Փակ Թղթածրարներ

0 0
Read Time:1 Minute, 53 Second

p12 b

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Պէտք է ողջունել ankakh.com ( Տեսնել.- «Չարենցի, Բակունցի, Թոթովենցի Դահիճները Պէտք Չէ Ներկայացուեն Լուսապսակի Ներքոյ», կը յայտնէ Արքեմնիկ Նիկողոսեան) կայքէջի Յունիս 13-ի հրապարակումը` Եղիշէ Չարենցի, Ակսել Բակունցի, Վահան Թոթովենցի եւ այլ վաստակաւոր գրագէտներու նահատակութեան պարագաներուն մասին հայրենի գրականագէտ Արքեմնիկ Նիկողոսեանի դիպուկ քննարկումներով: Ստալինեան մաքրագործումներու բովին մէջ, 1937-ին, մեր գրականութիւնը կորսնցուց միտքի տիտաններու ամբողջ սերունդ մը:
Ճիշդ ինչպէս 1915-ի ապրիլի 24-ին, հայոց քանքարի մեծ հոյլն էր, որ յանկարծ կ՛ըլլար արմատախիլ` մեր կեանքերէն: Կրկին կը լռէր ոգիի հզօր պատգամը: Զրկա՛նք, որ իր խոր դրոշմը դրաւ մեր ժողովուրդի գիտակցութեան մէջ մինչեւ այսօր:
Այժմ արդէն յստակօրէն կը տեսնենք տարողութիւնը այս զարհուրելի աղէտին: Երկու համաշխարհային պատերազմներու միջեւ, այսինքն` քսաներկու տարուան միջոցին, մեր երկճիւղ գրականութեան ողնայարն էր, որ ամէնէն խուժդուժ պայմաններու մէջ, եւ` կանխամտածուած հետեւողականութեամբ, կ՛ըլլար ջարդուփշուր:
Արքեմնիկ Նիկողոսեան կը յիշեցնէ, որ 1937-ի նահատակութեանց ետին կային նաեւ օրուան հայազգի գործակալները, եւ կը յիշէ տխրահռչակ անունները Նայիրի Զարեանի եւ Հրաչեայ Քոչարի: Վստահաբար ամբողջ վոհմակ մըն էին անոնք պետութեան բոլոր օրկաններուն մէջ: Անկախութեան տարիները կարելի դարձուցին, որ քանի մը կարեւոր երկեր լոյս տեսնեն Չարենցի եւ Բակունցի սպանութեան պարագաներու մասին, եւ սակայն այս մեծ ոճիրի համակողմանի քննարկումը դեռ շատ հեռու է ամբողջացած ըլլալէ: Շատ բան կը մնայ մութին մէջ:
Եւ շատ բան` անմատչելի: Չկայ հանգամանաւոր որեւէ փաստաթուղթ` այս ոճրային գործողութեան ստոյգ տուեալներուն եւ պատասխանատու անձանց դերակատարութեան մասին: Գոյութիւն ունի բերնէ բերան շրջող տեղեկութեանց մնայուն հոսք մը, յաճախ` շփոթ եւ հակասական մանրամասնութիւններով, որ ինքնին հրամայական կը դարձնէ հարցին մասնագիտական, անաչառ եւ սպառիչ քննութիւնը:
Այն, ինչ որ պատահեցաւ Հայաստանի մէջ 1937-ին, այն, ինչ որ պարտադրուեցաւ մեր ժողովուրդին, զանգուածային ոճիր մըն էր, որուն փաստերը ոչ ոք իրաւունք ունի պահելու մեր նոր սերունդի տեսողութենէն: Հետեւաբար այսօր մեզմէ պահանջուածը շատ աւելին է, քան` այն ներդրումը, զոր կ՛ընեն քանի մը կորովի եւ ճշմարտութեան նախանձախնդիր գրականագէտներ` իրենց անձնական միջոցներով: Այսօր պայման է, որ այս գործը գլխաւորէ հանրապետութիւնը ի՛նք` յանուն մեր ժողովուրդին: Կարեւոր է, որ այս հարցին արխիւը բացուի բոլորին առջեւ ԱՆԽՏԻՐ:
Կարեւոր է, որ ձեւաւորուի յատուկ մէկ յանձնաժողով, որ կազմուած ըլլայ ձեռնհաս գրականագէտներէ, բանասէրներէ, արխիւագէտներէ եւ իրաւաբաններէ, եւ այդ խումբին մէջ ընդգրկուած ըլլան նաեւ մասնագէտ ուժեր սփիւռքէն:
Եւ կարեւոր է, որ նմանօրինակ յանձնաժողովի մը զեկոյցը վերջնականացուելէ առաջ դրուի հրապարակային քննարկման:
Կարեւոր է, որ փակ թղթածրարները դառնան սեփականութիւնը բոլորին եւ անոնք դադրին մեր հաւաքական խղճմտանքը սերունդ առ սերունդ հալածելէ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles