ԱՆՆԿՈՒՆ ԾԱՌԸ

0 0
Read Time:1 Minute, 14 Second

Hairenik Cover A_1

«ՀԱՅՐԵՆԻՔ»
Խմբագրական
(Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած բացառիկ – Ապրիլ 24, 2015)

Փորձեցին տերեւները բզիկ-բզիկ ընել…:
իսկ ճիւղերը՝ քանդել ու կոտրտել…:
Նաեւ հսկայ բունը կացինահարել ու արմատախիլ ընել…:
Սակայն, բոլոր ճիգերն ալ եկան ի թերեւ:
Հակառակ փչող անխնայ քամիին ու փոթորիկին,
թէեւ երկա՜ր ժամանակ մնաց մօրէ մերկ եւ շարունակ տերեւաթափ,
բայց ահաւասիկ արդէն իսկ ծաղկած է ԾԱՌը,
իր հսկայ ճիւղերով եւ ծիլ առած տերեւներով:
Հոն կայ բռունցք, վրէժխնդրութիւն, արդարութիւն, պահանջատիրութիւն, հատուցում…որոնց ընդմէջէն ծիլ կ՛առնեն խաղաղութիւնը, համերաշխութիւնն ու «Մանտելա»յական ներումն ու ներողամտութիւնը:
Արդէն իսկ հարիւր տարիներ թաւալած են կացինահարման այդ օրէն, որմէ ետք եւ ցայսօր յորձանքերն ու փորձանքները անպակաս կը մնան:
Նոյնիսկ միջատներ ու որդեր փորձեցին եւ դեռ ալ կը փորձեն կրծել, թունաւորել եւ կործանել այդ ծառը, սակայն ոչ մէկ արդիւնք եւ ազդեցութիւն:
Իւրայատուկ է այդ ծառը, որուն արմատները ոչ թէ միայն հալածեցին այդ կացինի ետին կանգնող արիւնարբուներուն…նաեւ, ակն ընդ ական դաս մըն ալ տուին ու իրենց կարգին «կացինահարեց»ին:
Ի վերջոյ լեռնային երկրի քաղաքացիին՝ լեռնցիին համար յստակ է թէ, նոյնինքն կացինը պատրաստուած է այդ ծառին արտադրած ու լաւապէս տաշուած փայտէն:
Այդ էր ոճը՝ Թեհլիրեաններու եւ անոր նմաններու, որոնց երկարած «ձիթապտուղի ճիւղը» եզակի էր եւ պատմական:
Ծառն ու իր արմատները հազարաւոր տարիներու պատմութիւն ունին:
Անոնց մօտէն ու վրայէն անցած են աւազակախումբեր, արշաւախումբեր ու բանակներ, զրադաշտներ, արեւապաշտներ եւ դեռ այլոք:
Որքա՜ն տարիները թաւալին, այդքան աւելի կ՛ամրանան այդ ծառն ու արմատները:
Մերթ կանաչ, մերթ դեղին տերեւներ: Երբեմն ալ տերեւաթափ եւ ապա նոր ծիլեր:
Կարելի չէ խորտակել այս ծառը:
Այո՛…Աննկուն է այս ծառը…:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles