ԸՆԿԵՐ ԱՐԱ ԳԱԲՐԻԷԼԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ (Բ.)

0 0
Read Time:5 Minute, 8 Second

 

Paruyr's kitten & Ara
Paruyr’s kitten & Ara

ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ

Պարտականութիւններ կան մեր կեանքին մէջ, որոնք պիտի ուզէինք տարբեր ժամանակի եւ տարբեր կացութեան մէջ ըլլային։ Այսօրուայ մեր հաւաքը այդպիսի վիճակ մըն է։ Երանի թէ այսօրուայ այս հաւաքը յոբելինական հաւաք մը ըլլար, ուր Արայի ներկայութեան ըսուէին սիրոյ եւ յարգանքի խօսքերը, որուն ամենայն ձեւով արժանի էր ան։ Բայց դաժան ճակատագիրը իր ընթացքը ունի, եւ ինչպէս շատ անգամներ, այսօր ալ շեղած է մեր փափաքած ճանապարհէն եւ սխալ դուռ կը թակէ։
Սիրելի Արեւիկ, Արմէն եւ սգակիրներ, յանուն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ,Արմէն Գարօ» կոմիտէութեան եկած ենք այսօր խոնարհելու կոմիտէութեան մեր նուիրեալ ընկերոջ՝ սիրելի Արայի կեանքի, նուիրումի, ներդրումի եւ կատարած գործին առջեւ։
Եկած ենք Հ.Յ.Դ.ի իր ընկերներու կողմէ մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները յայտնելու ձեզի՝ սիրելի Արեւիկ, սիրելի Արմէն, եւ բաժնեկից ըլլալու ձեր սուգին։
Սխալած չեմ ըլլար եթէ ըսեմ, որ այս հասարակութեան մէջ, Արան ճանչցողներուն մէջ առաջիններէն եղած եմ։ Արան ճանչցած եմ երբ ան 21-22 տարեկան էր, այսինքն մօտ 50-51 տարիներ առաջ։
Կը յիշեմ Արայի առաջին հրապարակային ելոյթը… Հայ Գրականութեան Բարեկամներու կազմակերպած ձեռնարկն էր, 34րդ փողոցի՝ Statler Hilton պանդոկին մէջ։ Արան Հայաստան այցելած էր եւ իր տպաւորութիւնները կը պատմէր մաքուր ՀԱՅԵՐԷՆՈՎ… Այդ ելոյթին էր, որ տեցեկացանք՝ որ Արան իր ապագայ կեանքի ընկերուհին՝ Արեւիկին հանդիպած էր… որու մասին իր իւրայատուկ հիւմըրով ,գաղտնիք» մը կը բացայայտէր։
Այդ ելոթը, եւ իր մաքուր Հայերէնով արտայայտուիլը իմ մէջս յարգանքի առաջին սերմերը ցանեցին։ Տարիներու հոլովոյթը չփոխեց այդ առաջին տպաւորութիւնը։
Այսօր, կէս դար անց, իր կեանքի այս հանգրուանին, երբ ետ կը նայիմ, իր գործին, յատկութիւններուն եւ աւանդին, կու գամ հետեւեալ մեծ հարցումին դէմ յանդիման- Ո՞վ էր Արան։
Երբ անհատ մը իր կեանքը նուիրած կþըլլայ վեհ գաղափարներու իրականացման, երբ անհատ մը անխախտ եւ ինքնավստահ կեանքի անշեղ ճանապարհ կþընտրէ, պէտք է մտածել՝ որ ատիկա, պարզ զուգադիպութեան մը արդիւնքը չէ։ Այդ անհատին մէջ, պէտք է որոնել խո՜ր, շա՛տ խոր հիմքի մը ներկայութիւնը։
Արայի պարագային, իր գոյութեան, իր ըմբռնումներուն, նուիրուածութեան, գիտակցական կեցուածքներու հիմքը իր՝ գլխագիր ՏՈՀՄԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆ էր։
Արան սերած էր Արեւմտեան Հայաստանի՝ Բալու նահանգի՝ Հաւաւ գիւղի զաւակներէն Մինաս եւ Պերճուհի Գաբրիէլեաններու յարկին տակ։
Կրկնեմ- Արեւմտեան Հայաստանի՝ Բալու նահանգի՝ Հաւաւ գիւղի զաւակներէն։
Գիտէ՞ք այս ինչ կþենթադրէ։ Կþենթադրէ՝ որ Մինաս եւ Պերճուհի Գաբրիէլեաններու տունը կþամփոփէր այն բոլորը, որ մեր ազգային դիմագիծը բնորոշած էին- աւանդութիւններ, լեզու, եկեղեցի, պատմութիւն, կորուստի գիտակցութիւն, եւ արդարութեան պահանջատիրութիւն։
Արան այդպիսի միջավայրի մէջ կը կազմուէր։ Տոհմականութիւնը եւ անոր պահպանումը կը դառնար իր կեանքի ընթացքը եւ կեանքի ուղին։
Արայի համար Արեւմտահայաստանը դարձաւ կեանքի հիմնական առանցք։ Կը շնչէր, կþապրէր անով։ Ատոր համար էր ան կառչած մնաց Հայութիւնը բնորոշող եւ պահպանող երրեակ սիւներուն՝ Լեզուին, Հայաստանեայց եկեղեցւոյ եւ Հայ մշակոյթին։ Եւ որպէս միջոց՝ պահելու, պահպանելու իրագործելու երրեակ սիւները ան իր քաղաքական ճանապարհը գտաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան գաղափարականին մէջ։
Տոհմական այս համոզումը միմիայն Արեւմտեան Հայաստանով չմնաց։ Արան շատ լաւ կը գիտակցէր, որ Հայութեան գոյութեան օրրանը Մայր Հայաստանն էր։ Եւ կապուեցաւ Հայաստանի հողին ու ջուրին։ Աւելին ան իր կեանքը կապեց Հայաստան ծնած ու մեծցած, ուղն ու ծուծով հայուհիի մը հետ, Արեւիկին, որ նոյնքան հարենիքի ներկայով եւ ապագայով տոգորուած էր։ Երկուքը միասին զիրար լրացնող ՆՈՐ օրերու արձագանգը եղան ՆՈՐ հայկական տոհմիկ տան հիմքը դնելով, սիրելի Արմէնին, իրենց զաւակին ժառանգելու իրենց հասած աւանդը։
Սխալ չմեկնաբանուելու համար, ըսեմ, որ Արան տոհմական իր ըմբռնումով, օրերուն մէջ քարացած չմնաց։ Ծնած էր Ամերիկա, որ ամբողջովին տարբեր է պատմական Հայաստանի կենցաղէն։ Արան գիտցաւ առնել այս միջավայրէն ա՛յն՝ որ պիտի հարստացնէր իր հասկցած եւ պաշտած տոհմականութիւնը։ Կþուզեմ շեշտել՝ Արան այս նոր միջավայրի գեղեցկութիւնները ՆԵՐՄՈՒԾԵՑ ԵՒ ԼՈՒԾԵՑ իր հայութեան մէջ, զայն զարգացնելու եւ այժմու ժամանակներուն բերելու համար։ Կþուզեմ շեշտել այս կէտը։ Երբ իր սերնդակիցները Հայութիւնը տարին ձուլեցին Ամերիկեան նոր միջավայրին մէջ, Արան ճիշտ հակառակը Ամերիկեան մաքուր ըմբռնումները բերաւ եւ ձուլեց հայութեա՛ն մէջ։ Ան դարձաւ նոր օրերու ՀԱՅԸ, բայց ԱՌԱ՛ՆՑ ԶԻՋՈՒՄՆԵՐՈՒ։ Դարձաւ՝ այս պայմաններուն մէջ ծնած եւ մեծցած ՕՐԻՆԱԿԵ՛ԼԻ ՀԱՅԸ։
,Արայի նման եղիր» արտայայտութիւնը ա՛յս երկրին մէջ երիտասարդ սերունդի նշանաբանը պէտք է ըլլայ։
Արան իր տոհմականութեան կառչելուն բերաւ երկրորդ շատ բնորոշիչ յատկանշական ըմբռնում մը… ՀԱՒԱՏՔԸ։
Արան Դաշնակցական էր նախ քան կուսակցութեան շարքերը անցնիլը։ Իր դաշնակցականի երդումը այս սրահին մէջ ըրաւ։Կոմիտէի վարչականներ էինք ընկ. Ստեփան Տարտունիին հետ։ Չեմ յիշեր շարքերը անցնելու այլ որոշում մը, որ այդքան արագ կայացուցած ըլլայինք։ Հրճուանքով եւ ուրախութեամբ վաւերացուեցաւ իր դիմումը։ Երդման արարողութեան, որ այն ատեն սովորաբար փակ էր ոչ կուսակցականներու համար, Կոմիտէն ընդառաջեց սիրելի Արեւիկի փափաքին ներկայ գտնուելու արարողութեան։ Արան դարձաւ անխա՛խտ, հաւատաւո՛ր Դաշնակցականը։ Իր նուիրումը, իր մօտեցումը կուսակցութեան գործին նկատմամբ ուղղակի ,ֆետայական» էր, բառին լայն առումով։ Ինչպէս որ ֆետայինները բացարձակ նուիրումով կը գործէին, նո՛յնն էր Արան, առա՛նց վարանումի, մի՛շտ պատրաստ պարտականութեանց եւ պարտաւորութեանց մէջ։ Նորագիր ընկերներու կուսակցական դաստիարակութեան ընթացքին, ան իր Հաւատքը կը փոխանցէր ապագայ դաշնակցականներու։ Կը հաւատար որ այս նոր սերունդը պիտի շարունակէ իր պաշտած կուսակցութեան բռնած ուղին։
Անխօս, սակայն խոր համոզումով, ան կարծէք կը կրկնէր դաշնակցութեան ֆիտայական հին երգին բառերը.. ,ահա հանգիստ հող կը մտնեմ, յոյսս դուք էք, ընկերներ։ Շարունակէք մեր սուրբ գործը, Դաշնակցութեան վեհ քաջեր»։
Հիմա դառն իրականութեան մը դէմ յանդիման կը գտնուինք։
Գիտենք, բնութեան օրէնք է, որ ամէն մարդ օր մը իր վախճանին պիտի հասնի։ Գիտենք նաեւ, որ մարդ արարածը, երեք բաղադրիչ մասեր ունի- ֆիզիքականը (այսինքն մարմինը), Հոգին եւ Ոգին։
Ֆիզիքական Արան որ ճանչցանք, իր երթի ճանապարհին է։
Իր հոգին, ըստ մեր կրօնական հասկացողութիւններուն, պիտի սաւառնի՝ ,ի վերին Երուսաղէմ»։ Արա, գիտեմ, որ այնտեղ պիտի հանդիպիս սիրեցեալներուդ, մեծագոյն գրաւականը կեանքիդ իրագործումներուն, հօրդ ու մօրդ գուրգուրոտ խօսքը պիտի ըլլայ ,Ապրիս տղաս, իսկական Հա՛յ եղար»։
Իսկ մենք՝ ծանօթներդ, բարեկամներդ, կուսակցական ընկերներդ, այսօր ե՛ւ վաղը պիտի ապրինք մարդ արարածի երրորդ բաղադրիչ մասին՝ ՈԳԻԻԴ հետ։ Սուգէն անդին, մենք պիտի ըլլանք ՅՈՒՇԱԿԻՐՆԵՐդ։ Պիտի յիշենք քու բազմաթիւ յատկութիւնները, պիտի փնտռենք Քեզի, Արա։
Սիրելի ընկեր Արա, քանի մը օր ետք, պիտի ոգեկոչենք Եղեռնի հարիւրամեակը։ Բողոքի քայլարշաւով պիտի երթանք ոճրագործ Թուրքիոյ հիւպատոսարանը… տեղդ պարապ է, Արա։ Դուն հոն պիտի ըլլայիր եւ խօսք առնէիր։ Գեղեցիկ եւ յատուկ ձեւով պիտի բանաձեւ էիր մեր արդարադատութեան կանչը։ Այո՛, հոն պէտք է ըլլայիր։ Ափոոս…
Բայց Արա, գիտեմ թէ վերջին նախադասութիւնդ ինչ պիտի ըլլար… Ի պատասխան Թրքական անարգ կեցուածքին եւ մեր դատի անտեսումին, դուն պիտի արձագանգէիր այն հաւատքը, որ՝ ի՛նչ որ ընէ ոճրագործը, ի՛նչ որ ալ ընեն աշխարհի պետութիւնները, մենք անխախտ պիտի մնանք մեր արդար դատի հետապնդումին մէջ։ Պիտի կրկնէիր մեր աննկուն կամքի, մեր աննահանջ պայքարի մասին, քու սիրած եւ պաշտած նահատակ բանաստեղծ Սիամանթօյի հետեւեալ խօսքը ՛՛ նպատակս տկարութիւն չի ճանչնար՛՛։
Յիշատակդ թող միշտ պայծառ մնայ։
Ցտեսութի՛ւն, Արա։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles