ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Անունս շատ հայկական է, ուրախ եմ ատոր համար եւ՝ հպարտ: Բայց եւ այնպէս ոչ հայերուն համար անունս հնչելը բաւական բարդ է ու դժուար: Տարիներու ընթացքին, ամէն անգամ որ պէտք եղած էր սրբագրել անուանս հնչելու եղանակը եւ ուղղէի իւրաքանչիւր տառի հնչիւնը, բաւական կը յոգնէի, մինչեւ որ հասայ տեղ մը, ուր յանձնուեցայ: Նկատի ունենալով, որ աշխատանքներս ունին միջազգային տարողութիւն, անունս ալ իւրաքանչիւր ազգի հնչիւնաբանութեան հետ ստացաւ ու տակաւին կը շարունակէ ստանալ իր իւրայատուկ շեշտը…: Նախորդ Օգոստոսին Մանիլայի մէջ համաշխարհային աշխատանքային հանդիպման ընթացքին գործակից մը մօտենալով ինծի՝ ըսաւ. »Կրնա՞ս ըսել ինծի, թէ անունդ ինչպէ՞ս պէտք է հնչել…: Շատ մը տարբերակներ կը լսեմ այս սրահին մէջ՝ նոյնինքն անունիդ հնչիւնին մէջ«: Թէեւ գնահատեցի գործակիցիս բծախնդրութիւնը, սակայն ժպիտը դէմքիս ու յանձնուած տրամադրութեամբ ըսի. »Ինչպէս որ հանգիստ կը զգաս, այդպէս հնչէ«:
28-31 Յուլիս 2009, Հոնկ Քոնկ: Եթէ այդ կղզին ունի հարուստ պատմութիւն, անիկա այսօր եւս գրաւած է աշխարհին ուշադրութիւնը՝ իր տնտեսական ու ճարտարարուեստական բարձր մակարդակով: Ընդամէնը 1000 քառակուսի քիլոմեթրի վրայ տարածուած, իր աւելի քան 206 փոքր կղզիներով Հոնկ Քոնկ նաեւ դարձած է զբօսաշրջիկները հմայող քաղաք: Կղզիները քաղաքին կու տան յատուկ հմայք եւ մանաւանդ՝ գեղեցկութիւն:
Եթէ Հոնկ Քոնկի գործակիցներուս անունն ու լեզուն »չինարէն« են ինծի համար, իմ պարագաս եւս նուազ »չինարէն« չէ անոնց համար: Պիտի տքնէին անունս արտասանելու՝ »կոտրտուած« եւ »ջարդուած« վիճակով: Բայց նաեւ իրենց համար ամբողջութեամբ նորութիւն էր լսել ու գիտնալ իմ ազգութեանս մասին, մանաւանդ այն, որ սերած եմ ջարդի ենթարկուած ու նահատակուած ժողովուրդէ մը:
Հակառակ թուացող հեռաւորութեան՝ կարելի եղաւ կամրջել իմ հայ ժողովուրդիս իրականութիւնը Հոնկ Քոնկի չինացի իմ գործընկերներուս հետ…: Խաչիկ-Փոլ-Չաթեր՝ մեծ ու տիրական անուն եւ դէմք է Հոնկ Քոնկի մէջ, ան գրաւած է իւրաքանչիւր հոնկքոնկցիի միտքն ու սիրտը: Մեծ անուն մըն է, որուն մասին իւրաքանչիւր հոնկքոնկցի հպարտութեամբ կը խօսի:
»Վստահաբար լսած էք Խաչիկ-Փոլ-Չաթերի մասին«, եղաւ հարցումներէն մէկը՝ ճամբայ հարթելու համար աշխատանքէ դուրս ազգային կեանքի մասին խօսակցութեան մը:
»Անշուշտ«, եղաւ բոլորին հաստատական պատասխանը: »Անգլիացի մեծ գործարար մըն է, որ շինած եւ կերտած է մեր քաղաքը«, հպարտութեամբ ըսին բոլորը: Անգլիացի մեծ գործարար մըն էր անոնց համար: Պէտք էր, որ աւելի տեղեկութիւն ունենային այս մեծ մարդուն մասին…:
»Ան հայ մըն է ինծի համար«, եղաւ իմ ակնարկս՝ յաւելեալ լուսաբանութիւն տալով գործակիցներուս ու ջանալով անոնց Չաթերի նկատմամբ ունեցած հպարտութեան եւ հմայքին վրայ աւելցնել բան մը: Գործակիցներուս համար այս մէկը նորութիւն կրնայ ըլլալ, սակայն հայ ժողովուրդին ու հայութեան մասին անոնք տեղեակ են, գիտեն Ցեղասպանութեան մասին, թէ ինչո°ւ հայ ժողովուրդը աշխարհով մէկ տարածուած է այսօր:
Խաչիկ-Փոլ-Չաթերի կը հանդիպիս, երբ կը քալես Հոնկ Քոնկի փողոցներէն: Անոր ներդրումը մեծ եղած է շինարարական եւ տնտեսական շատ մը բնագաւառներու մէջ: Ան եղած է առաջին անձը, որ մտածած է ովկիանոսէն տարածքներ առնելու մասին՝ կղզին ընդարձակելու համար: Հանքային պեղումներ ըրած է եւ հիմնած է տարբեր տեսակի գործատուներ՝ տնտեսութիւնը բարգաւաճեցնելու համար: Ան գիտակցած էր Հոնկ Քոնկի աշխարհագրական դիրքին եւ թափ տուած էր վաճառականութեան եւ նաւահանգիստի գործածութեան: Դրամատնային ցանցեր ստեղծելով՝ Հոնկ Քոնկը վերածած էր շրջանին մէջ կարեւոր քաղաքի՝ տնտեսական իմաստով: Մէկ խօսքով, կերտած է »կայսրութիւն« մը, որ այսօր տակաւին կ’ապրի եւ խօսիլ կու տայ իր մասին:
1846 թուականին ծնած է Կալկաթա (Հնդկաստան), անոր ընտանիքի անդամները եղած են հայ վաճառականներ: Սերած է բազմանդամ ընտանիքէ՝ 14 քոյր եւ եղբայր: Հօրենական մականունը եղած է »Աստուածատուր«, այսինքն՝ Աստուծոյ պարգեւը, եւ ան դարձած է իսկական պարգեւ մը, անկախ այն երեւոյթէն, թէ փոքր տարիքէն մնացած է որբ եւ նիւթական աջակցութեան կարիք ունեցող: 18 տարեկանին հասած է Հոնկ Քոնկ՝ առանց նիւթական ապահովութեան: Հայու աշխատասիրութեամբ եւ ինքնաշխատութեամբ կերտած է հայկական ու համամարդկային կեանք: Գիտցած է խոհեմութեամբ »կեանքի աստիճանները« մէկ առ մէկ բարձրանալ եւ հասնիլ մինչեւ արքունիքի գործադիր խորհուրդի խորհրդականի պաշտօնին:
»Երիտասարդ հայը Կալկաթայէն է, Հոնկ Քոնկը իր ամբողջութեամբ անոր հետ առնչուած է«, կ’ըսէ պատմական վկայութիւն մը: »Ան ամէն տեղ է, եւ առանց իր աջակցութեան ո°չ մէկ գործառնութիւն կը կատարուի: Ան Հոնկ Քոնկի հայրն է ամէն իմաստով«: Եւ այս՝ տնտեսական գործառնութեամբ եւ մարդասիրական բարեսիրական իմաստով:
Խաչիկ-Փոլ-Չաթեր իր հարստութիւնը կերտեց մարդկութեան եւ հայ ժողովուրդին հետ…: Ան օժանդակեց բարեսիրական շատ մը գործունէութիւններու, տեղական համալսարանին, եկեղեցաշինութեան եւ տակաւին…: Ան իր հարստութեան մէկ մասը դրաւ կալկաթահայութեան եւ հնդկահայութեան Ս. Նազովրեցի եկեղեցւոյ եւ Հայոց մարդասիրական ճեմարանի տրամադրութեան տակ: Խաչիկ-Փոլ-Չաթերի աւանդը այսօր կը գոյատեւէ ու կը շարունակուի, հեռաւոր Կալկաթայի Հայոց մարդասիրական ճեմարանին մէջ տակաւին կþուսանին հարիւրէ աւելի հայ պատանիներ՝ հայկական տարբեր միջավայրերէ: Չաթեր այն հայն է, որ »ճաշակած է« կարիքաւորի դառնութիւնը եւ պարտք զգացած է օգնելու իր ժողովուրդի կարիքաւորներուն, իսկ անոր այդ նպատակը տակաւին կը շարունակուի՝ վերանորոգուած պարունակով: Չաթեր իր կենդանութեան հասաւ նաեւ 1915-ի Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայութեան կեանքերու պահպանման՝ այդ օրերուն ձեռնարկուած հանգանակութեան մէջ իր կարեւոր նպաստը բերելով:
Չաթեր մահացաւ 1926 թուականին: Իր մահուան գոյժը ցնցեց նոյնիսկ Հոնկ Քոնկի սակարանը, որ այդ օր դադրեցաւ աշխատանքէ՝ կանխարգիլելու համար տնտեսական որեւէ ցնցում:
Չաթեր թաղուած է Հոնկ Քոնկ, բայց անոր սրտին տրոփիւնը տակաւին զգալի է Հոնկ Քոնկի տարբեր շրջաններուն մէջ, ուր կը շրջագայիս: Իր անունով կոչուած են քաղաքին կարգ մը փողոցները, հանրային պարտէզները, տնտեսական շէնքերը:
Իսկ այն, ինչ որ մեզի կը մնայ Չաթերի աւանդն ու սրտի տրոփիւնն է: Աւանդը՝ հայութեան, եւ տրոփիւնը՝ մարդկութեան: Այսպէս է, որ կերտուած է հայկական ու համամարդկային կեանքը, եւ նոյնը ընելու աւանդ է փոխանցուածը:
Խաչիկ-Փոլ-Չաթեր համամարդկային հայը շատ բան տուաւ հայ ժողովուրդին ու մարդկութեան: Հայկական անուն մը, որ պատմութեան մէջ արժանիօրէն արձանագրուած է իբրեւ համամարդկային հայը:
Ասիկա սփիւռքահայութեան տոկալու հրամայականն է: Համամարդկային կեանքի մէջ տոկալ ու կերտել կեանքը՝ հայկական նկարագիրով: