ԱՐՓԻԿ ՄԻՍԱՔԵԱՆ

0 0
Read Time:3 Minute, 18 Second

arpik haratch781

Ծ.Խ.- Շաբաթ, Յունիս 20, 2015-ին, Փարիզի մէջ իր մահկանացուն կնքեց լրագրող, հրապարակախօս, Փարիզի «Յառաջ» օրաթերթի (2009-էն ի վեր հրատարակուելէ դադրած) երկարամեայ խմբագրապետ Արփիկ Միսաքեանը` Շաւարշ Միսաքեանի դուստրը: Ստորեւ, Յակոբ Պալեանի լոյս ընծայած մահագրութիւնը:
Այս պարզութեամբ կը խորագրեմ էջը: Նաեւ անոր համար, որ չեմ ուզեր խօսիլ մահուան մասին:
Պէյրութ էի, երբ իմացայ Արփիկ Միսաքեանի անհետացումը:
Երբ դրական յիշատակը կը պահուի, մահը ձեւական երեւոյթ կ’ըլլայ:
Արփիկ Միսաքեան հայ մամուլի «մեծ տիկին»ն էր, անձնաւորութիւն մը, որուն հետ կարելի էր համաձայն չըլլալ, բայց անկարելի էր անոր վրայ չհիանալ եւ զինք չյարգել, իր քաջութեան համար:
ՅԱՌԱՋը սոսկ լրատուամիջոց չէր, աւելին էր, ինքնութեան եւ իրաւունքի դատ ունեցող ժողովուրդի մը ձայնն էր:
Ան նաեւ մշակոյթի հաւատարմութիւն էր իր «Միտք եւ արուեստ» յաւելուածով, վկայութիւն՝ որ հայերէնով կարելի էր արձագանգել գրական, իմաստասիրական եւ արուեստի հարցերու: Նաեւ՝ ժամադրավայր մտաւորականութեան եւ ստեղծագործութեան:
Մեր հաւաքականութիւններուն համար փտախտ դարձած նահանջականութիւնը մերժեց Արփիկ Միսաքեան, հակառակ ամէն կարգի խորշակներու: Ամէն առաւօտ, գործարանի բանուորի պէս, առաւօտեան ժամը 7-ին, Փարիզի 9-րդ թաղամասի «Կապոյտ փողոց»ի (Rue Bleue) նամակատան առջեւէն կ’անցնէր խմբագրատուն երթալու համար: Չհետեւեցաւ ազգային հաւաքականութիւններու խորք ու բովանդակութիւն եղծող օտարամոլութեան, օտարախօսութեան, օտարագրութեան: Օր մը քաջութիւն կ’ունենա՞նք հաշուեկշիռ ընելու եւ ըսելու, թէ ազգի ապագայի կերտման տեսանկիւնէ ի՞նչ բերին մեր յաջորդական եւ ամէն անգամ քիչ մը աւելի շեշտուող նահանջները, որոնց եզրայանգումն է այն՝ որ կ’ըսեն, կամ հեռու կամ մօտ ապագային պիտի ըսենք՝ թէ «մեծ հայրս հայ էր»…
Նաեւ պէտք է հարց տալ, որ բազմաթիւ միութիւններ եւ կազմակերպութիւններ (հարիւրաւոր) աւելի քան կէս միլիոն անդամ հաշւող Ֆրանսայի համայնքը ինչպէ՞ս չկրցաւ իր թերթին տէր ըլլալ… Հարցում էր:
Արփիկ Միսաքեան վերջիններէն էր, անհետանալու ընթացքի մէջ եղող մարդատեսակ մը, որ չուզեց հետեւիլ անհարազատութեան տանող հեզասահ հոսանքին եւ Շաւարշ Միսաքեանի, նաեւ Շաւարշ Նարդունիի, ժառանգութիւնը պահեց, մերժելով մասնակից-մեղսակից դառնալ օտարման (alienation) ընթացքներու, որոնցմէ առաջինը, գլխաւորը, մայրենիի կորուստն է: Անոնցմէ էր, որոնք Ռաֆայէլ Իշխանեանի յանդգնութեամբ, կրնային ըսել՝ «առանց լեզուի ի՞նչ ազգ»… Օտարում, որ վերջնական անհետացումէ առաջ կ’արտադրէ տեղայնութիւններ, տեղական փառասիրութիւններ, ծագումով եւ զգացումով հայեր, որոնք յաճախ շփոթեցին եւ կը շփոթեն հարազատ ինքնութիւնը աղմուկով քարոզչութեան հետ:ARPIK2
Ազգի ոգեկանութեան պահպանման տեսիլք ունէր Շաւարշ Միսաքեան, որուն հաւատարմութեան ուխտ ըրած էր Արփիկ Միսաքեան: Այդ հաւատարմութիւնը հայերէնով կը խոնարհուէր, հայ թերթով եւ հայ դպրոցով, որոնք շարունակութիւն ըլլալու կառոյցներ են, եթէ պահեն հայերէնի շունչը, հայերէն՝ որ չըլլայ, նոյնինքն Շաւարշ Միսաքեանի բանաձեւումով՝ «հաց-պանիրի հայերէն», որուն հետզհետէ վերածուած է, կը վերածուի հայերէնը, եւ հայկական ղեկավարութիւնները կարաւան կազմած, հաւկուրութեամբ կ’ընթանան, առանց իրենք իրենց հարցնելու, թէ ո՞ւր կ’ուզեն հասնիլ, ո՞ւր կ’ուզեն հասցնել հայածնունդ օտարախօս հաւաքականութիւնները, եւ ի՞նչ ընելու համար:
Հարցումը կոպիտ ձեւով պէտք է ուղղել բոլոր անոնց, որոնք հայ դպրոց կը փակեն, հայ թերթը օտարալեզու կը դարձնեն, հայ դպրոցի հայերէնը կը վերածեն սոսկ ամավերջի հանդէսի համեմի, հարցում՝ նաեւ անոնց որոնք իրենց զաւակները կը յանձնեն օտարի կրթութեան, բեմերը կը վերածեն օտարախօսութեան ինքնագոհութեան դրօշակի:
Կ’ուզէի խօսիլ Արփիկ Միսաքեանի մասին: Բայց ի՞նչ ըսել իր մասին, երբ գիտենք, որ խօսելով յամառօրէն հայատառ եւ հայաբարբառ ՅԱՌԱՋի մասին կը խօսինք Արփիկ Միսաքեանի մասին:
Կը խօսինք նաեւ այն արտակարգ հայուն եւ հրապարակագիրին մասին, որ Շաւարշ Միսաքեանն էր, «Մեծ Շ.», ինչպէս կ’ըսէր Արփիկ Միսաքեան, որ ՅԱՌԱՋի հրատարակութենէն մինչեւ իր մահը ամէն օր խմբագրական գրեց: Ինչպէ՞ս կարելի էր ամէն օր չխօսիլ բազմապիսի հակասութիւններու մէջ մխրճուած սեփական ժողովուրդին: Այսօր ալ օրինակելի «Մեծ Շ»…
ՅԱՌԱՋի դադարեցումով Արփիկ Միսաքեան իր զէնքերը վար դրած էր: Պատգամ՝ զոր չէին լսած տեղատուութիւնները տնտեսող ասպետները, հրավառութիւնները համարելով ազգային գոյատեւման պայքար: Հիմա կրնան աշխարհի բոլոր լեզուներով գովերգական խօսքեր ըսել, որոնք դատարկ կը հնչեն, չգտնուելով Շաւարշ Միսաքեանի եւ Արփիկ Միսաքեանի հարազատութեան գիծին վրայ:
Անհետացող Արփիկ Միսաքեան սոսկ լրագրող կամ հրապարակախօս չէր, հայ լրագրող եւ հայ հրապարակագիր էր, որ ինքզինք դրած էր իր ժողովուրդի հարազատութեան, ինքնութեան պահպանման, մշակոյթի պաշտպանութեան ծառայութեան դիրքին վրայ, այսինքն՝ սեփականի, որ ցուցափեղկային չէր, այլազան շահերու եւ շահակցութիւններու ջաղացքին ջուր բերելու դերին չէր կոչուած:
Ի՜նչ իմաստ ունին յետ մահու ըսուած գեղեցիկ խօսքերը, դամբանականները, ծաղիկները:
Ինչո՞ւ բարձրաձայն պիտի չըսուի, որ կրնայինք պահել ՅԱՌԱՋը որպէս հարազատութեան բեմ եւ չպահեցինք…
Mea culpa…
Սգալ Արփիկ Միսաքեանի մահը…
Ափսոս ՅԱՌԱՋին…
Ափսոս մեզի…

Յ. Պալեան
Յունիս 22, 2015

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

One thought on “ԱՐՓԻԿ ՄԻՍԱՔԵԱՆ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles