ԸՆԿԵՐ ԱՐԱ ԳԱԲՐԻԷԼԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ (Ա.)

0 0
Read Time:2 Minute, 22 Second

Ara

ՅՈՎՍԷՓ ԱՒԱԳԵԱՆ
Ստորեւ, լոյս կ՝ընծայենք Յովսէփ Աւագեանի (Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի Կ. Կոմիտէ) եւ  Հրանդ Մարգարեանի (Նիւ Եորքի Արմէն Գարօ» կոմիտէութիւն) դամբանականները, կարդացուած Կիրակի, Ապրիլ 19, 2015-ին , Արա Գաբրիէլեանի թաղման արարողութեան, Նիւ Եորք Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ.-

Սիրելիներ,
Ֆիզիքական հրաժեշտի պահն է։ Բոլորս ներկայ ենք, մեր յարգանքի վերջին տուրքը մատուցելու մեր բոլորին հարազատ, սիրելի, առաքինի հայուն, դաշնակցականին, ազգայինին ու մանաւանդ հայրենասէր ընկ. Արա Գաբրիէլեանին։ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւելեան Կեդրոնական կոմիտէն իր խորին վշտակցութիւնը կը յայտնէ սիրելի Արեւիկին, ընկ. Արմէնին ,Արմէն Գարօե կոմիտէութեան, Համազգայինի ընտանիքին, ,Հայրենիքեի ու ,Արմինըն Ուիքլիեի խմբագրութեանց, Նիւ Եորքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ համայնքին ընկ. Արայի մահուան տխուր առիթով։
Սիրելի ընկ. Արա, կենդանութեանդ օրերուն պիտի մտքեր ըսել մեր արտասանելիք խօսքերը քու անձիդ եւ ծաւալուն գործունէութեանդ մասին, որովհետեւ քու ընտանեկան դաստիարակութեամբ, ազգային կուսակցական պատրաստակամութեամբ դուն մնացիր ըլլալ ազնիւ, համեստ, հաւատարիմ ու առաքինի անձնական ու ընտանեկան կեանքիդ մէջ, ու թէ ազգային կուսակցական ու եկեղեցական ծառայութեան մէջ։ Քու ազնուական ու եզակի նկարագրով քու հայրենասէր խորն հաւատամքով եւ անբասիր դաշնակցական վարք ու բարքով, հայութեան ու Դաշնակցութեան արժէքները հարազատօրէն սփռեցիր չորս դի։ Քու ամուսնական կեանքին մէջն անգամ Հայաստանի արեւը մուծեցիր Գաբրիէլեան ընտանիքէն ներս ու Հայոց Պատմութեան յաղթանակի անունով անուանեցիր միակ զաւակդ՝ ընկ. Արմէնը։
Սիրելի ընկ. Արա, Եղեռնէն ճողոպրած ընտանիքի զաւակ, բովանադակ կեանքիդ ընթացքին հայերէն սորվիլը, մաքրամաքուր հայերէն գրելը, նամանաւանդ այս ափերուն դարձուցիր կեանքի նպատակ։
Ազգային ու գաղափարական տեսլականներու իրականացման համար դուն ընտրեցիր դժուար եւ սակայն ամենէն ճիշդ ուղին, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ուղին, որուն քու երդումովդ համեստ հաւատարիմ ընկեր, որուն շարքերուն մէջ կառուցեցիր բազմատասնեակ տարիներ, Կեդրոնական Կոմիտէի թէ Կոմիտէի մակարդակով։
Տասնամեակներ շարունակ մնացիր հաւատարիմ եռագոյնին, այն օրերուն երբ ոմանք եռագոյնը կը շփոթէին Դաշնակցութեան զինանշանին հետ։ Ամերիկածին հայու տիպարով, ներշնչեցիր ու դաստիարակեցիր սերունդներ։
Ազգային կրօնական հաւատամքովդ, դարձար հայ եկեղեցւոյ արթուն պահակ, տնօրէնի հանգամաքով, Մաշտոցն ու Հայկ Նահապետը դարձուցիր քու փարոսդ ալեկոծ ու փոթորկոտ այս ափերուն։ Նաւարկեցիր անսասան, անվախ, արի ու յանդուգն նաւապետի նման այն յամառ համոզումով, որ ալեկոծ ծովուն դիմաց ամէն մէկ մակոյքի շարժումդ, մեզ բոլորս կը մօտեցնէր մեր հայրենիքին մեր Հայաստանին։
Հայաստանին եւ Սփիւռքին ծառայող քաղաքական վտանգներուն ու վերիվայրումներու ընթացքին քու մատաորականի երկլեզու գրիչով ծառայած Դաշնակցութեան ու Հայաստանի թշնամիներու դէմ։ Մերժեցիր նահանջն ու պարտութեան կարիքը, համակերպումը, յուսալքութիւնը։
Դաշնակցութեան մարմիններու ու ժողովներու մէջ քեզի նայեցանք այն պահերուն երբ կարիքը ունէինք ուժերու լարումին։ Եղար հոն ուր Դաշնակցութիւնն ու Հայաստանը պէտք ունէին ամէն մէկ հայուն։
Անցեալ Ուրբաթ, պիտի ըլլայիր Ծիծեռնակաբերդ ոգեկոչելու քու սերունդներու յաղթանակի եւ վերազարթօնքի 100ամեակը։
Աշնան, յօդուածով կամ բեմական ելոյթով պիտի սփռէիր քո պաշտած կուսակցութեան, Հ.Յ.Դ. հիմնադրութեան 125ամեակը։
Սիրելի ընկ. Արա,
Գործդ կիսաւարտ չմնաց, որովհետեւ ֆիզիքապէս մեզմէ բաժնուելով դուն կը միանաս Դաշնակցութեան նահատակներուն, գործիչներուն ու մեզմէ բաժնուած ընկերներուն փաղանգին։ Մեր բոլորին կողմէ բարեւէ այդ անձնուրանցներուն ու աւետէ, որ Արա Գաբրիէլեանի նման դաշնակցական ընկերներ իրենց ետին պատրաստած են Դաշնակցութեան եւ Հայաստանի հաւատարիմ փաղանգ, անկեղծ զինուորագրեալներ, յանուն Հայաստանի ու անոր արդար դատի երազանքներու իրականացման։ Երթդ ու միացումդ այդ սերունդին հետ ըլլալ նման վարդահեղեղ արշալոյսէն։ Վարձքերնիդ կատար բարի, գեղեցիկ ու առաքինի ընկ. Արա։

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles