ՃՇԴԵՆՔ ՄԵՐ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

0 0
Read Time:8 Minute, 22 Second

ՏՈՔԹ. ԱՐԱ ԳԱԲՐԻ­ԷԼ­ԵԱՆ

 Մտա­ւո­րա­կան« գրող »Բա­գին«ի խմբա­գիր Յա­կոբ Պալ­եա­նը՝ առանց ըսե­լի­քը ծամծ­մե­լու« բա­ւա­կան եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր« մա­մու­լի մի­ջո­ցաւ հան­րու­թեան ու­շադ­րու­թեա­նը կը յանձ­նէ հե­տեւ­եալ պարզ եւ սա­կայն յա­ճախ ան­տես­ուած ճշմար­տու­թիւն­ներ« կապ­ուած մեր ազ­գա­յին առօր­եայ կեան­քին ու հա­ւա­սա­րա­պէս մեր ապա­գա­յին հետ: Որո՞նք են այդ իրո­ղու­թիւն­նե­րը՝ ա) հայ­րե­նի­քի հաս­կա­ցո­ղու­թիւնը՝ իր ընդ­հան­րա­կան իմաս­տով« սահ­մա­նա­փակ­ուած չէ Հա­յաս­տանի Հան­րա­պե­տու­թեան 30.000 քառ. քի­լո­մեթ­րի հռչա­տա­րած­քով« այլ կ’ընդգր­կէ Ար­ցա­խի Հան­րա­պե­տու­թիւնը« Նա­խի­ջե­ւանն ու Թուրք­իոյ կող­մէ տա­կա­ւին բռնագ­րաւ­ուած Արեւմտ­եան Հա­յաս­տա­նը« բ) Հայ Դա­տի աշ­խա­տան­քը միայն Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նա­չու­մը ապա­հո­վե­լը չէ« այլ կ’են­թադ­րէ հո­ղա­հա­ւա­քի եւ հա­յա­հա­ւա­քի զոյգ առա­ջադ­րանք­նե­րը« որոնք շատ աւե­լի կեն­սա­կան նպա­տակ­ներ են քան միմ­իայն Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը՝ թե­կուզ մին­չեւ իսկ Թուրք­իոյ կող­մէ« գ) Սփիւռ­քը մի­ա­տարր ամ­բող­ջու­թիւն մը չէ այլ մեր ող­բեր­գա­կան պատ­մու­թեան հե­տե­ւան­քով« կը բաղ­կա­նայ տար­բեր մա­սե­րէ կազմ­ուած հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րէ« դ) Հա­յոց լեզ­ուի ու մշա­կոյ­թի պահ­պա­նումն ու զար­գա­ցու­մը եւ անոնց փո­խան­ցու­մը ներ­կայ եւ ապա­գայ սե­րունդ­նե­րուն հա­յա­պահ­պան­ման կեն­սա­պայ­ման է:

Վե­րին աս­տի­ճա­նի զար­մա­նա­լի ու նոյ­նիսկ վի­րա­ւո­րա­կան է« որ այս հար­ցե­րու շուրջ մեր մտա­ւո­րա­կան­ներն ու ազ­գա­յին կեան­քի մէջ դե­րա­կա­տար ան­ձիք« յայտ­նի դէմ­քեր« ընդ­հան­րա­պէս լուռ կը մնան:

Վե­րո­յիշ­եալ իրո­ղու­թիւն­նե­րը՝ իրենց ընդ­հա­նուր գի­ծե­րու մէջ« (մա­նա­ւա°նդ առա­ջին եր­կու­քը) փո­խա­նակ տե­ւա­բար ար­ծար­ծե­լու« անոնց­մով սե­րունդ­ներ դաստ­ի­ա­րա­կե­լու« ազ­գա­յին տես­լա­կա­նով ներշն­չե­լու« կը բա­ւա­րար­ուինք կրօ­նա­կան հա­մայն­քի մը (միլլի­էթ) հո­գա­բա­նու­թեամբ ապ­րիլ:

Այս­տեղ փա­կա­գիծ մը բա­նա­լով կ’ու­զեմ նշել« որ հա­յա­հա­ւաք կը նշա­նա­կէ պայ­ման­նե­րու նե­րած չա­փով աշ­խա­տիլ իրենց ֆի­զի­քա­կան կամ ազ­գա­յին գո­յու­թեա­նը սպառ­նող հա­յեր տե­ղա­փո­խե­լու Հա­յաս­տան կամ Ար­ցախ« եւ կամ Սփիւռ­քը կազ­մա­կեր­պել այն­պէս« որ հա­մայն­քա­յին կեան­քի մէջ նե­րառն­ուին ինք­զինք­նին տա­կա­ւին հայ հա­մա­րող ան­հատ­ներ:

Ազ­գա­յին նպա­տակ­նե­րու բա­ցա­կա­յու­թիւնը կամ տես­լա­կա­նի պա­կա­սը իր ամ­բողջ մեր­կու­թեամբ ակ­նե­րեւ դար­ձան վեր­ջերս« երբ Ա.Մ.Ն.ի եւ Գա­նա­տա­յի ազ­գա­յին գլխա­ւոր կազ­մա­կեր­պու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը հա­ւաք­ուած էին խորհր­դակ­ցա­կան հան­դիպ­ման՝ Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գահ Սերժ Սարգս­եա­նի հետ« տխրահռ­չակ հայևթուրք պայ­մա­նագ­րի նա­խա­շե­մին: Չա­փա­զան­ցու­թիւն թող չթուի եթէ ըսեմ« որ բա­ցի Դաշ­նակ­ցու­թեան եւ անոր յա­րա­կից միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն միւս բո­լո­րը ընդ­հան­րա­պէս իրենց ոչ լրջօ­րէն բա­նա­ձեւ­ուած ար­տա­յայ­տու­թիւննե­րու մէջ գրե­թէ չյի­շա­տա­կե­ցին ան­գամ մեր հայ­րե­նի­քի ան­բա­ժա­նե­լի մա­սը կազ­մող Արեւմ­տա­հա­յաս­տա­նի նկատ­մամբ մեր ան­ժա­ման­ցե­լի իրա­ւունք­նե­րը­ հե­տապն­դե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւնը: Մեկ­նե­ցան սրա­հէն գոհ ու եր­ջա­նիկ հայ­րե­նի­քի ու ազ­գի ճա­կա­տա­գի­րը կու­րօ­րէն վստա­հե­լով կաս­կա­ծե­լի պայ­ման­նե­րու տակ ընտր­ուած նա­խա­գա­հին եւ իր գլխա­ւո­րած վար­չա­կար­գի ան­դամ­նե­րուն:

Չես գի­տէր  ի՞նչ տրա­մա­բա­նու­թեամբ տա­րի­նե­րով Մոսկ­ուա­յի հայ գա­ղու­թի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ՝ Անդ­րա­նիկ Միհ­րան­եան հրա­ւիր­ուած էր մաս­նակ­ցե­լու վե­րո­յիշ­եալ խորհր­դակ­ցու­թեան Ա.Մ.Ն.ի եւ Գա­նա­տա­յի հա­մայնք­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու կող­քին« սա­կայն ազ­գա­յին նուա­զա­գոյն ար­ժա­նա­պա­տուու­թեան տէր որե­ւէ հայ մար­դու հա­մար ամէ­նէն վի­րա­ւո­րա­կան ու ընդվ­զե­ցու­ցիչ երե­ւոյ­թը այն էր« որ պրն. Միհ­րան­եան՝ վար­կա­բերկ­ուած TARKևի ան­դամ­նե­րէն մէ­կը« խոս­տո­վա­նե­լէ յե­տոյ« որ ար­մատ­նե­րով Մշե­ցի է« մեր պա­հան­ջա­տի­րու­թիւնը »դի­ձա­բա­նու­թիւն եւ ցնդա­բա­նու­թիւն« որա­կեց:

Ի գի­տու­թիւն Անդ­րա­նիկ Միհ­րան­եա­նին իր նման մտա­ծող­նե­րուն« ազ­գա­յին ժա­ռան­գու­թեան մաս կը կազ­մեն ոչ միայն մեր լեզուն« մշա­կոյթն ու եկե­ղե­ցին այլ նա­եւ հայ­րե­նի­քի աւե­լի քան 80 տո­կո­սը կազ­մող մեր տա­րած­քը: Ան­շուշտ« տար­րա­կան տրա­մա­բա­նու­թեան ու բա­նա­կա­նու­թեան տէր որե­ւէ խե­լա­հաս հա­յու մտքէն չ’անց­նիր պա­տե­րազմ յայ­տա­րա­րել Թուրք­իոյ դէմ յա­նուն այդ հո­ղե­րուն« բայց մի­ա­ժա­մա­նակ որե­ւէ հայ պէտք չէ վերջ­նա­կա­նա­պէս հաշտ­ուի այ­սօր­ուան մե­զի պար­տադր­ուած կա­ցու­թեան հետ« այլ ար­թուն պա­հան­ջա­տէ­րը պէտք է մնայ միշտ պատ­րաստ՝ ամէն առի­թով մեր ան­ժա­ման­ցե­լի իրա­ւունք­նե­րը պաշտ­պա­նե­լու:

Երբ յա­ճախ զու­գա­հեռ­ներ կը մատ­նան­շենք մեր ու հրեայ ժո­ղո­վուր­դի վե­րա­բեր­եալ« կը մոռ­նանք« որ հրեա­նե­րը 2000 տա­րի« սե­րուն­դէևսե­րունդ կեն­դա­նի պա­հե­ցին Իս­րա­յէլ վե­րա­դառ­նա­լու երա­զը: Ան­կա­րե­լիու­թիւն թուա­ցող երա­զը իրա­կա­նու­թիւն դար­ձաւ« որով­հե­տեւ ժո­ղո­վուր­դը պատ­րաստ էր Իս­րա­յէլ ստեղ­ծե­լու: Մենք 100 տարի­էն պա­կաս է« որ աք­սոր­ուած ենք մեր հայ­րե­նա­կան հո­ղե­րէն եւ ահա« իրենք զի­րենք ազ­գա­յին դէմ­քեր նկա­տող »ղե­կա­վար­ներ« խրատ կու տան« որ մոռ­նանք մեր բռնագ­րաւ­ուած հայ­րե­նի­քը յա­նուն իրա­տե­սու­թեան կամ ոմանց հա­մար հա­սու­թա­բեր առեւ­տու­րի:

Թե­րեւս եթէ Պալ­եա­նի խոր­հուր­դին հա­մա­ձայն տե­ւա­բար քննար­կէ­ինք մեր պա­հան­ջա­տի­րու­թեան հար­ցը նե­րազ­գա­յին ճա­կա­տի վրայ (հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րով« հե­ռա­տե­սի­լի ծրա­գիր­նե­րով« դա­սա­խօ­սու­թիւն­նե­րով« կլոր սե­ղա­նի շուրջ հար­ցի քննար­կու­մով) այն ժա­մա­նակ նոյ­նիսկ պա­հ­պա­նո­ղա­կան շրջա­նա­կի պատ­կա­նող մար­դիկ չէ­ին հանդգ­նիր ամօ­թա­լի ու պար­տուո­ղա­կան վե­րա­բեր­մունք ցոյց տալ ճա­կա­տագ­րա­կան հար­ցե­րու շուրջ:

Protocol կոչ­ուած պայ­մա­նագ­րի առի­թով ստեղծ­ուած անշն­չե­լի մթնո­լոր­տը« որը խո­րա­պէս ցնցեց մտա­ծող ու տագ­նա­պող մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րը նա­եւ առի­թը ըն­ծա­յեց« որ մեր ու­շադ­րու­թեան կեդ­րո­նը դարձ­նենք մեր ազ­գա­յին գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւնը« ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րու հան­րա­գու­մա­րը« որ­պէս­զի հա­մա­պա­տաս­խան ընդ­հա­նուր կեց­ուածք ճշդենք Հայ Դա­տի նկատ­մամբ: Ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան սկզ­բունք­նե­րու հա­մա­ձայն բազ­մա­կար­ծու­թիւնը կրնայ բա­րե­նիշ նկատ­ուիլ երբ հար­ցը ռազ­մա­վա­րու­թեան ու մար­տա­վա­րու­թեան կը վե­րա­բե­րի սա­կայն« իբ­րեւ վերջ­նա­կան նպա­տակ պէտք է մի­աս­նա­բար պայ­քա­րինք վաղ­ուան մի­աց­եալ հայ­րե­նի­քի իրա­կա­նաց­ման ի խնդիր եւ եր­բեք սա­կար­կու­թեան չդնենք ո°չ մեր ազա­տու­թիւնը« ոչ մեր ան­կա­խու­թիւնը ու ո°չ ալ մեր հայ­րե­նի­քի ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւնը: Եթէ տար­ուինք էա­պէս հար­ցա­կան« խա­բու­սիկ բա­րիք­նե­րու ձեռք բեր­մամբ« ան­տե­սե­լով Հայ Դա­տի վերջ­նա­կան նպա­տակ­նե­րու հե­տապն­դու­մը« դժուար է փայ­լուն ապա­գայ նա­խա­տե­սել Հա­յաս­տա­նի եւ Հայ ազ­գի հա­մար:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles