0 0
Read Time:1 Minute, 54 Second

Aleppo_Syria_ex

Գէորգ Պետիկեան

Տարիներու հեռաւորութենէն եւ կարօտով ամէնօրեայ ժամադրութիւնը յարգողի նման նոյն տաք զգացումներովս սիրելի Հալէպ, քեզ է, որ կրկին կը յիշեմ: Հաւատա՛, հաստատ եւ պարզ ինքնագովութիւն մըն չէ այս մէկը, որովհետեւ իմ մասիս խօսիլը քրտինք կրնայ բերել եւ նոյնիսկ կրնայ զիս դժբախտացնել, բայց հոգս չէ:
Իսկ դո՛ւն: Ա~խ դուն: Ի՞նչ ըսեմ: Ի՞նչ ընեմ: Ըսէ՛: Խօսի՛ր:
Դո՛ւն, դժբախտ իրականութիւն: Սակայն եւ այնպէս դո՛ւն ինծի համար, քու զաւակներովդ կենսունակութիւնը դրօշ հռչակած քաջութիւնն ես: Ներկայ այս տխուր ու մահացու իրա-վիճակիդ մէջ իսկ օրինակելի ես ու նախանձելի: Ամբողջ աշխարհը կրնայ վկայել: Անոր համար դուն մինակդ ե՛ւ կ՛ապրիս, ե՛ւ կը շնչես ու մեր բոլորին աչքին առաջ մինակդ նոյնիսկ սովամահ՝ կը տանջուիս ողբերգութեամբը հայ ըլլալուդ: Գերագոյն զոհողութեամբ եւ զոհաբերութեամբ սեփական կեանքով գոյատեւելու ձգտումդ կը շարունակես պահել; Դժբախտ իրականութիւն է, չէ՞:
Հոն ամէն քայլափոխի տեսանելի են կռիւ, արիւն, վէրք, անօթութիւն, սով, լոյսի եւ ջուրի կարօտ, մահ եւ սուգ: Բայց, յետոյ ի՞նչ: Ըսէ՛, յետոյ…մինչեւ ե՞րբ այս վիճակը, այս հիւծումդ ու մաշումդ, փլատակ վիճակդ, քանդումդ ու մանաւանդ մահազդու տագնապդ: Մարդիկ, նոյնիսկ անմիջական շրջապատիս մարդիկ, քեզ անտեսելով, արդէն շատոնց մկրատած են տրամադրութեանս լարերը:
Տակաւին քիչ ժամանակ առաջ ինծի ու իմ նմաններուս համար դրախտ մըն էիր սիրելի ծննդավայր՝ Հալէպս: Բայց դժբախտաբար այդ մէկը կորսուեցաւ: Մարդիկ, հալէպահա-յերուն ձեռքէն գողցան այդ դրախտը: Ու բոլորին նման իմ դրախտս ալ մնաց երազներու աշխարհին մէջ: Անգութ մարդիկ տարին զայն, սպաննեցին, ու այսպէս զայն նետեցին ճակատագրի մոռացութեան ալիքներուն գիրկը:
Հոն, մօտդ, նոյն այդ մաքուր եւ անմեղ երդիքիդ տակ կար ժամանակ, որ ամէն ինչ պատ-մութիւն էր եւ այդ պատմութիւնը ուրախ էր, հաճելի էր ու կենդանի: Անով մեծցանք մենք, ու անով ալ սնանեցանք: Անով սիրեցինք հայն ու արաբ դրացին եւ Հայաստանը եւ հայ մշակոյթը: Քեզմով տոկացինք ու դուն դարձար մեզի համար հարազատ հայրենիքի մը չափ հայրենիք:
Վստահօրէն օր մը պիտի նորոգուի մեր Հալէպը: Կը կրկնեմ: Պէտք է, որ նորոգուի ու յանուն մեր ինքնութեան պահպանման պէտք է որ ան վերածնուի մեր բոլորին անսակարկ ճիգերով: Եւ որպէսզի ծնի նոր հալէպը եւ որպէսզի իբրեւ մարդ հոն ապրի ֆիզիքապէս տանջուող հայ գաղութը այս վերածնունդին համար Սփիւռք եւ հայրենիք անոր կողքին պէտք է մնան գործնական ճիգերով:
Յիշեցէ՛ք, մեր դարերու պատմութիւնը վկայ, յամառ ժողովուրդ ենք, որ ոչ միայն չուզեր մեռնիլ, այլեւ գիտէ յարութիւն առնել: Յարութիւն եւ վերապրում: Քեզի համար են այս վերագրումները սիրելի եւ անմոռանալի ծննդավայր՝ Հալէպս: Միայն քեզի:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles