ԿՈՄԻՏԱՍԸ ԱՅԼԵՒՍ ՄԻՆԱԿ ՉԷ…

0 0
Read Time:1 Minute, 24 Second

 

photo Jean Eckian
photo Jean Eckian

 

Ծ.Խ. Ստորեւ լոյս կ°ընծայենք, յատուկ թղթակցութիւն մը՝  Փարիզէն յղուած §Հայրենիք¦ին, պատրաստուած Տիգրան Եկաւեանի (միեւնոյն ժամանայ FranceArmenieի թղթակից) կողմէ:
Կրնային զայն §Հայաստանի պուրակը¦ կոչել, փոխան Երեւանի…Սակայն Միջերկրականեան Ափի Նիս քաղաքը արդէն իսկ տիրացած էր այդ տիտղոսին:
Վերջապէս, տարիներ շարունակ սպասուած ծրագիրը իրագործուեցաւ եւ այդ ալ յատուկ եւ յիշատակելի օրով մը: Ամպոտ երկնքին տակ, Փարիզի քաղաքապետարանի ոստիկանութեան նուագախումբը հնչեցուց Հայաստանի եւ Ֆրանսայի ազգային քայլերգները: Հոծ բազմութիւն մը ներկայ էր այս իւրայատուկ ձեռնարկին, որոնց կարգին Բարեջան Առաջնորդ՝ Ն. Զաքարեան, Զուիցերիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան եւ հանրածանօթ երգիչ՝ Շարլ Ազնաւուր, նախարար Անտրէ Սատինի, ՖրանսաՀայաստան բարեկամութեան խումբի նախագահ Ֆրանսուա Ռօշըպլուան, Հ.Յ.Դ.ի ներկայացուցիչ Մուրատ Փափազեան, Հ.Բ.Ը.Մ.ի եւ Փարիզի հայկական միութիւններու ներկայացուցիչ՝ Ալեքս Կէօվճեան, բեմադրիչ Փիէռ Թերզեան, երգչուհի Հելէն Սեկարա, պատմաբան Քլօտ Մութաֆեան եւ Ազնաւուրի գործընկեր Լեւոն Սայեան:
Երկու շարք ծառերով օժտուած, հինգ հազար քառակուսի մեթր տարածութեամբ այս մարգագետինը… §Ճշմարիտ Փարիզեան փոքրիկ Հայաստան մըն է¦…ինչպէս զայն որակեց Փարիզի ութերորդ թաղամասի քաղաքապետ՝ Ֆրանսուա Լըպէլ: 
Մօտակայ Կոմիտասի արձանին տակ ծաղկեպսակ մը զետեղելէ ետք, Փարիզի քաղաքապետ՝ Պերթրան Տըլանոէ խօսք առնելու ընթացքին, յուզումով եւ զգացումով արտայայտուեցաւ, նշելով Ֆրանսայի եւ Հայաստանի դարաւոր բարեկամութիւնը, նաեւ Հայոց Եղեռնի պատշաճ ճանաչման կարեւորութիւնն ու առաջնահերթութիւնը:
Ան իր խօսքին մէջ նշեց. §Մենք միշտ ալ միասնաբար կը գործենք…Նոյնիսկ եթէ Թուրքիան մեր թշնամին չէ, ճշմարտութիւնը ժխտումով կարելի չէ չարչարել…¦:
Ծափողջոյններու տեղատարափին տակ, նաեւ խօսք առաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար՝ Եդուարդ Նալպանտեանը (որ տարիներ շարունակ ծառայած է Փարիզի դեսպանատան) յայտնեց թէ Հայաստանի Հանրապետութեան անունով իր շնորհաւորութիւնները կը փոխանցէ, նշելով երկու քաղաքներուն միջեւ ստեղծուած փոխադարձ համակարանք ու գործակցութիւնը:
Իր խօսքի աւարտին, պարոն Նալպանտեան ըսաւ. §Այսօր Կոմիտասի տենչուած հոգին կը վերագտնէ իր հայրենի հողը¦:

ՏԻԳՐԱՆ ԵԿԱՒԵԱՆ

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles