ՊՐԻՒՔՍԵԼ.- Յունիս 10-ին, Սթրազպուրկի (Ֆրանսա) մէջ, Եւրոխորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին, քուէարկուեցաւ Թուրքիոյ 2014-ի տարեկան զեկոյցը, որ ընդհանրապէս ժխտական ակնարկ կը կատարէ մարդկային իրաւունքներու, խօսքի, մամուլի ազատութեանց մասին, ժողովրդավարութեան նահանջին կ՚անդրադառնայ, ինչպէս նաեւ փոքրամասնութիւններու դէմ շարունակուող բացասական վերաբերմունքին, Յունաստանի հանդէպ ունեցած յարձակողական կեցուածքին, եւ Կիպրոսի հանրապետութիւնը մերժելուն անոր հետ առնչուած բոլոր խնդիրներուն:
Զեկոյցը դրական կը նկատէ յատկապէս Յունիս 12-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ժողովրդային լայն մասնակցութիւնը եւ նորակազմ խորհրդարանէն ներս Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան ներկայութիւնը: Դրական կը նկատէ նաեւ Թուրքիոյ մէջ մէկ միլիոն վեց հարիւր հազար սուրիացի գաղթականներու ապաստանիլը:
Քուէարկուած զեկոյցին նախաբանին մէջ յատուկ կէտով մը կը նշուի «նկատի ունենալով Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած Ապրիլ 15, 2015-ի բանաձեւը»: 2005-էն ետք, երբ Թուրքիա Եւրոմիութիւն մուտքի թեկնածու երկրի կարգավիճակ ստացաւ, Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը չէր ներառուած տարեկան այս զեկոյցներուն մէջ: Պէտք է նշել, թէ վերոյիշեալ բանաձեւին մէջ յստակ պահանջք կայ Թուրքիայէն առերեսուելու իր անցեալին հետ՝ ճանչնալով Հայկական Ցեղասպանութիւնը:
Զեկոյցին մէջ տեղ գտած յօդուած թիւ 49-ին մէջ, կը կրկնուի վերջին տարիներու կոչը՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ, դիւանագիտական կապ ստեղծելու, եւ առանց նախապայմաններու բանալ երկու երկիրներու միջեւ սահմանը:
Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան ողջունեց Եւրոխորհրդարանի այս զեկոյցին մէջ տեղ գտած Հայոց Ցեղասպանութեան Թուրքիոյ կողմէ ճանաչման նշումը, ինչպէս նաեւ առանց նախապայմանի սահմանի բացումը: Կարապետեան նաեւ ըսաւ, որ Եւրոխորհրդարանը անգամ մը եւս փաստեց, թէ Թուրքիոյ սպառնալիքներուն ենթակայ չէ, նշելով, Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հարցերու եւ գլխաւոր բանակցող նախարար Վոլքան Պոզքիրի խօսքերը, թէ Թուրքիա պիտի չընդունի զեկոյցը, եթէ անոր մէջ նշուած ըլլայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը: Զեկուցաբեր Քաթի Փիրի (Ընկերվարներ եւ ժողովրդավարներ, Հոլանտա) արդէն պատասխանեց, ըսելով, որ Եւրոխորհրդարանը չի կրնար ուրանալ արդէն որդեգրուած բանաձեւեր:
Այս զեկոյցով, Եւրոմիութիւնը բաց կը ձգէ Թուրքիոյ Եւրոպական Միութիւն մուտքը, բան մը, որ երթալէն ա՚լ աւելի կը դժուարանայ:
Read Time:1 Minute, 23 Second