հոն պիտի նայիս՝ թափդ կրնայ շուտով կտրուիլ, եւ ուրիշ բաներով կրնաս սկսիլ հետաքրքրուիլ: Բայց եթէ նպատակդ հայ կիներու գործը արժեւորել է, ուրեմն հետեւողական պիտի ըլլաս: Այդ է:

Հ.- Կրնա՞ք մի քանի օրինակ տալ հայ կիներու, որոնք կարեւոր դեր խաղացած են մեր պատմութեան մէջ, սակայն անտեսուած են մեր գիրքերու ու այլ աղբիւրներու մէջ:

Պ.- Երկու հոգի կ՛ուզեմ նշել: Առաջինը Զապէլ Եսայեանն է: Այո՛, շատ բաներ կը գրուին իր մասին, բայց ես աւելի հետաքրքրուած եմ իրմով իբր արժանապատուութեան տէր հայ կին, եւ ո՛չ թէ իբր գրագիտուհի. այդ իր կարգին:

Զապէլ Եսայեան
Զապէլ Եսայեան

Իբր արժանապատուութեան տէր հայ կին ան ի՞նչ ըրած է ուրիշ կիներու դատը արժեւորելու համար` այդ է որ զիս կը հետաքրքրէ: Այս կինը շատ աշխատանք տարած է, ու բոլորովին անտեսուած է այդ աշխատանքը: Օրինակի համար, երբ 1909-ի Կիլիկիոյ աղէտը եղաւ, Պոլսոյ Պատրիարքարանը հայ կարմիր խաչի ու առաջնորդարանի շրջանակներու մօտ կիներուն, առաւել Զապէլ Եսայեանին, պարտականութիւն տուաւ, որ խնամատարական աշխատանք տանին՝ երթան այնտեղ, որբերը հաւաքեն, այրիներուն ճար մը գտնեն, եւ վերջապէս տեղեկագիր մը պատրաստեն, որուն հիման վրայ առաջնորդարանը պիտի մտածէր թէ ի՛նչ կրնար ընել օգտակար ըլլալու: Այս կնոջ տեղեկագրի պատրաստութիւնը, ականատեսի վկայութիւնը, կը գնահատուի իբր գրականութիւն: Իրականութեան մէջ այդ աշխատանքը վաւերագրութիւն մըն է. eye-witness account մըն է: Այս մէկը չէ արժեւորուած: Հայոց պատմութեան մէջ առաջին վկայագրութիւնն է. աչքերովը տեսած է եւ գրի առած է: Բայց ինչպէս ըսի, իբրեւ այնպիսին երբեք չարժեւորուեցաւ: Արժեւորուեցաւ իբրեւ գրականութիւն:

Տարիներ վերջ, հարիւրամեակի նախօրեակին, այս աշխատանքը թրքերէնի թարգմանուեցաւ եւ Պոլսոյ մէջ հրատարակուեցաւ: Հիմա կ՛անդրադառնան կարեւորութեան՝ թուրք ժողովուրդին գիտակցութիւնը արթնցնելու, որովհետեւ 1909-ին , ո՛չ համացանց կար, ո՛չ mass media. այդ տեսակի բաներ գոյութիւն չունէին: Թրքական աղբիւրները պատմական այդ նիւթին շուրջ միակողմանի են ու անճիշդ: Եսայեանը միակ անձն էր, որ ճիշդ պատկերը տուաւ: Ու հիմա որ այս մէկը թրքերէնի թարգմանուած է, սա մեծ նշանակութիւն ունի: Թուրքիոյ մէջ դասագիրքերու մէջ հայերը իբրեւ անվստահելի տարր կը ներկայացուին. ուրիշ բան մը պէտք էր ականատեսի մը կողմէ, ցոյց տալու համար, թէ ինչե՛ր պատահած են: Ճիշդ այդ պատճառով մեծ արժէք կու տամ Եսայեանի վկայագրութեան: Այս մէկ օրինակ:

Տիանա Աբգար
Տիանա Աբգար

Ուրիշ օրինակ մը: Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան տարիներուն ունէինք կին երեսփոխաններ, որոնք նաեւ նախարարի պաշտօն ունեցան. կրթական աշխատանքի, որբերու հարցերու, եւ այլ բնագաւառներու մէջ մեծ գործ տարին: Բայց ուրիշ շատ կարեւոր դէպք մը կար. միջազգային պատմութեան մէջ ՝ Հանրապետութիւնը առաջին կին դեսպանը նշանակողն էր՝ Տիանա Աբգարը: Դժբախտաբար, այս կնոջ արժէքը պէտք եղած ձեւով արժեւորուած չէ: Ան գիրքեր գրեց Հայաստանի Հանրապետութեան մասին, բայց կ՛ուզեմ շեշտել, թէ երբ այլեւս հանրապետութիւն չկար ու այն այլեւս դեսպան չէր, տակաւին պատասխանատուութեան զգացում ունեցաւ այդ ժամանակի բոլոր գաղթականներուն հոգ տանելու: Որովհետեւ ծանօթութիւններ ունէր այդ ժամանակի իշխանութիւններուն մօտ, իր խօսքը կշիռ ունէր: Տարիներ ետք, եթէ չեմ սխալիր, «Հայրենիք» ամսագրին մէջ առիթով մը, մէկը իր յուշերը գրեց՝ թէ ինչպէ՛ս Աբգարը օգտակար եղած է իրեն եւ իր ընտանիքին Ամերիկա տեղափոխուելու աշխատանքին մէջ: Ան նոյնիսկ իր տան մէջ սենեակ կը տրամադրէր, մինչեւ որ գաղթականներու թուղթերը կարգադրուէին:
Այս տեսակի կիներու աշխատանքը չես գտներ գիրքերու մէջ: Եթէ մէջտեղ հանես, եթէ արժեւորես, շատ օրինակելի կիներ են ասոնք: Մեր նոր մտայնութեամբ կը կարծենք, թէ դրամով ամէն ինչ կրնայ լուծուիլ: Այս կիները դրամ չունէին, սակայն ունէին ոգին՝ զոհաբերութեան ոգին: Այս պատճառով է, որ կ՛ուզեմ արժեւորել իրենց:

Հ.- Ըստ ձեզի, ինչո՞ւ կարեւոր են տօնակատարութիւններ, տօներ կամ նշանակուած օրեր՝ նուիրուած կիներու:

Պ.- Իրականութեան մէջ ինծի համար կարեւոր չէ. առաջին անգամ երբ հարց տրուեցաւ, թէ տրամադի՛ր եմ, պատասխանեցի, թէ, ես անմիջապէս պատասխանեցի թէ տրուած ըլլալով որ (ցեղասպանութեան) հարիւրամեակի տարի է, եթէ գամ Միջազգային Կանանց Օրուայ մասին չէ որ պիտի խօսիմ, այլ պիտի կեդրոնանամ հայ կիներու դերին վրայ՝ ազգային վերականգնումին մէջ: Մօտեցումս բոլորովին տարեր էր. անշուշտ նորէն կիներու մասին է նիւթը, բայց Միջազգային Կանանց Օրը ինծի համար այդքան արժէք չունի որքան առիթը օգտագործելը մեր կիներու կարեւոր աշխատանքները մէջտեղ բերելու: Անմիջապէս ընդունեցին ու հոգեկան կապ մը ստեղծուեցաւ ներկաներուն հետ: Ինքնագովութիւն չէ ըրածս, սակայն խօսքիս աւարտին ամբողջ սրահը ոտքի ելաւ: Կը նշանակէ որ գնահատեցին. սրտերուն խօսեցաւ: Այդ է կարեւորը, որ յիշատակ մը մնայ այդ կիներէն, որոնք այդքան աշխատեցան: Բազմաթիւ օրինակներ տուի ելոյթիս ատեն, որ եթէ նոյնիսկ մէկ օրինակ մնայ ներկաներուն մտքերուն մէջ, այդ մեծ բան է: Միջազգային Կանանց Օրը պարզապէս առիթ մըն է մեր ազգային ուղեգիծի մասին խօսելու:

Հ.- Հայ կինը դարերու ընթացքին զանազան դերեր ստանձնած է. ունեցած ենք հայ թագուհիներ. օտար լուծի եւ օտար կրօնի ազդեցութեան տակ հայ կինը դարձած է ստորադաս էակ. հայ կինը մասնակցած է կիներու ազատագրական առաջին շարժումին, իսկ յետ ցեղասպանութեան, հայ կնկան դերը մեծ եղած է ազգային վերականգնումին մէջ: Ըստ ձեզի, ի՞նչ է այսօրուայ հայ կնկան դերը մեր ազգային իրականութեան մէջ՝ հայրենիքէն ներս եւ սփիւռքեան գաղթօճախներու մէջ:

Պ.- Հարցումդ շատ կարեւոր է, որովհետեւ այսօր, հայ ժողովուրդի մօտ եօթանասուն առ հարիւրը սփիւռքի մէջ է: Սփիւռքի մէջ համաշխարհայնացումը (globalization) կը տիրէ: Համաշխարհայնացումը ազգային ոգին, լեզուն եւ այլ բաները որոնց մասին կը խօսինք, հասարակ յայտարարի կը վերածէ: Նաեւ համացանցը մեծ դեր ունի այս բոլորին մէջ:

Թէեւ այսօր ունինք սուրիահայութեան խնդիրը, հայ ժողովուրդը ազգային մեծ ճգնաժամ մը չ՛ապրիր հիմա, ինչպէս ապրեցաւ ցեղասպանութեան տարիներուն: Կան սակայն բազմաթիւ խնդիրներ մեր ժողովուրդին առջեւ: Օրինակ՝ Արցախի հարցը. ամբողջ ժողովուրդին փափաքը իրենց կամքով, իրենց օրէնքներով ապրիլն է, ոչ թէ ենթարկուիլ: Հայ կինը շատ օգտակար կրնայ ըլլալ այս պայքարին մէջ: Այս մէկ:Photo 2015-06-09, 8 28 22 PM

Հակառակ անոր որ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան տարիներուն Հայաստանը եղաւ առաջին երկիրներէն մէկը, որ կիներուն քուէարկելու իրաւունք տուաւ: Սակայն այսքան տարիներ վերջ, եօթանասուն տարուայ համայնավար տիրութենէ վերջ՝ նոր կառավարութիւն, նոր սկզբունքներ, նոր էջ դարձաւ, ու կիներու այդ իրաւունքը երբեք չ՛արժեւորուիր: Կը հաւատամ, թէ կիներու տեղ պէտք է տրուի, որ իրենք ալ մասնակցին ազգային կեանքին:

Հայաստանի առաջին հանրապետութեան օրով, ի պատիւ այդ մարդոց որոնք հանրապետութիւնը կերտեցին, անոնք անդրադարձան, որ Հայաստանի վերականգման մէջ անհրաժեշտ էր հայ կնոջ դերը եւ կարեւորութիւնը շեշտելը: Այդ հաշիւներով է, որ կիներու քուէարկութեան իրաւունքը տուին, ցեղասպանութենէն միայն երեք տարիներ ետք: Եթէ այդ մարդիկը իմաստութիւնն ու հեռատեսութիւնը ունեցան, մենք ինչո՞ւ չարժեւորենք: Այսօր Հայաստանի մէջ, կիները երրորդական աստիճանի քաղաքացիներ են: Սեռով պայմանաւորուած արհեստական ընդհատումները (sex selective abortion) մեծ հարց է այնտեղ, ինչ որ շատ ցաւալի է:

Եթէ արժեւորես հայ կինը, եթէ ան մասնակցութիւն բերէ, գործ տեսնէ ու ուրիշներ այդ գործը տեսնեն, կը կարծեմ որ բան մը կրնայ փոխուիլ: Մէկէն հրաշք չ՛ըլլար, բայց ժամանակի ընթացքին մտածելակերպ կը փոխուի: Այս է իմ ըսածս: Համբերութիւն կ՛ուզէ: Տարիներէ ի վեր այս պրպտումները կ՛ընեմ, կը կարդամ, ամէն աղբիւրէ ջուր կը հաւաքեմ, բայց պէտք չէ աճապարել, որովհետեւ մշակոյթի հետ կապուած է: Մշակոյթը արագութեամբ չի փոխուիր. Ժամանակ կ՛առնէ: Յեղաշրջում չէ՝ եղաշրջում (evolution) մըն է: Անոր համար համբերութիւն պէտք է: Բայց չի նշանակեր թէ պէտք է մեր ձեռքերը ծալենք եւ նստինք: Մի՛շտ պիտի խօսինք, մի՛շտ պիտի գրենք, բայց համբերել ալ պիտի գիտնանք:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles