ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԸՆԿԵՐՎԱՐ ՄԻՋԱԶԳԱՅՆԱԿԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԺՈՂՈՎ

0 0
Read Time:1 Minute, 6 Second

p1 yerevan2

Յունիս 8-ին, Երեւանի մէջ  տեղի ունեցաւ Ընկերվար միջազգայնականի Անկախ Պետութիւններու Հասարակապետութեան, Կովկասի եւ Սեւ ծովու յանձնախումբի երկօրեայ ժողովը:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կողմէ հիւրընկալուող յանձնախումբի ժողովին մասնակցեցան շրջանի ընկերվարական եւ ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ Ռուսաստանէն, Ուքրայինայէն, Վրաստանէն, Ատրպէյճանէն, Ղազախստանէն, Պելոռուսիայէն, Մոլտովայէն, Հունգարիայէն եւ Խըրխըզիստանէն: Ժողովը, Ընկերվար միջազգայնականի գլխաւոր քարտուղար Լուիս Այալայի առաջարկով, սկիզբ առաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ` յարգելով Վահան Յովհաննիսեանի յիշատակը:

Այալա յայտնեց, որ նաեւ Վահան Յովհաննիսեանի աշխուժ աշխատանքին  շնորհիւ աշխուժացաւ աշխատանքը Հայաստանի հետ: Մինչեւ  օրակարգային հարցերուն անցնիլը, ժողովի բացման իր խօսքին մէջ Այալա անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին: ,Յոյսով եմ, որ կը հասնի այդ օրը, երբ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ կը հաստատուի իրական խաղաղութիւն` Ցեղասպանութեան ճանաչումով: Ընկերվար միջազգայնականը նաեւ հիանալի հարթակ է, նոր կարելիութիւն, որպէսզի մէկ սեղանի շուրջ իրենց տեսակէտները յայտնեն նաեւ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ներկայացուցիչներըե, ըսաւ Լուիս Այալա:

Կառոյցի ընդհանուր քարտուղար Լուիս Այալա եւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան միացեալ ասուլիսին ընթացքին  ներկայացուցին ժողովին արդիւնքները:

,Ընկերվար միջազգայնականի անդամ քաղաքական ուժերը իրենց երկիրներուն մէջ կը փորձեն ամրապնդել ժողովրդավարութիւնը, եւ կարելի է նոյնիսկ ըսել, որ բազմաթիւ երկիրներու մէջ անոնք գործող իշխանութիւններուն այլընտրանքն են: Միւս կողմէ, շատ կարեւոր է, որ Երեւանի մէջ էին նաեւ Ատրպէյճանի ընկերվարական կուսակցութեան ներկայացուցիչները: Մենք մտադիր ենք շարունակել Արցախի խնդիրին շուրջ երկխօսութիւնը այս հարթակին վրայ: Իսկ տագնապներու, ոչ միայն` Արցախի, լուծման համար շատ կարեւոր է նաեւ ժողովրդավարութեան ամրապնդումը այդ երկիրներուն մէջե, ըսաւ Այալա:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles