Խմբագրական
Մայիս 11, 2015
Բեղուն եւ բազմազբաղ էին Հ.Հ. նախագահ Սարգսեանի օրերը: Քանի մը օրուայ այցելութիւն Ուաշինկթըն, ապա Մոսկուա եւ վերադարձ Երեւան:
Յատկապէս, նկատի ունենալով երկու բեւեռներուն միջեւ ստեղծուած թնճուկն ու պաղ յարաբերութիւնները, Ուքրայինայի մէջ կատարուած դէպքերու լոյսին տակ, յիշատակելի են նախագահ Սարգսեանի այս այցելութիւնները՝ Ուաշինկթըն եւ ապա Մոսկուա:
Եւրասիական Տնտեսական Միութեան տը ժիւրէ անդամ Հայաստան, Մայիս 7ին, նախագահին գլխաւորած պատուիրակութեան հետ, Արտաքին Գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեանի եւ Միացեալ Նահանգներու առեւտուրի ներկայացուցիչի տեղակալի ներկայութեամբ ստորագրեց առեւտուրի եւ ներդրումներու շրջանակային համաձայնագիրի նախագիծ մը, որ յատկապէս պիտի քաջալերէ տնտեսութիւնն ու զարգացնէ ներդրումները: Հետեւողական ըլլալու համար պիտի ստեղծուի հայ-ամերիկեան խորհուրդ, որ հերթական դրութեամբ հանդիպումներ պիտի կատարէ եւ երկար վազքի վրայ ամրապնդէ երկու երկիրներու միջեւ առեւտուրն ու ներդրումը:
Ասոր կողքին նաեւ, Սարգսեանի կատարած բազմաթիւ տեսակցութիւններու կողքին, յիշատակելի էր ԵԱՀԿ-ի Մինսքի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիքի հետ հանդիպումն ու կարգ մը ծերակուտականներու հետ տեսակցութիւնները, որոնց կարգին յատկապէս Սպիտակ Տան նախկին թեկնածու Հանրապետական Ճոն ՄըքՔէյն (Արիզոնա), որ ծանօթ է Ուքրայինայի հարցին գծով, իր ծայրայեղ հակառուս մօտեցումներով եւ կատարած աշխատանքներով:
Յիշատակելին այն էր թէ, այս հանդիպումներն ու համաձայնագրի ստորագրութիւնը կը կատարուէր …երբ վաղորդայնին Մոսկուայի մէջ կը կատարուէր Եւրասիական Տնտեսական Միութեան անդամներու մէկ համաժողովը, ներկայութեամբ Ռուսաստանի, Պելառուսիոյ եւ Ղազախստանի նախագահներուն եւ բացակայութեամբ…Հայաստանի նախագահին:
Այսպէս Սարգսեան Մայիս 8-ին, պատահած այդ համագումարին յաջորդ օրը միայն, Մայիս 9-ին, ժամանեց Մոսկուա, իր մասնակցութիւնը բերելու Ռուսաստանի պատմութեան մէջ կազմակերպուած մեծագոյն զօրահանդէսին, ուր կը տօնուէր Համաշխարհային Բ. պատերազմի յաղթանակի 70-րդ տարեդարձը:
Ան ծաղիկ զետեղեց անյայտ զինուորի յուշարձանին, նաեւ այցելեց մարաջախտ Յովհաննէս Բաղրամեանի գերեզմանը եւ մատուցեց յարգանքի տուրք՝ զօրավարի յիշատակին: Հուսկ, ան Քրեմլինի հսկայ պալատէն ներս, ներկայ եղաւ նախագահ նախագահ Փութինի կազմակերպած տօնական ընդունելութեան:
Հոս հետաքրքրական է քուլիսներու ետին տեղեկանալ թէ, այդ փրոթոքոլային հանդիպման, ինչպիսի՞ խօսակցութիւններ տեղի ունեցան, սկսելով Ուաշինկթընի մէջ ստորագրուած առեւտրական համաձայնագրէն մինչեւ ծերակուտականներու եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի համանախագահին հետ տեսակցութիւնները:
Արդեօք, այս քանի մը օրերու մէջ կատարուած երկու բեւեռներու այցելութիւնները որքա՞ն պտղաբեր պիտի ըլլան, եւ ցոյց տան Հայաստանի արտաքին յարաբերութեան մեքենային ճկունութիւնը, հեռու առկայ աքցանէն:
Դեռ քանի մը օրէն՝ Մայիս 21-22-ին, Ռիկայի (Լաթվիա) մէջ պիտի կայանայ Արեւելեան գործընկերութեան վեհաժողովը, ուր անգամ մը եւս Արեւմուտք-Արեւելք ճակատում մը պիտի կայանայ: