ԼԵԶՈՒԱՍՊԱՆՈՒԹԵՆԷ ՓՐԿՈՒԵԼՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ ԿԸ ԳՈՒՄԱՐՈ՞ՒԻ

0 0
Read Time:4 Minute, 46 Second

Manuscript_arm_5-6AD

Յ. Պալեան
Մայիս 10, 2015
Երեւան

Անմիջականի ճնշման ենթարկուելով հիմնականը ոչ մէկ ձեւով փակագիծի մէջ պէտք չէ դնել: Ապագան սուղ վճարել կու տայ այս փակագիծին գինը, ոչ ընդարմացած հետզհետէ անինքնութիւն դարձող օտարախօս զանգուածին, այլ ազգին, որուն անունով կը սիրենք ճառել, ինչպէս հազիւ բարբառող մանուկը Սիլվա Կապուտիկեանի ,Խօսք իմ որդունեը դողդոջելով կþարտասանէ: Այսինքն՝ առանց ըսածին իմաստէն բան հասկնալու:

Ազգը բացառութիւններով չ՛ապրիր, չի տեւեր: Բացառութիւնները կարկտնուած հագուստ են, զոր ոչ ոք կþուզէ կրել:

Հաճոյակատարութիւնները, հաճոյախօսութիւնները եւ մարդորսական (proselytisme) ամէն կարգի ճապկումները, բոլոր մակարդակներու վրայ, պետական, եկեղեցական, կուսակցական, միութենական, կրթական, դառն իրականութիւններուն հանդէպ կամաւոր եւ շահախնդրուած անվաղորդայն եւ ապազգային վերաբերումներ են: Անհարազատը եւ հարազատը, ինքնութիւնը եւ անինքնութիւնը, իրաւազրկումը եւ իրաւունքը միջին եզրեր չունին, ինչպէս մահուան եւ կեանքին միջեւ երրորդ ձեւ մը գոյութիւն չունի:

Ազգին համար հայերէնի հարցը այդպէս է:

Առանց ազգային լեզուի ինչպէ՞ս կը գոյատեւէ ազգը իր հարազատութեամբ, ի՞նչ բանի շարունակութիւն կþըլլայ, ի՞նչ կը ժառանգէ եւ ի՞նչ կը կտակէ: Առանց լեզուի ի՞նչ բանի կը ծառայէ բանաստեղծի ,կանգ եւ պիտի շատանանքեը: «Ծագումով հայեր»ը կրնան շատանալ, բազմացնելով ուրիշ ազգերը, բայց ի՞նչ կþըլլայ ,կանգեը: Երբ հարցումները ճիշդ չեն սահմանուիր, պատասխանները երբեք ճիշդ չեն ըլլար:

Ազգային լեզուի իւրացումը, անաղարտ պահպանումը, զտումը, եւ հարազատութեամբ զարգացումը կը կազմեն ամբողջութիւն մը, որմէ հրաժարիլ կը նշանակէ ազգային հաւաքականութեան նկարագրի փոփոխութիւն, այլ նկարագրով հաւաքականութեան մը ստեղծման ճամբուն վրայ, հուսկ անհետանալէ առաջ: Այս կացութեան պատշաճելով հաճոյակատարութեամբ մարդորսութիւն ընելու թափահարումները անմիջական եւ յաճախ նիւթական կամ երեւելիական միտումներ կրնան բաւարարել, ազգային հաւաքականութիւնը վերածելով միջոցի, այսինքն գոհացում տալով դիրքապաշտական ցանկութիւններու:

Միամիտի վերաբերումով Ճկոյթի ետին պէտք չէ թաքնուիլ: Օտարախօս դարձած ,իրենք զիրենք զգացումով հայե դաւանողներ կան, լաւ է, բայց կը պատահի՞ որ երբեմն խօսինք նաեւ ,օտարախօս դառնալով հայութենէ խզուածներուե մասին, առաջին եւ երկրորդ խումբերուն տոկոսներուն բաղդատականը ընելով: Ֆրանսացին կþըսէ, եւ յաճախ այդ կը յիշեմ, որ ,ծառը պէտք չէ ծածկէ անտառըե: Այսինքն, ընկերային, քաղաքական եւ մշակութային խնդիրներու պարագային անհրաժեշտ է իրատեսութիւնը ձեռքէ չհանել, չառաջնորդուիլ մակերեսային եւ աժան զգացականութեամբ, բացառիկ պարագաներու յիշեցումով:

Միշտ պէտք է խորհիլ, որ մեր սեփականը միայն մեզի կը պատկանի, ոչ-սեփականը մեզի չի պատկանիր: Այս տարրական իմաստութիւնը բառային մարզանքներով եւ ճապկումներով սխալ դատումներու եւ շփոթներու դուռ կը բանայ:

Նաեւ հայերէնով է որ կ՛իմաստաւորուի բանաստեղծի ,կանգեը: Եւ այս ,կանգեը կարելի կþըլլայ մշակութային իրաւ քաղաքականութեամբ, դպրոցներէն մինչեւ թատրոն, պար, լրատուամիջոցներ, խորհրդարան, ժողովներ, եկեղեցի: Ազգային բարոյականի խնդիր պէտք է համարել հայերէնով արտայայտուիլ, հայերէն գրել, այդ ընել բծախնդրութեամբ, պահպանելով հայերէնի ինքնուրոյն հանճարը եւ որակը:

Այդ որակը…

Լրատուամիջոցները, գրաւոր եւ բանաւոր մամուլը, գրականութիւնը, պատմական եւ այլ ուսումնասիրութիւնները, քաղաքական եւ կրօնական մարդոց խօսքը, տուեալ ազգի մը պարագային, կը կատարուին ազգային լեզուով: Այս չընել կþառաջնորդէ յաջորդական հրաժարումներու: Բոլոր ժողովուրդներն ալ ունին գաւառական շրջաններու լեզուական ինքնուրոյնութիւններ, զորս կարելի է կոչել բարբառներ, ունին ընթացիկ կամ փողոցի լեզու, աղաւաղուած լեզու (ֆրանսացին կþըսէ jargon, եւ արեւելահայերէնի մէջ պարզապէս կ՛ընդօրինակեն, այդպէս ալ կþըսեն եւ կը գրեն ժարգոն, մինչդեռ կարելի է բաւարարուիլ աղաւաղուած հայերէն բացատրութեամբ: Բայց լեզուի արտայայտութեան յիշուած կալուածները պէտք է յարգեն լեզուն իր որակով: Այսպէս, ֆրանսացի հեղինակները, քաղաքական գործիչները, թերթերը, ձայնասփիւռը, հեռատեսիլը, անիշխանական գործածութիւն իրենք իրենց թոյլ չեն տար, իրենց բառամթերքը այսդիէն անդիէն չեն որսար, օտար բառերը տառադարձութեամբ ֆրանսերէնի վերածելու միմոսութիւն չեն ըներ, խայտաբղէտ օտարաբանութիւններ չեն ներածեր, տեղ մը թրքաբանութիւններ, ուրիշ տեղ արաբանութիւններ, անգլիաբանութիւններ, եւ այլ: Օրաթերթի խմբագրի լեզուն, հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի խօսնակի լեզուն կանոնակարգուած քերականութեամբ, շարահիւսութեամբ եւ ուրոյն բառամթերքով կը հրամցուի ընթերցողին եւ ունկնդիրին:

Բաղդատած ֆրանսերէնի այս պատկերին, որ ինքզինք կը պահէ որպէս ազգի լեզու, ի՞նչ է պատկերը հայերէնի:

Հայերէնը, Հայաստան եւ բազմագոյն սփիւռքներ, աղաւաղումներով ,կը ճոխանայե, ամէն օր քիչ մը աւելի: Բառարան կարելի է կազմել արաբաբանութիւններով, ֆրանսաբանութիւններով, թրքաբանութիւններով, ռուսաբանութիւններով, եւ այլ բանութիւններով, օտար բառերու հեղեղային գործածութեամբ, բառեր՝ որոնց հայերէնները մեր լեզուին եւ գիրքերուն մէջ կային եւ կան, եթէ չկան անգամ ինչ բանի կը ծառայեն լեզուաբանները, ակադեմիաները, գրողները, որ հայարմատ բառեր եթէ չստեղծեն: Տգիտութեամբ կամ իմաստուն երեւնալու հոգեկան բարդոյթով, հայերէնի մէջ կը թխմենք օտարաբանութիւններ եւ օտար բառեր, կը խաթարենք մեր լեզուի շարահիւսութիւնը (syntaxe), եւ մեր ղեկավարութիւնները (որովհետեւ ղեկավարութիւնները պատասխանատու են ազգային ինքնութեան եւ այդ ինքնութեան պատուանդան լեզուին), ոչ միայն թոյլ կու տան ազգը խաթարող անիշխանութիւնը, այլ նաեւ մասնակից եւ մեղսակից են:

Կրկին յիշենք իրենց արմատներուն հաւատարիմ մնալու ցանկութեամբ ապրող Քէպէքի ֆրանսացիները, որոնք, երբ արար աշխարհ իւրացուցած է ամերիկեան ի-մէյլը (e-mail), իրենք այդ մերժեցին եւ հնարեցին իրենց ֆրանսերէն բառը, ըսին՝ քուրիէլ (courriel) եւ Ֆրանսան հետեւեցաւ: Այս հպարտութիւնը ինչո՞ւ չներշնչուի ղեկավարութիւններուն կողմէ:

Թող թոյլ տրուի ըսել, որ գրականութիւն, թերթեր, ձայնասփիւռ, հեռատեսիլ, լեզու տարածող դպրոցներ են, մանուկներուն եւ մեծերուն համար, եւ մեր ժողովուրդի պարագային, անոնք յաճախ լեզու խաթարող են, ափսոս: Գրելու եւ խօսելու պարտականութիւն եւ յաճախ ալ սնափառական մարմաջ ունեցողները ինչո՞ւ ճիգ չեն ըներ հայերէն գրելու եւ խօսելու, փոխանակ հայերէնը վերածելու անճոռնի էսփերանթոյի: Հետեւանքը կþըլլայ այն, իբրեւ թէ հասկնալի ըլլալու եւ մարդորսութեան համար, հայերէնը ամբողջովին կը լքենք, քաղաքական խաղին դերակատարները կը խօսին օտար լեզուներով, թերթեր լոյս կը տեսնեն օտար լեզուներով, ձայնսփիւռ եւ հեռատեսիլ կը դառնան օտարալեզու, որպէսզի կարենանք հպարտանալ եւ ըսել, թէ տեսէ՛ք, ինչպէս լաւ պատշաճած ենք… հրաժարումներով:

Կը պատահի՞ որ լսէք Հայաստանի քաղաքական այրերը, համոզուելու համար, թէ ինչպէս նորահայերէն կը ստեղծեն, դիվերցիֆիքացիաներով եւ բլանդացիաներով, էկոնոմիկայով եւ տրանսպըրթով: Իսկ լուր հաղորդողնե՞րը. չեմ գիտեր թէ ե՞րբ թայմ աութ պիտի առնեն, ե՞րբ շինարարները պիտի դադրին ապամոնթաժեցնելէ եւ ռեստաւրացիան պիտի ընեն մեր լեզուաշէնքին: Այս կացութեան մէջ բան մը կը նշանակէ՞ դեռ ամէն օր հոլովուող լեզուամտածողութիւնը…

Տեղ մը հայերէնը հնութիւն կը համարուի եւ որպէս յառաջդիմութեան արտայայտութիւն կը փոխարինուի օտար լեզուներով: Այլ տեղ հայերէնը, բեմերու վրայ (թատրոն եւ անհամար ժողովներ), ձայնասփիւռի եւ հեռատեսիլի ալիքներով, հիմա արդէն համացանցի անցանկապատ խառնարանին մէջ, տեւաբար կþենթարկուի նախայարձակման, ներողութիւն՝ ակրեսիայի, ամէն օր ինքզինք աճեցնող գործնապաշտական ժարգոնով… որ պարզպէս պատեհապաշտական է, եթէ չէք վախնար ճշմարտութենէն:

Համահայկական խոհրդաժողովներու սիրահարները եւ երկրպագուները (fan), չե՞ն մտածեր ազգը լեզուասպանութենէ փրկելու խորհրդաժողով մը գումարել: Ի դէպ, էսթէպլիշմընթէն յարգարժան մը պիտի գտնուի լեզուասպանութեան եւ ցեղասպանութեան սկզբունքային տարբերութիւնը բացատրելու համար: Կþըսեմ, նաւաբեկեալին պէս, որ իր օգնութեան ճիչը կը գրէ թուղթի մը վրայ, կը դնէ շիշի մը մէջ եւ կը յանձնէ ովկիանոսի ալիքներուն…

Պէտք է հաւատալ հրաշքին, ապա թէ ոչ…

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles