Նիւ Եորք.- «Միակամ Եւ Միաձայն…Յաղթանակը Մերն Է» Յայտնեց Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչ Հայկ Օշական

0 0
Read Time:1 Minute, 59 Second
լուսանկար՝ Թոմ Վարդապետեան
լուսանկար՝ Թոմ Վարդապետեան

Ստորեւ, թարգմանաբար եւ յապաւումով, լոյս կ՛ընծայենք , Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Հայկ Օշականի խօսքը, արտասանուած Կիրակի Ապրիլ 26-ին, Նիւ Եորքի «Թայմզ» հրապարակի շուրջ կատարուած հաւաքին.-

Հայ ժողովուրդ, այսօր կը սկսի նոր էջ մը, մեր պայքարի յանուն արդարութեան: 1,5 միլիոն նահատակներու եւ վերապրածներու, հոս ներկայ 15 հազար ներկաներու անունով, նաեւ Լոս Անճելըսի, Պէյրութի, Պուէնոս Այրէսի, Փարիզի, Երեւանի եւ այլուր մասնակցողներու անունով, կանգնած ենք միասնաբար, հարիւր տարի ետք պահանջելու, ո՛չ թէ միայն ճանաչում, ներողութիւն այլ նաեւ հատուցում:
Շա՜տ երկար սպասեցինք: Ժամանակն է Թուրքիոյ, որ գինը վճարէ այս յանձանքին:
Թուրքիան կրնայ շարունակ ժխտել, բազմաթիւ պաստառներ զետեղել հոս՝ «Թայմզ» հրապարակի մօտ, դիւրութեամբ գնել նախագահներ՝ ամօ՛թ նախագահ Օպամա: Շատ մը դեսպաններ կրնայ տուն կանչել, դիտմամբ դասաւորել եւ փոփոխութեան ենթարկել Կալիփոլիի ճակատամարտի հարիւրամեակի թուականը:
Ինչ որ ալ կատարէ Թուրքիան, պարզապէս կը ստէ՛:
Շա՜տ է թիւը անոնց որոնք քաջութիւնն ու համոզումն ունին պայքարելու յանուն արդարութեան: Կան շատ մարդիկ, որոնք կ՛աջակցին: Փրանկիսկոս Պապեր Վատիկանի մէջ, Հրանդ Տինքեր՝ Թուրքիոյ մէջ, Ֆրանսուա Հոլանտներ՝ Ֆրանսայի մէջ, եւ դեռ աւելի Սողոմոն Թեհլիրեաններ, Արշաւիր Շիրակեաններ եւ Արամ Երկանեաններ՝ մեր արեան մէջ:
Էրտողաններ, Օպամաներ…նախագահներ գնայուն են, սակայն մեն՛ք հոս ենք մնայու՛ն… հայրենակիցներ, եւ այդ ալ որովհետեւ մենք յաղթած ենք, շարունակ պայքարելով:
Մե՛նք վերապրեցանք, կերտեցինք Սփիւռք, այո՛ ստեղծեցինք անկախ Հայաստան, յաղթեցինք Արցախի մէջ …եւ մենք պիտի յաղթենք Թուրքիոյ դէմն ալ…:
Երբ մենք միակամ եւ միասնական ենք, ինչպէս այսօր, ո՛չ մէկ բան կրնայ մեզ կասեցնել:
Յատկանշական է, որ այսօր Հ.Ե.Դ.-ը, Հ.Մ.Ը.Մ.-ը եւ այլ երիտասարդական միութիւններ ներկայ են…: Դուք յաջորդ սերունդն էք, յանուն մեր սուրբ պայքարի եւ արդարութեան: Մեր գործին ապագայի ալիքը պիտի քալէ ի յիշատակ նահատակներուն եւ յաչս Արեւմտեան Հայաստանի պահանջատիրութեան:
Ահա, բանն ու՞մն է որ թուրքերը չեն հասկնար: Մենք երբեք պիտի չմոռնանք, եւ մենք երբեք չենք հանգստանար, մինչեւ որ կատարուի արդարութիւն, մինչեւ որ Թուրքիա վճարէ իր պարտքը:
Մենք այստեղ, կը յիշենք, եւ մենք կը պահանջենք: …Եւ ընդունած ենք պայքարը, մինչեւ ամբողջական յաղթանակ:
Այլ լուծում չկայ հայրենակիցներ, եւ այս բոլորը յանուն «Ասեմպլի»ին, Ռ.Ա.Կ.-ին, Ս.Դ.Հ.Կ.-ին…յանուն Հ.Յ.Դ.-ին:
Ամենայն ինքնավստահութեամբ կը հաստատեմ թէ, օրը պիտի գայ որ մեր նահատակները պիտի հանգչին, երբ մենք ազատօրէն պիտի քալենք հայրենի Վանի, Մուշի, Էրզրումի եւ այլ շրջաններէ ներս…եւ ծածանենք եռագոյնը՝ Արարատ լերան վրայ:
Միակամ, միաձայն…ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ ՄԵՐՆ է:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles