Վերջերս, Եէյլ համալսարանէն ներս ներկայացուեցաւ երիտասարդ հայազգի ուսանող Էրիք Սիրաքեանի “Էրմենի“ թատերգութիւնը, որուն նիւթը Հայոց Ցեղասպանութիւնն է, տարբեր ակնոցով դիտուած: Արդարեւ երիտասարդ Անին,Հոկտեմբեր 1970-ին իր տան երդիքէն ներս կը հրաւիրէ թուրք դասընկերը՝ Թաները: Այս վերջինին ներկայութիւնը, պատճառ կը հանդիսանայ որ Անիին մեծ մայրը սրտի տագնապ մը անցնէ: Հիւանդանոց այցելութեան ժամանակ, Թաների եւ Անիի մեծ մօր միջեւ կը ստեղծուի հետաքրքրական յարաբերութիւն մը, երբ այս վերջինը կը պատմէ Հայոց Ցեղասպանութեան դաժան անցեալը: Սիրաքեանի “Էրմենի“ գործը մեծ յաջողութիւն գտաւ, յատկապէս Եէյլի շրջապատէն ներս, ուր քանի մը անգամ կրկնուեցաւ:
Read Time:26 Second