ԾԵՐԱԿՈՅՏԻ ՕՐԻՆԱԳԻԾԸ ԿԸ ԽԱՌՆԷ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՔԱՐՏԵՐԸ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ԵՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ, ԵՒ ԱՆԿԷ ԱՆԴԻՆ

0 0
Read Time:11 Minute, 6 Second

ՅԱ­ՐՈՒԹ ՍԱ­ՍՈՒՆ­ԵԱՆ

 

Հոկ­տեմ­բեր 21ին Հա­յաս­տան-Թուրք­իա ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը վա­ւե­րաց­ման հա­մար թրքա­կան խորհր­դա­րա­նին ներ­կա­յաց­նե­լու ըն­թաց­քին, ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ահ­մէթ Տա­ւու­թօղ­լու բա­ցա­յայ­տեց իր կա­ռա­վա­րու­թեան իս­կա­կան մտադ­րու­թիւնը:

 Տա­ւու­թօղ­լու նշեց, թէ Հա­յաս­տա­նի կող­մէ հա­մա­ձայ­նու­թեան ըն­դու­նու­մը, նե­րառ­եալ պատ­մա­կան ար­խիւ­նե­րու ու­սում­նա­սի­րու­թեան պայ­մա­նը, ցու­ցա­նիշ է, թէ այ­լեւս հա­յե­րը չեն պնդեր պատ­մու­թեան իրենց մի­ա­կող­մա­նի մեկ­նա­բա­նու­թեան վրայ: Ան նա­եւ նշեց, թէ ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը կը պաշտ­պա­նեն Թուրք­իոյ տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւնը ընդ­դէմ ապա­գա­յի հայ­կա­կան որե­ւէ պա­հան­ջի« վե­րա­հաս­տա­տե­լով անց­եա­լի դա­շինք­նե­րու վրայ հիմն­ուած ներ­կայ սահ­ման­նե­րուն վա­ւե­րա­կա­նու­թիւնը : Ան նա­եւ դի­տել տուաւ, թէ հա­մա­ձայ­նու­թիւնը պի­տի նպաս­տէ »Ատր­պէյ­ճա­նի տա­րածք­նե­րուն ազա­տագր­ման«, ակ­նար­կե­լով Ղա­րա­բա­ղին (Ար­ցախ):

Հասկ­նա­լի ըլ­լա­լով հան­դերձ, որ Տա­ւու­թօղ­լուն պի­տի փոր­ձէր կա­րե­լի լա­ւա­գոյն բնո­րո­շու­մը տալ ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րուն՝ ապա­հո­վե­լու հա­մար անոնց վա­ւե­րա­ցու­մը Թրքա­կան խորհր­դա­րա­նին կող­մէ, իր նշած այդ երեք առա­ւե­լու­թիւն­նե­րը՝ իսկ եւ իսկ այն պատ­ճառ­ներն են« որոնց հա­մար հա­յու­թեան մե­ծա­գոյն մա­սը այն­քան ուժգ­նօ­րէն առար­կեց այս հա­մա­ձայ­նու­թեան դէմ:     

Ակն­կալ­ուա­ծին հա­մա­ձայն, Տա­ւու­թօղ­լու խիստ կեր­պով քննա­դատ­ուե­ցաւ խորհր­դա­րա­նա­կան ընդ­դի­մա­դիր կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն կող­մէ, որոնք կը մեր­ժէ­ին ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը: Սա­կայն ամէ­նէն աւե­լի չակն­կալ­ուած յար­ձա­կու­մը եկաւ խորհր­դա­րա­նի քրտա­կան հատ­ուա­ծի ղե­կա­վար՝ Սե­լա­հետ­տին Տե­միր­թա­շի կող­մէ, որ քննա­դա­տեց կա­ռա­վա­րու­թիւնը »Հայ­կա­կան ջար­դե­րուն« իրո­ղու­թիւն­նե­րուն խե­ղա­թիւր­ման եւ ու­րաց­ման հա­մար: Այս­պի­սի քննա­դա­տու­թիւն եր­բեք չէր հնչած Թրքա­կան խորհր­դա­րա­նին մէջ: Տե­միր­թաշ հա­մար­ձա­կօ­րէն շա­րու­նա­կեց. »Մենք կը հա­ւա­տանք, որ մենք ներ­կա­յիս պէտք ու­նինք քննար­կե­լու հարց մը, որ շատ մեծ տա­ռա­պանք պատ­ճա­ռած է հայ ժո­ղո­վուր­դին« եւ որ կը հան­դի­սա­նայ Թրքա­կան հան­րա­պե­տու­թեան դի­մագ­րա­ւած գլխա­ւոր հար­ցե­րէն մէ­կը: Հա­րիւր տա­րի առաջ« Իթ­թի­հա­տա­կան կու­սակ­ցու­թիւնը ամ­բողջ Անա­տո­լուն իս­լա­մաց­նե­լու եւ թրքաց­նե­լու քա­ղա­քա­կա­նու­թեամբ մը, փոր­ձեց այդ հո­ղե­րէն բնաջն­ջել ոչ-իս­լամ­նե­րը, յատ­կա­պէս հայ ժո­ղո­վուր­դը« աք­սո­րի« ար­տաքս­ման, տե­ղա­հան­ման եւ ջար­դե­րու մի­ջո­ցաւ«:

Ան­տե­սե­լով իշ­խող (Ար­դա­րու­թիւն եւ Բար­գա­ւա­ճում կու­սակ­ցու­թեան) ան­դամ­նե­րուն եւ ու­րիշ­նե­րու անար­գա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը, Տե­միր­թաշ դա­տա­պար­տեց կա­ռա­վա­րու­թեան ու­րաց­ման քա­ղա­քա­կա­նու­թիւնը, որ կը նպա­տա­կադ­րէր խու­սա­փիլ այդ »ող­բեր­գու­թեան« հե­տե­ւանք­նե­րէն, փու­թաց­նե­լով »կեղծ պատ­մու­թեան մը« ստեղ­ծու­մը: Ան դի­տել տուաւ, թէ հա­յոց հա­լա­ծանք­ներն ու ջար­դե­րը կը ներ­կա­յաց­ուին իբ­րեւ եր­բեք չպա­տա­հած բա­ներ: »Մենք պէտք ու­նինք խօ­սե­լու այս բո­լոր բա­նե­րուն մա­սին եւ սրբագ­րե­լու մեր անց­եա­լը«,- եզ­րա­կա­ցուց Տե­միր­թաշ:

Թրքա­կան խորհր­դա­րա­նին առ­ջեւ ելոյթ ու­նե­նա­լէն ան­մի­ջա­պէս ետք, Տա­ւու­թօղ­լու ուղղ­ուե­ցաւ Պա­քու, որ­պէս­զի հան­դար­տեց­նէ ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րուն ստո­րագր­ման դէմ բարձ­րա­ցած ատր­պէյ­ճա­նա­կան փո­թո­րի­կը: Գի­տակ­ցե­լով անոնց զայ­րոյ­թին խո­րու­թիւնը, Տա­ւու­թօղ­լու ստիպ­ուած եղաւ կարգ մը ար­տա­ռոց յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ ընել. »Ատր­պէյ­ճա­նի հո­ղե­րը սուրբ են մե­զի հա­մար եւ անոնց ազա­տագ­րու­մը Թուրք­իոյ թիւ մէկ առաջ­նա­հեր­թու­թիւնն է: Մենք մեր դիր­քը պի­տի  չփո­խենք նոյ­նիսկ եթէ եր­կին­քը փուլ գայ«: Ան նա­եւ անոնց վստա­հե­ցուց, թէ՝ »եթէ պէտք ըլ­լայ, 72 միլի­ոն թուր­քեր պատ­րաստ են զոհ­ուե­լու Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ«: Սա­կայն Տա­ւու­թօղլ­ուի չա­փա­զանց փքու­ռոյց յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը մեծ տպա­ւո­րու­թիւն չթո­ղու­ցին Ատր­պէյ­ճա­նի ղե­կա­վար­նե­րուն վրայ: Անոնք շա­րու­նա­կե­ցին փա­կել Թուրք­իոյ կող­մէ ֆի­նան­սա­ւոր­ուած մզկիթ­նե­րը« Պաք­ուի մէջ թուրք նա­հա­տակ­նե­րուն նուիր­ուած յու­շա­կո­թո­ղէն վեր­ցու­ցին թրքա­կան դրօ­շակ­նե­րը« եւ սպառ­նա­ցին բարձ­րաց­նել Թուրք­իոյ վա­ճա­ռուող բնա­կան կա­զին գի­նը:

Մինչ Տա­ւու­թօղ­լու զբա­ղած էր Պաք­ուի մէջ, Ուա­շինկ­թը­նէն հա­սած շտապ լուր մը խառնշտ­կեց Ան­գա­րա­յի քա­ղա­քա­կան քար­տե­րը: Մի­աց­եալ նա­հանգ­նե­րու Ծե­րա­կոյ­տի օրա­կար­գին վրայ դրուե­ցաւ օրի­նա­գիծ մը, որ կոչ կ°ուղ­ղէ Հայ­կա­կան Ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­հաս­տատ­ման: Այս չակն­կալ­ուած զար­գա­ցու­մը հզօր պատ­գամ մը ու­ղար­կեց ոչ միայն Թուրք­իոյ, այ­լեւ Հա­յաս­տա­նի, Ռու­սաս­տա­նի, Եւ­րո­պա­կան միու­թեան եւ Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն:

Թուրք ղե­կա­վար­նե­րը սոս­կու­մով յայտ­նա­բե­րե­ցին, թէ ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը վերջ պի­տի չդնէ­ին իրենց նա­խա­հայ­րե­րուն կող­մէ գործ­ուած՝ ցե­ղաս­պա­նու­թեան ոճի­րին ճա­նաչ­ման եւ ար­դա­րու­թեան հե­տապնդ­ման  ճի­գե­րուն:

Ուա­շինկ­թը­նի մէջ Թուրք­իոյ դես­պան Նա­պի Շեն­սոյ ահա­զան­գի մատն­ուե­ցաւ այս անակն­կալ զար­գա­ցու­մին դի­մաց« եւ ժա­մա­նակ չկորսն­ցուց դա­տա­պար­տե­լու Ծե­րա­կոյ­տի օրի­նա­գի­ծը »Ամե­րի­կա­յի Ձայն«էն (Voice of America) ձայ­նասփռ­ուած հար­ցազ­րոյ­ցի մը ըն­թաց­քին: Ան օրի­նա­գի­ծին առա­ջադր­ման ժա­մա­նա­կը (»թայ­մինկ«)«—որ ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րուն Թրքա­կան խորհր­դա­րա­նին յղուե­լուն ճիշդ յա­ջորդ օր­ուան կը զու­գա­դի­պէր«— որա­կեց իբ­րեւ »ցա­ւա­լի« եւ »դժբախտ«: Սա­կայն յար­գե­լի դես­պա­նը չնշեց, թէ ո°ր ժա­մա­նա­կը աւե­լի յար­մար պի­տի ըլ­լար այդ­պի­սի օրի­նա­գիծ մը ներ­կա­յաց­նե­լու հա­մար…

Թուրք­իոյ ղե­կա­վար­նե­րը այժմ կը գտնուին եր­կա­սայ­րա­բա­նու­թեան մը դի­մաց: Եթէ աճա­պա­րեն վա­ւե­րաց­նե­լու ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը, որ­պէս­զի ար­գելք հան­դի­սա­նան Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու Տան եւ Ծե­րա­կոյ­տի օրի­նա­գի­ծե­րուն քա­ղա­քա­կան նե­ցուկ ապա­հո­վե­լուն, անոնք պի­տի օտա­րաց­նեն իրենց քա­րիւ­ղա­շատ ատր­պէյ­ճան­ցի »եղ­բայր­նե­րը«՝ Ղա­րա­բա­ղի հար­ցով իրենց խոս­տում­նե­րը չյար­գել­նուն պատ­ճա­ռով: Միւս կող­մէ« եթէ թուրք ղե­կա­վար­նե­րը յա­պա­ղեն ար­ձա­նագ­րու­թեանց վա­ւե­րա­ցու­մը՝ 24 Ապ­րի­լէն ան­դին, սպա­սե­լով որ Հա­յաս­տան զի­ջում­ներ կա­տա­րէ Ար­ցա­խի հար­ցով, անոնք կրնան դէմ յան­դի­ման գտնուիլ Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու Տան« կամ Ծե­րա­կոյ­տին« եւ կամ  եր­կու­քի°ն կող­մէ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան օրի­նագ­ծի վա­ւե­րաց­ման վտան­գին: Տրուած ըլ­լա­լով, որ 2010ը ընտ­րա­կան տա­րի է Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու Տան բո­լոր ան­դամ­նե­րուն« ինչ­պէս նա­եւ Ծե­րա­կոյ­տի մէկ եր­րոր­դին հա­մար, Քոնկ­րէ­սի ան­դամ­ներ ընդ­հան­րա­պէս աւե­լի հա­կա­մէտ կը գտնուին հա­ճու­թիւնը շա­հիլ իրենց քու­է­ար­կող­նե­րուն, ինչ որ կը բարձ­րաց­նէ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան օրի­նա­գի­ծին վա­ւե­րաց­ման հա­ւա­նա­կա­նու­թիւնը: Առա­ւել« նոյ­նիսկ եթէ նա­խա­գահ Օպա­մա մտա­դիր չէ Հայ­կա­կան Ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բեր­եալ իր նա­խընտ­րա­կան խոս­տու­մը յար­գե­լու, ան ինք­զինք պար­տա­ւոր­ուած պի­տի զգայ ճնշում բա­նեց­նե­լու թուր­քե­րուն վրայ, որ­պէս­զի անոնք Ապ­րիլ 24էն առաջ վա­ւե­րաց­նեն ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը՝ Ար­ցա­խի խնդրով Հա­յաս­տա­նի կող­մէ զի­ջում­նե­րով կամ առանց ատոնց, որ­պէս­զի երե­սը ճերմկց­նե­լիք քօղ մը ու­նե­նայ իր յա­ջորդ »Մեծ Եղեռն« բա­ռա­կա­պակ­ցու­թիւնը պա­րու­նա­կե­լիք ելոյ­թին հա­մար…

Հե­տե­ւա­բար եթէ Հա­յաս­տա­նի ղե­կա­վար­նե­րը ամուր կանգ­նին Ար­ցա­խի վե­րա­բեր­եալ զի­ջում­ներ ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րուն հետ չկա­պե­լու՝ իրենց բա­զում հրա­պա­րա­կա­յին յանձ­նա­ռու­թիւն­նե­րուն վրայ, անոնք Ան­գա­րա­յի առ­նե­լիք յա­ջորդ քայ­լը հա­կակշ­ռող ղե­կը կրնան իրենց ձեռ­քին մէջ պա­հել:

Նա­խա­գահ Սարգս­եան նա­եւ պէտք է յար­գէ իր այն հան­դի­սա­ւոր խոս­տու­մը թէ՝ ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը ար­գելք պի­տի չհան­դի­սա­նան Հա­յաս­տա­նի՝ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման մի­տող ջան­քե­րուն: Այս խնդրին մէջ իր վճռա­կան ըլ­լա­լը ապա­ցու­ցա­նե­լու հա­մար իբ­րեւ առա­ջին քայլ՝ Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հը կրնայ նա­մակ մը յղել Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու Տան եւ Ծե­րա­կոյ­տի ղե­կա­վա­րու­թիւն­նե­րուն, քա­ջա­լե­րե­լով զա­նոնք որ­պէս­զի վա­ւե­րաց­նեն ներ­կա­յաց­ուած օրի­նա­գի­ծը: Հարկ է նշել, թէ Թուրք­իոյ կա­ռա­վա­րու­թիւնը եր­բեք չէ վա­րա­նած գոր­ծա­ծե­լու իր քա­ղա­քա­կան նկա­տա­ռե­լի կշի­ռը՝ լոպի­ին­կի աշ­խա­տանք տա­նե­լու հա­մար Հայ­կա­կան Ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րող անց­եա­լի քոնկ­րէ­սա­կան օրի­նա­գի­ծե­րուն դէմ: Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու Քոնկ­րէ­սին քա­ջա­լե­րա­կան պարզ նա­մակ մը ղրկե­լը նուա­զա­գոյնն է, զոր նա­խա­գահ Սարգս­եան կրնայ ընել…

Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան նե­ցու­կը նոր ներ­կա­յաց­ուած օրի­նա­գի­ծին՝ պատ­գամ մը պի­տի յղէր նա­եւ Ուա­շինկ­թը­նի, Մոսկ­ուա­յի եւ ան­կէ ան­դին թէ՝ Հա­յաս­տան չի հրա­ժա­րիր իր պատ­մա­կան իրա­ւունք­նե­րէն, հա­կա­ռակ անոր որ ան ճնշու­մի կ’են­թարկ­ուի մեծ զի­ջում­ներ կա­տա­րե­լու ու­րիշ մար­զե­րու մէջ:

Ժա­մա­նակն է, որ Հա­յաս­տա­նի ղե­կա­վար­նե­րը վե­րագ­նա­հա­տեն երկ­րին վտան­գա­ւոր կա­ցու­թիւնը« եւ դի­մեն բո­լոր անհ­րա­ժեշտ մի­ջոց­նե­րուն՝ ու­րիշ սխալ քայ­լե­րէ խու­սա­փե­լու հա­մար:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles