«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական
Տարիները կը թաւալին եւ աշխարհ կ՛ուղղուի դէպի գերկատարելագործում: Շարունակ յառաջդիմութիւն կ՛արձանագրուի կեանքի տարբեր բնագաւառներուն մէջ: Ելեկտրոնային, առցանց եւ համակարգչային այնպիսի կատարելագործութիւններ կը կատարուին, որ դժուար կ՛ըլլայ քայլ պահել եւ անշուշտ՝ պահպանել մարդակերտումի նպաստող աւանդութիւնները:
Հայորդիին համար, տարբեր իմաստ ունի աւանդութիւնը, ընթացիկ հասկացութէնէն շա՛տ աւելի խոր եւ կենսական:
Կրաւորական եւ վանողական մօտեցումով պէտք չէ դիտել աւանդութիւնը, որուն իմաստն ու արմատները խոր են եւ տարածուն: Աւանդութեան կառչած մնալ կամ աւանդութեանց հաւատարիմ ըլլալ՝ չի նշանակեր փակել ապագայի եւ եղափոխութեան դռները, մերժել եւ ուրանալ նորութիւն ու նորարարութիւն, այլ ընդհակառակը, արդիական միջոցներով կը փորձենք պահել մեր էութիւնը, ներկայութիւնը, մէկ խօսքով հայութիւնն ու հայկականութիւնը:
Վստահաբար գիտենք, որ ինչպիսի՛ կարեւոր դեր կը խաղայ աւանդութիւնը, կը պաշտպանէ ազգ մը՝ ընդդէմ բոլոր դժուարութիւններուն:
Հայորդիին աւանդութիւնը կը տարբերի երկրէ երկիր, սկսելով հայրենիքէն, մինչեւ մօտակայ ու հեռաւոր հին ու նոր գաղութներ: Բնական է, որ գաղթն ու տեղաշարժը իրենց ուղղակի դերն ու ազդեցութիւնը կ’ունենան եւ փոփոխութեան կ՛ենթարկեն որոշ աւանդութիւններ, սակայն եթէ փորձենք բաժակին լեցուն կէսը դիտել, կրնանք ըսել, որ գաղութներու նորացումը յաւելեալ աւիշ կը ստանայ, բերելով կենսաւորութիւն:
Ի վերջոյ ազգի մը միասնութիւնը, միատարրութիւնը ստեղծողը աւանդութիւնն է, որ կ’երաշխաւորէ պատմութեան շարունակականութիւնը, ազգին գոյատեւումը՝ զատորոշելով այլ ազգերէ:
Աւանդութիւնը լայնածիր է. կ՛ընդգրկէ հաւատքը, մշակոյթն ու լեզուն, որոնք կը փոխանցուին սերունդէ սերունդ:
Առերեւոյթ՝ ներկայ օրերուն, «աւանդութիւն» կամ «աւանդական» բառերը ընդհանրապէս անհրապոյր են նոր սերունդին համար: Հետեւաբար, առանց ուշացումի պէտք է բարեփոխութեան ենթարկել այս մօտեցումն ու մերժողական ընթացքը, մի՛շտ պահպանելով ազգային եւ բարոյական արժէքները: Եւ նորութիւն մը ըսած չենք ըլլար, եթէ արձանագրենք, որ երէց սերունդը կոչուած է լաւագոյնս կատարելու պահպանման ու փոխանցման իր դերը:
Չմոռնանք նաեւ, որ աւանդներու եւ աւանդութեանց պահպանումը կ’իմաստաւորէ հայապահպանում հասկացութիւնը՝ իր ամէնէն լայն ու համապարփակ տարածքներով: Այս մօտեցումով ալ, կոչուած ենք մեզի հասած էջերուն վրայ աւելցնելու նորեր:
Եւ այսպէս պէտք է ընկալենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատգամը, որ ուղղուած է ողջ հայութեան՝ 2025-ը հռչակելով աւանդութիւններու վերակենսաւորման տարի: