Հոկտեմբեր 28-ի երեկոյեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Մայրավանքին (Լիբանան) մէջ, սկսաւ Ատանայի Ջարդի 100-Ամեակին նուիրուած շաբաթը, բարձր հովանաւորութեամբ Արամ Ա. Կաթողիկոսին:
Մայրավանքի շրջափակին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը բացումը կատարեց Ատանայի կոտորածի 100-Ամեակին նուիրուած նորակերտ խաչքարին: Ներկայ էին Միաբան Հայրեր, ազգային ժողովականութեան անդամներ, Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, պետական ու քաղաքական գործիչներ, հայրենակցական միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ ազգայիններ:
Միաբան Հայրերու կողմէ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն: Ապա Վեհափառ Հայրապետին ձեռամբ վար առնուեցաւ քանդակազարդ խաչքարը ծածկող քօղը: Բացման հանդիսութենէն ետք, »Կիլիկիա« թանգարանի »Կիւլպէնկեան« սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ատանայի կոտորածը ներկայացնող վաւերագրական լուսանկարներու ցուցահանդէսին բացումը: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Հայաստանի Ցեղասպանութեան թանգարանի արխիւին ու այլ արխիւներու մէջէն հաւաքուած ու ցուցադրութեան պատրաստուած շուրջ վաթսուն լուսանկարներ ներկայացուած էին:
Վեհափառ Հայրապետը այս առիթով խօսք առաւ.- »Թուրքը այդ բոլոր տարբերութիւնները վերցուց, երբ ջարդեց մեր ժողովուրդը: Ուստի, անոր դէմ մեր հաւաքական յիշողութեամբ պայքարելու մեր ճիգին մէջ, պէտք է քանդենք ամէն տարբերութիւն որ կը հեռացնէ մեզ իրարմէ, ու բեւեռացումներ կը ստեղծէ մեր կեանքէն ներս… Հատուցում կը պահանջենք Թուրքիայէն, Ատանայի Ջարդին մարդկային եւ նիւթական վնասներուն համար«: Վեհափառ Հայրապետը խօսեցաւ Կիլիկիոյ Աղէտին՝ Ատանայի կոտորածին մասին, իբրեւ նախապատրաստութիւն 1915-ի Ցեղասպանութեան:
Վեհափառ Հայրապետը թուային հաշիւներով ներկայացուց Ատանայի հայութեան կրած բոլոր վնասները, երեսուն հազար կոտորեալներուն հետ, հազարաւոր այրիներն ու որբերը, հրկիզուած եկեղեցիներն ու դպրոցները, քանդուած տուներն ու գործատեղիները, ագարակները, ջրաղացները եւ բոլոր-բոլոր մարդկային ու նիւթական կորուստները:
Համագումարին մասնակցեցան Հայաստանէն, Լիբանանէն, Սուրիայէն, Կիպրոսէն, Յունաստանէն, Իտալիայէն, Ֆրանսայէն, Իրանէն եւ այլ երկիրներէ ժամանած անձեր, քննարկելու համար հարիւր տարիներ առաջ Թուրքիոյ կողմէ կազմակերպուած այս կոտորածին զանազան դրդապատճառները:
Համագումարի բարի գալստեան խօսքը արտասանեց կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Գերշ. Տ. Նարեկ Եպս. Ալեէմէզեան: Սրբազանը անդրադառնալով Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ նախապէս կազմակերպուած նման համագումարներուն, ըսաւ որ դարձեալ այս Սուրբ Աթոռն է համախմբողը, այս անգամ իր գրաւեալ թեմերէն Ատանայի մէջ տեղի ունեցած ջարդին շուրջ գիտական մօտեցումով խօսքը փոխանցելու:
Ապա, Հայրապետական իր օրհնութիւնը տալով համագումարին, Արամ Ա. Կաթողիկոս սոյն համագումարին արդիւնաւէտ աշխատանքին համար կատարեց կարգ մը թելադրութիւններ: Գիտական նման համագումարի մը կայացումը ան նկատեց, ազգովին մեր խօսքը ըսելու արժանապատիւ առիթ մը: »Մենք ըսելիք ունինք, սակայն մեր խօսքը չէ° այդ միայն, այլ մեր նահատակներո°ւն խօսքը, զոր պէտք է ըսենք յստակօրէն« յայտնեց ան: Վեհափառ Հայրապետը յորդորեց ներկաներուն ոչ թէ անդրադառնալ Ատանայի ողբերգական դէպքերու միայն նկարագրութեան, այլ գիտականօրէն պատասխաններ գտնել »Ինչո՞ւ տեղի ունեցաւ Կիլիկիոյ Աղէտը« հարցումին:
Բացման նիստին, Մկրտիչ Պուլտուգեան ներկայացուց համագումարի առաջին նիւթը որ Ատանայի մէջ հայութեան ներկայութեան մասին համապարփակ ծանօթացում մըն էր, իր հոգեւոր, կրթական, ընկերային, թուային ու այլ բնագաւառներով:
Սոյն կալուածէն ներս դասախօսութիւններ ներկայացուցին.-
Արմէն Գլոտ Մութաֆեան՝ »Ատանան Եւրոպացի ճամբորդներուն համաձայն«.
Ժերար Տէտէյեան(ի բացակայութեան ընթերցուած)՝ »Միջամուխ ըլլալու իրաւունքին ռահվիրայ մը՝ ֆրանսացի հիւպատոս Ֆերտինանտ Ռօք-Ֆէրիէ«
Նազարէթ Պէրպէրեան՝ »Ազատախոհ Եւրոպայի պատասխանատուութեան բաժինը Ատանայի կոտորածին նախաձեռնողները անպատիժ ձգելու յանցագործութեան մէջ«.
Երեւանէն ժամանած զեկուցաբերներ Վերժինէ Սվազլեան եւ Քնարիկ Աւագեան ներկայացուցին »Ատանայի կոտորածը ըստ ականատես վերապրողների վկայութիւնների« եւ »Ատանայի կոտորածը եւ ամերիկահայութիւնը« զեկոյցները: Վերջինս մասնաւորապէս յայտնեց, թէ Ամերիկայի մէջ 1909 թուականի ջարդերէն առաջ արդէն հաստատուած էր շուրջ 20-25 հազարանոց հայ համայնք, որ լուրջ օգնութիւն կը ցուցաբերէր Կիլիկիոյ աղէտէն վերապրողներուն ու որբերուն: Աւագեանը յիշեց նաեւ այդ շրջանին արդէն սկսած օտար միսիոնարներու կատարած օգնութիւնը:
Ապա, Գրիգոր Ծ. Վրդ. Չիֆթճեան տեղեկութիւններ փոխանցեց »Մուշեղ եպս. Սերոբեանի օրագիրը« զեկոյցէն: Նշենք թէ Մուշեղ եպս. Սերոբեանը եղած է Ատանայի առաջնորդ ու թէեւ ջարդի օրերուն ան բացակայ եղած է Կիլիկիայէն, սակայն անոր օրագրութիւնները Ատանայի մասին կատարուած ուսումնասիրութիւններուն մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւեն: »Այսօր հիւանդ եմ բոլորովին, երէկ գիշերէն մինչեւ այս առտու աշխատեցանք Տամատեանի հետ պատրաստելու Ատանայի ջարդին հոգեբանութիւնը: Այսօր չեմ կրնար անկողինէս ելնել, տառապանքը միսիս փակած է, մէկ տեսարան միայն կը տեսնեմ.- Ատանան աւերակ, մէկ ձայն միայն կը լսեմ.- թշուառներուն աղաղակը, մէկ ամբարշտութիւն միայն կը տեսնեմ.- …Եւրոպայի անտարբերութիւնը, մէկ զգացում միայն կ’ունենամ.- կատաղի վրէժխնդրութիւն թուրքերուն դէմ« (Ապրիլի 30, 1909-ի օրագրութիւն):
Պատմաբան եւ արխիւներու մասնագէտ Երուանդ Փամպուքեան զեկուցեց »Սիմոն Զաւարեան եւ Ատանայի աղէտը« թեմային շուրջ: Փամպուքեանի խօսքերով, աղէտի օրերուն Զաւարեանը կը գտնուէր Պոլիս: Իր կուսակցական ընկերներուն գրած իր նամակներուն մէջ կը նկարագրուին ջարդերուն ահաւոր տեսարանները: Արդէն 1909 թուականի Մայիսին, Զաւարեանը Իզմիրի մէջ օգնութիւն կը հասցնէր աղէտեալներուն: Ապա Զաւարեան կը մեկնի Կիլիկիա, ուրկէ կը գրէ 11 նամակներ:
Կիպրոսի թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Վարուժան Արք. Հերկէլեան, ներկայացուց »Ատանայի կոտորածը եւ Կիպրոսը«: Ան նշեց թէ Կիլիկիոյ աղէտի զոհերուն առաջին յուշարձանը, Լառնաքայի Սուրբ Ստեփանոս մատուռն է կառուցուած 1912 թուականին: Կարօ Յովհաննէսեանի ներկայացուցած նիւթն էր՝ Հայութեան նիւթական եւ մարդկային կորուստը Ատանայի մէջ«:
»Ջարդերն ու Կորուստները« նիւթին շուրջ, զեկոյցներով հանդէս եկան Հայկ Տէմոյեան՝ »Երիտասարդ թուրքերու յեղաշրջումը եւ Ատանայի կոտորածները հոգեբանական լոյսի ներքոյ«: Ան շեշտեց ոչ միայն հայ, այլ առաջին հերթին օտար հեղինակներու ու ականատեսներու վկայութիւնները Ատանայի ջարդերուն մասին ներկաներուն ուշադրութիւնը սեւեռելով ջարդերէն ետք եկող տարիներու երեք գործերու վրայ:
»Ատանայի աղէտը միջանկեալ փուլ էր համիտեան ջարդերի ու Հայոց Ցեղասպանութեան միջեւ: Այդ ջարդը եկաւ ապացուցելու, որ վարչակարգերի փոփոխութիւնը Օսմանեան Թուրքիայում չբերեց հայ ժողովրդի հանդէպ կայսրութեան վարած հայաջինջ քաղաքականութեան փոփոխութիւն«, ըսաւ Տէմոյեան:
Հուրի Ազէզեան ներկայացուց »Երիտասարդ թուրքերը եւ Սուրիոյ հայկական կոտորածները 1909-ին« նիւթը, իսկ Արամ Սեփէթճեան՝ »Չորք-Մարզպանի 1909ի ինքնատիպ ինքնապաշտպանութիւնը«:
Ապա ներկայացուեցան Ատանայի ջարդին եկեղեցական-հոգեւորական կորուստները: Առաքելական, Կաթողիկէ եւ Աւետարանական հայերու ընդհանուր պատկերով: Սեպուհ Արք. Սարգիսեան ներկայացուց Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ կորուստը, Հ. Անդրանիկ Ծ. Վարդ. Կռանեան ներկայացուց Հայ Կաթողիկէ համայնքի կորուստը, իսկ Վեր. Յարութիւն Սելիմեան ներկայացուց Հայ Աւետարանական համայնքի կորուստը:
Ատանայի կոտորածին շուրջ ստեղծուած գրականութեան մասին խօսք առաւ Սարգիս Կիրակոսեան: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս սկսած են տեսնել շարք մը գիրքեր, ընդամէնը հինգ ծաւալուն հատորներով, որոնց մէջ ի մի խմբուած են Ատանայի Կոտորածին վերաբերող բոլոր հին թէ նոր հրատարակութիւնները՝ վաւերագրեր, ականատեսի վկայութիւններ, օրագրութիւններ, գրական-գեղարուեստական էջեր եւայլն:
Կիլիկիոյ ջարդերէն մինչեւ Հայկական Ցեղասպանութիւն թեմային մասին երկու զեկուցաբերներն էին Եղիկ Ճէրէճեան եւ Վիգէն Աւագեան: Ապա փակման նիստի ընթացքին տեղի ունեցաւ ընդհանուր քննարկում եւ արժեւորում համագումարի, ինչպէս նաեւ եղան առաջարկներ յառաջիկայ համագումարներու առնչութեամբ:
Այնուհետեւ, մասնակիցները եւ հրաւիրեալները ունկնդրեցին Արամ Ա.-ի եզրափակիչ պատգամը: Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, որ Ատանայի ջարդերու հարիւրամեակին առիթով կատարուած բոլոր ձեռնարկները՝ խաչքարի զետեղում, շուրջ վաթսուն լուսանկարներու ցուցահանդէս եւ համագումար, եւ նմանօրինակ այլ նախաձեռնութիւններ կարեւոր են »մեր հաւաքական յիշողութիւնը թարմացնելու համար«: Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդգծեց, որ Ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարը պիտի շարունակուի, աւելին՝ այսուհետեւ հայ ժողովուրդը պէտք է եւ ժամանակն է, որ ճանաչումէն բացի արծարծէ Ցեղասպանութեան հատուցման հարցը: »Մենք հատուցում կը պահանջենք Թուրքիայէն«, ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը: Ապա երկու լեզուներով՝ հայերէն եւ անգլերէն, ընթերցուեցաւ եզրափակիչ յայտարարութիւնը (Կարդալ՝ աջին) եւ դպրեվանքի երգչախումբը եւ համագումարի մասնակիցները, կատարեցին Կիլիկիոյ նուիրուած երգեր:
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Ներկայ տարին 100-ամեակն է Ատանայի ջարդին: Հոկտեմբեր 28-էն 30« 2009« Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կազմակերպութեամբ ու նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին« Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ միջազգային համագումար« նուիրուած Ատանայի ջարդին« որ միաժամանակ ծանօթ է “Կիլիկեան Աղէտ” անունով: Համագումարի բացումը տեղի ունեցաւ ցուցահանդէսով« ուր ցուցադրուած էին 60 պատկերներ Ատանայի ջարդէն զանազան տեսարաններ ներկայացնող: Այս առիթով նաեւ Կաթողիկոսարանի շրջափակէն ներս յատուկ խաչքար մը զետեղուեցաւ« ի յիշատակ Ատանայի ջարդի նահատակներուն:
Արդարեւ« 1909-ին« երկու յաջորդական հանգրուաններով« 14-էն 18 եւ 25-էն 28 Ապրիլին« Օսմանեան թուրք պետութեան լուռ աջակցութեամբ տեղի ունեցան հաւաքական ջարդեր Ատանայի եւ շրջակայ քաղաքներուն ու գիւղերուն մէջ դարերէ ի վեր կայք հաստատած հայերուն դէմ: Յստակ տեղեկութիւններու համաձայն« յիշեալ ջարդը պատճառեց մարդկային ու նիւթական հետեւեալ վնասները.- 30«000 նահատակ« 7883 որբ« 4072 այրի« 30«000 անտուն մնացած հայեր. իսկ հրկիզուած ու քանդուած՝ 32 եկեղեցի« 10 դպրոց« 2923 տուն« 593 խանութ« 265 ագարակ« 18 պանդոկ« 2 գործարան եւ 23 ջաղացք:
Վերոյիշեալ թիւերը« ինչպէս նաեւ Ատանայի ջարդը նկարագրող վկայութիւնները« հայ թէ օտար պատմաբաններու« դեսպաններու ու միսիոնարներու կողմէ« տեսութիւն կամ երեւակայութիւն չեն. անոնք հիմնուած են յստակ տուեալներու ու շօշափելի իրողութիւններու վրայ: Իսկ օրուան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Տ.Տ. Սահակ Բ. Վեհափառ Հայրապետին յուշերուն ու նամակներուն ճամբով մեզի փոխանցուած փաստացի տուեալները եւ հայ հոգեւորականներու ականատեսի վկայութիւնները համապարփակ կերպով կը պարզեն Ատանայի ջարդերը իրենց բոլոր հանգրուաններով« երեսներով ու հետեւանքներով: Արդարեւ« 1909 թուականին« Օսմանեան Թուրքիոյ պետութեան մեղսակցութեամբ տեղի ունեցած ջարդերը պատահական երեւոյթներ չէին. անոնք ծրագրուած ու գործադրուած էին հայ ժողովուրդը բնաջնջելու եւ Կիլիկիայէն հեռացնելու հեռանկարով:
Հարիւր տարիներ անցած են այդ ողբերգութենէն: Սակայն« անցեալը անցած չի կրնար նկատուիլ: Ժողովուրդի մը դէմ կազմակերպուած ջարդը կարելի չէ պատմութեան փոշիին տակ ծածկուած պահել: Միջազգային օրէնքներու համաձայն« համայն մարդկութեան ուղղուած ոճիր է համայնքի մը կամ ժողովուրդի մը դէմ գործադրուած ջարդը: Հարիւր տարիներ յետոյ Հայ ժողովուրդը« Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ« կը յիշէ ու մի°շտ պիտի յիշէ Ատանայի ջարդը« որ սեւ տառերով արձանագրուած է 20-րդ դարու պատմութեան էջերուն վրայ ու անջնջելի կերպով դրոշմուած հայ ժողովուրդի հաւաքական յիշողութեան մէջ: Հայ ժողովուրդը երբեք պիտի չմոռնայ որ դարեր շարունակ Օսմանեան կայսրութեան ծաղկումին ու յառաջդիմութեան գործօն մասնակցութիւն բերած իր պապերը նաե°ւ զոհը դարձան նոյն պետութեան փան-թուրանական ու ցեղասպանական ծրագիրներուն:
Արդարութեան պաշտպան ու մարդկային իրաւանց ջատագով միջազգային համայնքը եւս պէտք է յիշէ թէ 1909 թուին Ատանայի մէջ իր խաղաղ կեանքը ապրող եւ Օսմանեան կայսրութեան հաւատարիմ հայ քաղաքացիները ենթարկուեցան նոյն պետութեան ուղղակի թէ անուղղակի մեղսակցութեամբ տեղի ունեցած ջարդերուն: Միջազգային համայնքը իրաւունք չունի լուռ մնալու նման ոճիրներուն դիմաց: Պատմութիւնը ցոյց կու տայ թէ անպատիժ մնացած ջարդեր ու ցեղասպանութիւններ քաջալերած են այլ ցեղասպաններ նման ոճիրներ գործադրելու մարդկութեան դէմ: Արդարեւ« երբ անհատ մարդոց դէմ գործուած ոճիրները հետապնդումի կþենթարկուին« կարելի՞ է միթէ« միջազգային օրէնքներու ու ուխտերու համաձայն« հաշուետուութեան չկանչել հաւաքական ոճիրներու հեղինակները: Արդարութիւնը պէտք է վեր մնայ ամէն տեսակ աշխարհաքաղաքական շահերէ եւ մասնակի ու ժամանակաւոր հաշիւներէ:
Ատանայի ջարդին 100-ամեակը յիշել հայ ժողովուրդին համար կը նշանակէ ո°չ միայն միջազգային համայնքին այլ նաեւ ու մա°նաւանդ յիշեալ ջարդերու ետին գտնուող եւ Օսմանեան կայսրութեան շարունակութիւնը նկատուող ներկայ Թուրքիոյ յիշեցնել թէ՝ հաւաքական ջարդ մը գործադրուած է հայութեան դէմ Ատանայի մէջ եւ հաշուետուութեան կանչել: Կը կրկնենք. Ատանայի ջարդերը պատահական չէին. անոնք ծրագրուած էին պետական քաջալերանքով եւ փաստօրէն անոնք առաջի°ն քայլը հանդիսացան 1915-ի հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած Ցեղասպանութեան: Ներկայ Թուրքիան պարտաւոր է ստանձնելու պատասխանատուութիւնը իր պապերուն կողմէ ծրագրուած ու գործադրուած ջարդերուն եւ հատուցում տալու զոհերու թոռներուն« որոնք Թուրքիոյ կողմէ կազմակերպուած ջարդերուն« կեղեքումներուն ու աքսորին որպէս հետեւանք այսօր ցրուած են աշխարհի բոլոր կողմերը:
Արդ« Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը« Ատանայի ու շրջակայ քաղաքներուն ու գիւղերուն մէջ ջարդուած« իր հոգեւոր խնամքին ենթակայ հայ ժողովուրդի զաւակներուն« թոռներուն ու ծոռերուն անունով« բարոյական« հոգեւոր ու իրաւական պարտաւորութիւնը ունի միջազգային օրէնքներու համաձայն« մարդկային ու նիւթական վնասներուն համար հատուցում պահանջելու ներկայ Թուրքիոյ պետութենէն: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը նաե°ւ« որպէս իրաւատէրը Ատանայի ու շրջակայ քաղաքներու եւ գիւղերու եկեղեցապատկան կալուածներուն« իրաւունքը ու պարտաւորութիւնը ունի« դա°րձեալ միջազգային օրէնքներու համաձայն« հատուցում պահանջելու Թուրքիոյ պետութենէն:
ԴԻՒԱՆ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ