Հոկտեմբեր 21-ին, Երեւանի մէջ »Թէքէեան« Մշակութային Միութիւնը, պարգեւատրեց »Գալուստ Կիւլպէնկեան« հիմնարկի հայկական բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Զաւէն Եկաւեանը, »Ադամանդակուռ Արարատ« շքանշանով:
Ձեռնարկին ներկայ գտնուած են բազմաթիւ մտաւորականներ: Յակոբ Աւետիքեան պատշաճօրէն ներկայացուց դոկտ. Զաւէն Եկաւեանը:
Գրականագէտ Եուրի Տէր Խաչատրեան խօսք առնելով, ըսաւ.- »Հայագիտութիւնը մեր ժողովրդի համար գիտական բոլոր ասպարէզներից կարեւորագոյնն է: Հայագիտութիւնն է լայն առումով, որ վկայում է մեր ժողովուրդի ինքնագիտակցութեան աստիճանի եւ մակարդակի մասին: Թէ որքանով է ինքն իրեն գիտակցում իբրեւ որոշակի մշակոյթի տէր, ստեղծող ու շարունակող, երեւում է մշակոյթի հանդէպ նրա վերաբերմունքից: Մեր պարագայում դա հայագիտութիւնն է եւ ինչ որ արել է դոկտ. Եկաւեանն այս ասպարէզում, անկարելի է գերագնահատել: Բաւական է միայն Մատենագիրք Հայոց մատենաշարի վիթխարի հատորները թերթատել: Մեր պատմութեան, մեր հայագիտութեան բոլոր շրջանները շատ խորն էին ուսումնասիրուած եւ մանրամասնօրէն: Այդ հատորները սպասում էին իրենց հրատարակիչին եւ դոկտ. Զաւէն Եկաւեանը իրականացրեց այդ գործը«:
Նաեւ խօսք առին Կարպիս Սուրէնեան եւ Շահէն Խաչատրեան, որոնք նշեցին դոկտ. Եկաւեանի կատարած հսկայական աշխատանքը հայկական կրթութեան եւ մշակոյթին համար եւ յայտնեցին թէ այս պատահածը մեծարանքի շարքային հանդիսութիւն մը չէ, այլ՝ երախտագիտութիւն յայտնելու առիթ:
Իր կարգին պարգեւատրեալը խօսք առնելով, ըսաւ.- »Հայրենասիրութիւնը մէկ սերունդի խնդիր չէ, այլ քիչ մը ժառանգութեան եւ պատրաստութեան հարց է: Ինչ որ կը պարտիմ անցեալի սերունդին, կը պարտիմ, իմ հօրս. շատ լաւ հայ մեծցուցած է զիս, իր յիշատակը թող անմար մնայ: Այդ դժուար պայմաններուն մէջ, կրցած է մեզ ազգային ոգիով պահել եւ կերտել:…Ձեզի գաղտնիք մը յայտնեմ.- մեր հիմնարկի գաղափարախօսութիւնը կը համընկնի Թէքէեանի գաղափարախօսութեան հետ: Մենք կը գործենք այդ ձեւով լինել պարկեշտ հայ քաղաքացիներ, օգնել առանց խտրականութեան, աջին եւ ձախին, վերեւին եւ վարին, այրիին եւ որբուկին: Քանի ես եմ, կը խոստանամ շարունակել այդ քաղաքականութիւնը: Պիտի կարողանանք մեր միութիւնը, սէրը, զօրակցութիւնը հասցնել արդիւնքի եւ մեր ազգը վերստին պիտի գրաւէ իր ուրոյն ու պատուական դիրքը«: