Լուսանակարներ
Պետօ Տէր Պետրոսեան
Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի կառոյցը երեք օրերու ընթացքին գումարեց իր 34-րդ Շրջանային Ներկայացուցչական ժողովը« Հոկտեմբեր 9-11« Ֆլորիտայի Օշըն Սքայ Րիզորդ պանդոկին մէջ« Ուաշինկթընի« Պոսթընի« Փրովիտենսի« Ֆիլատելֆիոյ« Ալպընիի« Նիւ Ճըրզիի« Շիքակոյի« եւ Ֆլորիտայի ներկայացուցիչներու« Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան Լիազօր ներկայացուցիչին« Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչին« ընդհանուր 41 անդամներու: Խորհրդակցական ձայնով մասնակցողներու շարքին ներկայ էին Հ.Յ.Դ. Արեւելեան շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ« Հ.Օ.Մ.-ի արեւելեան շրջանի Ատենապետուհի« Համազգայինի Արեւելեան շրջանի ներկայացուցիչ« եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւելեան շրջանի Վարչութեան անդամներ« Շրջանային Սկաուտական Յանձնախումբի ներկայացուցիչ եւ Շրջանային Մարզական Յանձնախումբի ներկայացուցիչ:
Ժողովի բացումը կատարեց Շրջանային Վարչութեան շրջանաւարտ Ատենապետ՝ Եղբ. Հրաչ Մեսրոպեան« որ բարի գալուստի խօսքէն ետք« ներկայացուցիչները վայրկեան մը յոտնկայս յարգեցին յիշատակը« Շրջանային Վարչութեան անդամ Եղբ. Արա Մարկոսեանին:
Եղբ. Հրաչ խնդրեց որ ժողովը ընտրէ իր դիւանը: Սոյն ժողովին մնայուն դիւան ընտրուեցան ատենապետներ՝ Եղբայրներ՝ Արա Պարսումեան եւ Յովիկ Աբգարեան« ատենադպիրներ՝ Եղբ. Սարգիս Եփրեմեան եւ Քոյր Դալար Քէշիշեան:
Ներկայացուցչական ժողովի օրակարգին անցնելէ առաջ« յաջորդաբար խօսք առին Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ Եղբ. Հրաչ Մեսրոպեան« Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Եղբ. Վահրամ Դանիէլեան« Հ.Յ.Դ. Արեւելեան շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Ժան Աւետիսեան« Հ.Օ.Մ.-ի Արեւելեան շրջանի Շրջանային Վարչութեան Ատենապետուհի Ընկհ. Սիլվա Գույումճեան« եւ Համազգայինի ներկայացուցիչ Պետօ Տէր Պետրոսեան յայտնելով իրենց յաջողութեան բարեմաղթութիւնները« ի մասնաւորապէս այս ժողովին« որպէսզի յանգի այնպիսի ծրագիրներու ու առաջադրութիւններու վրայ« որոնք առաւել պիտի ուռճացնեն Հ.Մ.Ը.Մ.-ի լայնածաւալ աշխատանքը« շարունակելով իր ազգանուէր գործունէութիւնը դէպի նոր նուաճումներ:
Եղբ. Հրաչ Մեսրոպեան ըսաւ թէ Հ.Մ.Ը.Մ. իր հիմնադրութենէն ի վեր դարձած է տարագիր բովանդակ հայութեան մարմնակրթական մասնաբաժինը, տէրն ու ղեկավարը: Ան աւելցուց թէ Հ.Մ.Ը.Մ.-ն է որ հայ նորահաս սերունդներուն կը փոխանցէ ազգային գիտակցութիւն, մեր ուժի, մեր արժէքներու եւ նպատակներու խոր ըմբռնումն է: «Ահա թէ ինչու Հ.Մ.Ը.Մ.ը մեր ժողովուրդին համար սոսկ կառոյց մը չէ եւ երբեք պիտի չըլլայ, այլ դարձած է առաքելութիւն: Հ.Մ.Ը.Մ.-ը միայն մարմնամարզական միութիւն չէ, այլ դարձած է հոգեւոր, բարոյական ու ազգային կազմաւորումի վառ հնոց: Այս ներկայացուցչական ժողովին մթնոլորտը պէտք է տարածուի ամրանալով մեր բոլոր միութենականներու մտքերուն մէջ, որպէսզի հայութեան կեանքին մէջ տարուէ տարի կատարուած փոփոխութիւնները իրենց արտայայտութիւնը գտնեն յանձնառու անմահներու առօրեայ կեանքին մէջ, եւ որպէսզի անոնցմէ իւրաքանչիւրը վերածուի ճիշդ ուղղութիւնը ցոյց տուող փարոսի…» եզրակացուց ան:
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Եղբ. Վահրամ Դանիէլեան յայտնեց թէ հայոց պատմութենէն ու հայրենիքէն, եկեղեցիէն ու դպրոցէն ու հայ ժողովուրդի բոլոր աղբիւրներէն Հ.Մ.Ը.Մ.ը քաղած է իր գործին ուղեգիծը եւ ընտրած է իր կեանքի լուսեղ լինելիութիւն մը, բարձրացող եւ բարձրացնող ճամբան: «Ա°յս խոր հաւատքով ու վառ տեսիլքով զինուած Հ.Մ.Ը.Մ.ը վճռորոշ դեր կատարեց հայապահպանման մեր հաւաքական պայքարին մէջ, Սփիւռքի տարածքին: Եւ այսօր նո°յն հաւատքով ու տեսիլքով գօտեպնդուած ան վճռական դեր կը կատարէ նաեւ հայրենաշինութեան նուիրական առաքելութեան մէջ՝ Հայաստանի մէջ թէ Հայաստանէն դուրս»:
Ան նշեց թէ մարզական բաժակներով չեն սահմանուիր յաղթանակները: «Մեր երիտասարդութեան Հայաստան հետեւողական այցելութիւնը ինքնին յաղթանակ մըն է: Հայաստանը մերն է: Համայն հայութեանն է: Հ.Մ.Ը.Մ.ը պիտի շարունակէ իր բանակումները կատարել հայրենի բնութեան գիրկին մէջ եւ ամէն առաւօտ պիտի բարեւէ սրբազան Արարատ լերան՝ մշուշապատ թէ…յստակ ու վիթխարի : Մեր մարզիկները պիտի շարունակեն մասնակցիլ համահայկական խաղերուն, յաղթեն կամ պարտուին», եզրակացուց եղբ. Դանիէլեան:
Հ.Յ.Դ. Արեւելեան շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Ժան Աւետիսեան իր կարգին, խօսք առնելով յայտնեց թէ Սփիւռքի մէջ հայը հա°յ պահելու, իսկ Հայաստանի մէջ տիպար քաղաքացիներ կերտելու առաքելութիւնը օրէ օր կը բախի նոր դժուարութիւններու: «Այս մէկը կ’ենթադրէ ուժերու մեծ լարում՝ նոր օրերու համապատասխան միջոցներով յաղթահարելու համար մեզի դէմ ցցուած բոլոր դժուարութիւնները, որպէսզի հայութիւնը չտկարանայ եւ Հայաստանը հզօր մնայ իր ապագայ սերունդներով: Այդ տեսլականով Հ.Մ.Ը.Մ. ճամբայ ելաւ աւելի քան իննիսուն տարիէ ի վեր, Հայաստանի Ա. անկախութեան հռչակման հետ: Նոյն տեսլականով, տարիներ շարունակ ան Սփիւռքի սերունդներուն աչքերը սեւեռեց դէպի հայրենիք՝ անպայման օր մը զայն անկախ տեսնելու ցանկութեամբ: Ու երբ ցանկութիւնը դարձաւ իրականութիւն, նոյն տեսլականը միութիւնը վերադարձուց Հայաստան եւ իբրեւ Հայաստանի Ազգային Սկաուտական Կազմակերպութիւն, զայն լծեց հայրենանուէր աշխատանքի», ըսաւ ան եւ աւելցուց թէ հայ ժողովուրդը այսօր կը դիմագրաւէ երկու հիմնական մարտահրաւէր. հայ ժողովուրդի ինքնութեան պահպանման հարցը եւ հայ ժողովուրդի միութեան, հայ ազգի՝ Սփիւռք-Հայաստան գործակցութեան ամրապնդման հարցը, եւ այս երկու հարցերուն պարագային ալ, ան կարեւորեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի առաջնահերթ դերը: «Երկու պարագային ալ, Հ.Մ.Ը.Մ. ունի կատարելիք կենսական ու անփոխարինելի դեր: …Հ.Մ.Ը.Մ.ը իր սկաուտներով, իր գործունէութեամբ մեզի կը զգացնէ կարգ ու կանոնի, կարգապահութեան, գիտակցութեան, ծառայասիրութեան, պատրաստակամութեան բոլոր երեւոյթները: Իւրաքանչիւր Հ.Մ.Ը.Մ.ական տարիներու վրայ վաստակ ունի եւ անոր համար ալ արժէք մը կը ներկայացնէ…» եզրակացուց ան:
Հ.Օ.Մ.-ի Արեւելեան շրջանի Շրջանային Վարչութեան Ատենապետուհի Ընկհ. Սիլվա Գույումճեան ընդգծեց, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ականը միշտ ալ հաստատակամօրէն եւ շիտակ ձեւով կը կազմաւորուի: «Իւրայատուկ է Հ.Մ.Ը.Մ.ականի նկարագիրը: Հ.Մ.Ը.Մ.ականի նկարագիրը լրջութեամբ պէտք է առնենք… Բոլորս ալ կþուզենք Հ.Մ.Ը.Մ.ականը կատարեալ տեսնել: Այսպէս, ժողովուրդին մէջէն, ժողովուրդին կողմէն ծնած…ընդունուած է ու կը շարունակուի այդպէս ալ մնալ: Տարազաւոր կամ ոչ…Միշտ պատրաստ է Հ.Մ.Ը.Մ.ականը», ըսաւ ան եւ շեշտեց, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ականի պատրաստակամ, պարկեշտ, ծառայասէր ըլլալու հարցն է, որ կþակնկալուի: Ամէն մէկ Հ.Մ.Ը.Մ.-ական առանց խօսքի ըսելիք մը ունի, իսկ իրենցմէ իւրաքանչիւրն ալ իր պատասխանատուութեամբ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ ըսելիք եւ ընելիք ունի: Իբրեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ական աւելի գիտակից եւ արթուն պէտք է ըլլանք ազգային-հայկական կեանքին բնագաւառէն ներս», ըսաւ ան:
Համազգայինի ներկայացուցիչ Պետօ Տէր Պետրոսեան բարի գալուստի խօսքին մէջ, նկատել տուաւ, որ Ներկայացուցչական ժողովները հաշուառութեան եւ հաշուետուութեան ժողովներ ըլլալու կողքին, նաեւ իրարու ծանօթանալու եւ իրարու հետ յարաբերելու յարմար առիթներ են, ինչպէս նաեւ կը հանդիսանան հայութեան հաւաքական կեանքը յուզող հարցերու մասին միասնաբար խորհրդածելու, միասին ծրագրելու եւ գործակցելու հաւաքներ:
«Հայրենազուրկ եւ անտուն մեր զաւակներուն համար Հ.Մ.Ը.Մ.ը դարձաւ հայկական տոհմիկ աւանդութիւններով լեցուն ջերմ օճախ ու փոքր Հայաստան՝ հայու հարազատ ոգիով ու վեհ գաղափարներով օծուն: Հ.Մ.Ը.Մ.ականները մեր կեանքին մէջ ուրախութիւն բերող անձեր եղած են՝ իբրեւ Հայոց Պատմութեան օրինակով ազգին ծառայութեան տրամադրուած կազմակերպութեան մը անդամները», ըսաւ ան:
Ապա ժողովը սկսաւ իր աշխատանքներուն ու առաջին հերթին ունկնդրեց ներկայ ութ մասնաճիւղերու միամեայ նիւթաբարոյական տեղեկագրերը եւ ետքը Շրջանային Վարչութեան երկամեայ նիւթաբարոյական տեղեկագիրը:
Համաձայն տեղեկագրերուն շրջանը ունեցած է բազմաբեղուն գործունէութիւն:
1150-է աւելի անդամ անդամուհիներ« որոնց 469ը գայլիկ« արծուիկ« արի« արենուշ« պատանի ու պարմանուհի. իսկ 600-է աւելի մարզիկ-մարզիկուհիներ:
Անցնող տարեշրջանին մասնակցած է ինչպէս նաեւ կազմակերպած հետեւեալ գործունէութիւնները.-
Օգոստոս 24-29« 2008 Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական Խմբապետական Համագումար« Հայաստան:
Օգոստոս 20-24« 2008 Շրջանային Սկաուտական Բանակում, Փրովիտենս:
Սեպտեմբեր 27« 2008 Վկայեալ կարգի սեմինար« Նիւ Ճըրզի
27 Սեպտեմբեր 2008– Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 90 Ամեակի շքեղ հանդիսութիւն:
Սեպտեմբեր 4-7« 2008 Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական Խմբապետական Համագումար Վկայեալ կարգի Սեմինար, Քալիֆորնիա
Հոկտեմբեր 4-5« 2008 Գայլիկ Արծուիկ ղեկավարներու սեմինար Ֆլորիտա, Պոսթըն, Ուաշինկթըն:
Յունուար 31-Փետրուար 1, 2009 Առաջին կարգի սեմինար Ֆիլատելֆիա -Նիւ Ճըրզի
Փետրուար 2009 Հիւսիսային Ամերիկայի երեք շրջաններու հանդիպում« Քալիֆորնիա
Փետրուար 2009 5-րդ Միջ-Դիւաններու Խորհուրդներու Խորհրդաժողով Հիւսիսային Ամերիկայի երեք շրջաններու, Լոս Անճելըս:
Մարտ 20-21« 2009 Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական բանակումի պատրաստութեան սեմինար, Ֆիլատելֆիա:
Ապրիլ 11-12« 2009 Խմբապետական Ժողով, Ալպընի.
Յուլիս 5« 2009 Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւելեան Ամերիկայի Շրջանի Միջ Մասնաճիւղային խաղեր« Փրովիտենս, հովանաւորութեամբ՝ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Թեմի Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տէր Օշական Արքեպիսկոպոս Չօլոյեանի:
Օգոստոս 19-23« 2009 Շրջանային Ընդհանուր բանակում« Ուաշինկթըն:
Օգոստոս 1-8« 2009 Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական խաղեր« Հայաստան:
Սեպտեմբեր 2009 Վկայեալ կարգի սեմինար« (Կ.Վ.) կամ Գայլիկ Արծուիկ ղեկավարներու սեմինար« Տիթրոյթ:
Ժողովը լսելէ ետք շրջանաւարտ Վարչութեան բարոյական տեղեկագիրը« բարձր գնահատեց վարչութեան տարած աշխատանքը:
Ներկայացուցչական ժողովը շարունակեց իր աշխատանքը, մշակելով յառաջիկայ տարուան շրջանի մարզական եւ սկաուտական բոլոր գործունէութիւնները եւ աշխատանքները, յատկապէս յաջորդ տարուայ Միջ-մասնաճիւղային 20-րդ Մարզական խաղերը« 2010-ի Յուլիս 4-ի շաբաթավերջին, Նիւ Ճըրզիի մէջ եւ Շրջանիս Սկաուտական 25-րդ շրջանային բանակումը Օգոստոս 2010-ին Պոսթըն. ինչպէս նաեւ Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական 9-րդ Բանակում« Հայաստան:
Ժողովը համադրեց շինիչ առաջարկներ եւ թելադրանքներ, բարելաւելու համար վերոյիշեալ գործունէութիւնները եւ դիմագրաւելու նոր սերունդի դրական պահանջքները:
Ներկայացուցչական Ժողովի ընթացքին« լաւագոյն առիթ նկատելով« սկաուտական պատասխանատու« Ֆլորիտայի մասնաճիւղի անդամ« Քոյր Արշօ Գանթարճեանը խմբապետական պաշտօն ստացաւ: Ան հաւատարմօրէն պիտի շարունակէ սկաուտական աշխատանքը Ֆլորիտայի գաղութէն ներս« զարկ տալով ու աշխուժացնելով հայահոծ այս փոքր շրջանը:
Ապա Ներկայացուցիչները ընտրեցին Շրջանային Վարչութեան կազմը 2009-2011 տարեշրջանին համար:
Եղբ. Պետիկ Տէր Վարդանեան« Պոսթըն
Եղբ. Յովիկ Աբգարեան« Ուաշինկթըն
Եղբ. Լեւոն Սահակեան« Շիքակօ
Քոյր Երան Սիմոնեան« Ուաշինկթըն
Եղբ. Վարդան Ադամեան« Տիթրոյթ
Քոյր Էլիզապէթ Տրամկոչեան« Ֆիլատելֆիա
Եղբ. Թորոս Ոսպիկեան« Պոսթըն
Ընթացաւարտ Շրջանային Վարչութիւնը իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց Ֆլորիտա մասնաճիւղի Վարչութեան եւ անդամներուն շրջանիս 34-րդ Ներկայացուցչական ժողովը հիւրընկալելուն համար:
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 34-րդ Ներկայացուցչական Ժողովը փակուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի քայլերգով կիրակի Հոկտեմբեր 11« 2009-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3-ին