ՉԻՐԱԳՈՐԾՈՒԱԾ ԲԱՐԻՔ

0 0
Read Time:1 Minute, 15 Second

dzovik beggar

ԾՈՎԻԿ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

Հոլանտա

 

Ի վերջոյ տուն հասայ:

Քիչ մը անհանգիստ էի, լեզուի դասը կիսատ ձգելով, ուզեցի տուն դառնալ:

Երկնցաւ ու երկնցաւ ճամբաս:

Երբ թրամվային կը սպասէի, երկու կիներ մօտեցան ինծի. անոնցմէ մէկը մէկ քայլ աւելի առնելով, նստելիք թրամվային ուղղութիւնը հարցուց, հոլանտերէնով. չհասկնալու եկայ, որով թուրք էր:

– Sorry, no Netherland’s!

Դառնալով քովինին ըսաւ.

– Bu burdan değil, bilmiyor Holandca!

Սուտ ժպիտով մը ժպտեցայ:

Թրամվայ նստելով, շարունակեցի ճամբաս: Քովի պարապ աթոռիս վրայ եկաւ, բազմեցաւ հոլանտացի կին մը՝ մազերը երկար, գանգուր. հագած էր կարմիր պոթ, կարմիր ժաքէթ, սրճագոյն տափատ ու բաց կապոյտ շապիկ: Քիչ մը անճաշակ էր ինծի համար. մի քանի վայրկեան ետք, դառնալով նախադասութիւն մը ըսաւ. չհասկնալու եկայ, ըսելով.

– Sorry, no Netherland’s!

Կինը կրկնեց ըսածը անգլերէնով.

– Have you 1 euro?

– Sorry, no cash!

Իջայ թրամվայէն, կը սպասէի յաջորդին:

Երկարահասակ հոլանտացի մը, կարծես հարբած, ինծի կը մօտենար. ահա թեկնածու մը եւս՝ ըսի միտքէս, նայուածքս փախցնել փորձելով:

– Mevrouw, heb je 1 euro?

Այս ի՞նչ օր էր, Աստուած իմ, մաքնիսի ուժով կը քաշէի մուրացկաները:

– Ne, no cash!

Վերջապէս հասայ տուն. քիչ մը մելամաղձոտ էի:

Տղուս պատմեցի օրուան խուսափումներս, ըսելով.

– Այսօր երեք փորձառութեան մէջ ձախողեցայ: Չուզեցի բռնել ինծի երկարած ձեռքերը:

Տղաս անմիջապէս պատասխանեց.

– Չէ՛, մա՛մ, դուն ինչ որ շիտակ է՝ այդ ըրիր. հոս Սուրիա չէ, հոս ամէն մարդ ապահով է, այդ մուրացկանները իսկական կարիքաւորներ չեն, իրենց իրաւունքները ապահովուած են մերինէն աւելի, անոնք պարզապէս ծոյլեր են, եւ դուն եթէ օգնէիր՝ քաջալերած պիտի ըլլայիր:

– Իսկ այդ թո՞ւրքը, որ չէր մուրար:

– Այդ ալ մեր ոխն է. չենք կրնար արիւնոտ ձեռքին ձեռք երկարել:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

One thought on “ՉԻՐԱԳՈՐԾՈՒԱԾ ԲԱՐԻՔ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles