Յ. Պալեան
Ապրիլ 30, 2015
Երեւան
Անկասկա՛ծ, Հայկական Հարցի հետապնդումը այսքան մեծ ծաւալ չէր ունեցած, ինչպէս այս տարի: Բազմաթիւ երկիրներ պաշտօնապէս յայտարարեցին, որ հայը իր բնիկ երկրին մէջ ենթարկուած էր ցեղասպանութեան եւ հայրենահանման: Ոմանք, որձեւէգ ճապկումներով, խուսափեցան ցեղասպանութիւն բառի գործածութենէն, խօսելով հանդերձ զանգուածային ջարդերու եւ տեղահանութիւններու մասին, կարծէք այդ զոյգը ինքնին ցեղասպանութիւն չըլլար:
Ցեղասպանութիւն գործած պետութեան իրաւայաջորդը եղող Թուրքիան, որ այդ եղեռնագործութեան թողօնը եւ գողօնը իւրացուցած է, անոնց վրայ կառուցելով իր տնտեսութիւնը, հանրային կարծիքը քնացնող յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ, իր նախագահի եւ վարչապետի ցաւակցական ծխածածկոյթ խօսքերով, որոնք միամիտներ եւ անտեղեակներ միայն կրնան գոհացնել: Երբ բազմադարեան ժողովուրդ մը հաւաքական սպանդի ենթարկուած է եւ անհետացած իր հայրենի տարածքէն, ծիծաղելի է ըսել՝ որ անոր «ցաւը կը կիսեն»: Հանդուրժուեցաւ, որ Թուրքիոյ հայերը նշեն ցեղասպանութիւնը, հանրային կարծիքին մէջ կը զարգանայ ճշմարտութեան ընդառաջ երթալու միտում մը, առաւելապէս մտաւորական շրջանակներ լայնախոոհութեամբ եւ բարոյականութեամբ կը խօսին ցեղասպանութեան մասին, բայց միայն այդ մասին: Դեռ ոչ ոք կը խօսի ժողովուրդի մը օրրան հայրենիքի բռնագրաւման մասին:
Միջազգային լրատուամիջոցները աննախընթաց վերաբերում ճշդեցին, մեզ զարմացնելով իրենց հրատարակած էջերով: Կար ժամանակ, երբ քարոզչական նպատակով եւ մեծ գումար վճարելով թերթերու մէջ ծանուցում կը դրուէր: Բայց անոնք արդէն յարաշարժ եւ ամէն որ նորութիւններով յորդող քաղաքական կեանքին եւ իրադարձութիւններուն կը հետեւին, բնական է որ չզբաղին յաջորդ հանգրուաններով: Լուսաբանութիւնները եւ յիշեցումները օգտակար են, ենթահող են, բայց քաղաքական նախաձեռնութիւն չեն: Քաղաքական նախաձեռնութիւնները կրնան գալ պետութիւններէ կամ միջազգային կազմակերպութիւններէ, լրատուամիջոցները լուր կու տան, կը նպաստեն հարցերու այժմէականացման:
Արդ, մենք մեզի եւ մեր բարեկամներուն պէտք է ուղղենք հետեւալ հարցումը. պետութիւններու եւ անոնց աւագ դէմքերու հոգեպարար խօսքերը եւ Թուրքիան անհանգստացնող յայտարարութիւնները հայկական ակնկալութիւններուն ՀԱՇՈՒԵՓԱ՞Կն են, թէ՞ ՄԵԿՆԱԿԷՏը այդ ակնկալութիւններու եւ արդար պահանջներու կենսագործման: Հիմա որ հրավառութիւնները աւարտած են, դիտած եւ յուզուած ենք Ծիծեռնակաբերդի տպաւորիչ բեմադրութեամբ, լեռնակուտակ ծաղիկները հաւաքուած են, եւ բոցը կը շարունակէ յամառօրէն ժայթքել իր քուրայէն, ի՛նչ պիտի պատահի, ի՛նչ պիտի ընեն, ի՛նչ պիտի ընենք:
Կրնանք ըսել, թէ ճակատամարտ մը շահեցանք, բայց ան հայոց իրաւունքի վերականգնումի յաղթանակը չէ: Յաճախ կը յիշեմ, երէց սերունդէն, յուզուած եւ անկեղծ հայրենակիցի մը խօսքը, այն պահուն երբ դուրս կու գայինք Ֆրանսայի Ազգային ժողովէն, ուր քուէարկուած էր ցեղասպանութեան ճանաչումը, թէ ֆրանսահայութիւնը հասաւ իր նպատակին: Արդ, այս շահուած նոր ճակատամարտը նպատա՞կ էր, թէ՞ սկիզբ նորի, հայրենիքի եւ ազգի շարունակութեան հունով:
Եւ ի՞նչ է բովանդակութիւնը այդ նորին: Կամ ի՞նչ բովանդակութիւն պէտք է տալ անոր: Համազգային ըմբռնում եւ յանձնառութիւն(ներ) ունի՞նք այդ ՆՈՐի ազգային համապարփակ որակին մասին: Այս համապարփակը պէտք է սահմանել առանց խուսանաւումներու, չվշտացնելու եւ մարդորսական ենթագաղափարական ճառով (logomachie), ոտքի չքնացնելու համար հայ զանգուածները, Հայաստան եւ սփիւռքներ:
ՇԱՀՈՒԱԾ ՃԱԿԱՏԱՄԱՐՏԸ ՆՊԱՏԱԿԱՅԻՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿ ՉԷ
Հանգրուանը պէտք չէ շփոթել վերջնական նպատակի հետ: Ճակատամարտը կ’իմաստաւորուի հեռանկարով, որուն իրականացման ճամբուն վրայ կայան մըն է: Այլապէս կը խրինք բազում աղմուկ վասն ոչինչի համար եղած թափահարումներու մէջ: Ճակատամարտը, պատմութեան տեսանկիւնէ, ակնթարթային է, եթէ իր տեղը չգտնէ ընդհանուր տեսիլքի մը մէջ: Այդ տեսիլքը ճակատամարտի յաջողութեան սոսկ մխիթարական-բարոյական շարունակութիւն չունեցող գինովութիւնը չէ: Պէտք է գիտնալ նաեւ, որ հանրային կարծիքի յիշողութիւնը կարճ է, լրատուամիջոցներ իրենք զիրենք չեն կրկներ, նորութեան ցնցիչի հետամուտ են, տպուած թուղթ սպառելու կամ ունկնդիր շահելու համար, եւ այդ չեն թաքցներ, կը խօսին ունկնդիրներու թիւով (audimat):
Հարցը այն է այսօր, որ ցեղասպանութիւնը ճանչցողները եւ դատապարտողները, ներառեալ անոնք՝ որոնց շրթները կ’այրին երբ կը փորձուին ճշմարտութիւնը ըսել եւ կը գոհանան եղածը նշելով որպէս աննախընթաց եւ անմարդկային ջարդեր, պիտի ուզե՞ն բանակցութեան սեղանին շուրջ բերել իրաւազրկուածները եւ իրաւազրկողը: Այս է հետապնդուելիք նպատակը: Օրինակ, եթէ Եւրոպան եւ Ամերիկան Ուքրանիոյ բարդութիւններու լուծման համար նախաձեռնութիւններ կ’ունենան, կեցուածք կը ճշդեն, ինչո՞ւ նոյնը պիտի չընեն անդամահատուած Հայաստանի եւ հայրենազրկուած հայ ժողովուրդին համար: Արաբական աշխարհի առաջնորդող երկիր Եգիպտոսը, բայց նաեւ Սուրիան, Լիբանանը, ինչո՞ւ քաղաքական նախաձեռնութիւն պիտի չունենան բանակցութիւններու պայմաններ ստեղծելու համար: Նաեւ ամերիկեան ցամաքամասի երկիրները: Ազնիւ խօսքէն անդին, օգտակար եւ արդարութեան ու ճշմարտութեան ճնշումի նախաձեռնութեան պահն է, եւ այս պահանջով, առանց սեթեւեթի, պէտք է խօսիլ բոլորին հետ:
Անիրաւուած ազգի մը վերականգնումին համար շրթներու ծառայութիւնը անբաւարար է, բառին իսկական առումով քաղաքական ազդակ չէ:
Պարզ պէտք է ըլլար եւ ըլլայ, որ Հայութեան խնդիրն է Հայաստանի տարածքային ամբողջացումը, այս պարագային Հայաստանը պէտք է ըմբռնել Հայաստանի Հանրապետութեամբ սահմանուող տարածքէն անդին նաեւ: Երբեք բաւարար չափով եւ յստակութեամբ չ’ըսուիր, ոչ մեր կողմէ, ոչ ալ մեր «բարեկամ» պետութիւններու եւ ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջողներու կողմէ, որ ցեղասպանունիւն գործուած էր հողի համար: «Բարեկամ» պետութիւնները իրենց կողմէ յայտարարուած ճանաչման տրամաբանութեան պէտք է հետեւին, հոն կանգ չառնեն, այլապէս այդ ճանաչումները իրաւազրուածներուն համար մխիթարական ծէս, հոգեհանգիստ կը դառնան, ամեակները կը շարունակուին կլոր կամ պարզ թուականներով: Որպէսզի մեր «բարեկամներ»ը հասկնան, որ ծէսով պատմութեան չարիքները չեն սրբագրուիր, եղածով բաւարարուող երախտագէտներու անգոյն ամբոխ պէտք չէ ըլլանք եւ դրսեւորենք ինքնուրոյնաբար որպէս իրաւատէր եւ պահանջատէր տոկալու եւ տեւելու կամք:
Բռնագրաւուած Հայաստանը ամբողջութիւն մըն է, որ ոմանց համար կը գտնուի հարազատ կեդրոնէն հեռացման անշրանցելի եւ անվերադարձ կացութեան մէջ, քանի որ այդ տարածքները դատարկ չեն, բնակուած են, թէեւ խորշակներէ ետք արթնցող հոն հայկական հաւաքականութիւններ կան:
Այս ինքնուրոյնաբարը բազմաշերտ է, աւուր պատշաճի ճառ զարդարող բառ չէ: Ան կ’ենթադրէ ազգի մը իրաւութեամբ տեւելու անշրջանցալի ազդակները, որոնք կը գոյացնեն մէկ ժողովուրդէ միւսը տեսանելի տարբերութիւններըրը, դիմագիծը, պարզապէս այն ինչ՝ որ կարելի է կոչել ինքնութիւն, որ մեր ժողովուրդի պարագային վտանգուած է, եթէ չթաքնուինք մարդորսական եւ ճառային բարբաջանքներու ետին, որ յաճախ կը սկսի եւ կ’աւարտի զանգուածները գոհացնելու կոչուած տպագիր կամ հեռատեսիլային պատկերներով:
ԻՆՔՆՈՒՐՈՅՆԱԲԱՐ ՏԵՒԵԼՈՒ ՅԱՏԿԱՆԻՇՆԵՐ
Ցեղասպանութեան եւ հայրենահանման հարիւրամեակի համազգային, կրնանք նաեւ ըսել համաշխարհային, ոգեկոչումները ըրին այնպէս՝ որ ոչ ոք կարենայ ինքնարդարացում փնտռել անտեղեակութեան պատճառ-պատրուակներու ետին թաքնուելով: Այս կը վերաբերի հայերուն, նաեւ՝ աշխարհին: Հայկական Հարցը մոլորակին շուրջ հիւսեց իր ծանօթացման ցանցը:
Բայց Բարոյականութիւնը դեռ նման ցանց չէ հիւսած մոլորակի շուրջ: Այդ Բարոյականութիւնը ունի յստակ սահմանում, զոր չեն բանաձեւած աշխարհի մեծերը, զինուորականները, կառավարողները, տնտեսագէտները, այլ կարգ մլը իմաստուններ, որոնց խօսքը եւ միտքը տեւաբար մրցակցութեան մէջ մարդոց, ժողովուրդներու եւ պետութիւններու արժէքներու տախտակին վրայ չեն գտնուիր:
Այդ Բարոյականութիւնը իր խիտ եւ խորիմաստ սահմանումը գտած է նախորդ դարու մեծ իլմաստասէրներէն Ռընէ լը Սէնի (1882-1954) ըմբռնումին մէջ: Ան կ’ըսէ. «Ուրիշի իրաւունքը իմ պարտականութիւնս է»: Յաճախ խորհած եմ այս խօսքի մասին, զայն մէջբերած: Եթէ մարդիկ, բոլոր կացութիւններու մէջ, այս իրաւ իմաստութիւնը կրկնեն, կը գերանցեն կրօնները, կուսակցութիւնները, այլազան վարդապետութիւնները:
Իրաւազրկուածներուն, անոնք ըլլան անհատներ թէ հաւաքականութիւններ, արդարութիւն ընելու եթէ մեծութիւնը ունենանք, Ռընէ լը Սէնի իմաստութեամբ առաջնորդուելով, աւեր գործած եւ գործող անարդարութիւնները, շահագործումները, մրցակցութիւնները վերջ կը գտնեն: Այս իմաստով է, որ Հայկական Հարցը, իր ազգային, կրօնական, մշակութային, մարդկային, ընկերային, քաղաքական բնոյթով գլխագրուած Բարոյականութեան խնդիր է: Մեզ յուզող ճանաչումները հազիւ թէ մխիթարութիւն են, սառցակոյտի երեւցող չնչին մասը:
Միջազգային համայնքէն, զայն առաջնորդողներէն, որոնք կը տիրեն լծակներու, մեր պահանջը պէտք է փոխադրել մարդկային բարոյականութեան ոլորտ: Ասիկա տիրացուական վերաբերում չէ: Անոր իրականացման պիտի նպաստեն բարոյական հեղինակութիւնները, որոնց հազուադէպօրէն կրցած ենք հասնիլ: Հռոմի սրբազան քահանայապետի յանձնառու խօսքը օրինակելի օրինակ մըն է, որպէս տիեզերական վարդապետի: Եգիպտոսի Ալ Ազհարի կրօնապետը բարոյական հեղինակութիւն է եւ Թուրքիան չի կրնար խուլ ձեւանալ երբ ան խօսի: Խաղաղութեան Նոպէլի դափնեկիրները պարտաւորութիւններ ունին: Եւ ուրիշներ: Այս մարդիկ անտեղեակ չեն, բայց անոնց հետ մեր յարաբերութիւնները պատահական են, անհատական մակարդակի վրայ կը մնան, եւ ըստ ընկալեալ սովորութեան, չենք յաջողիր ճիշդ մարդը տեսնել ճիշդ դիրքի վրայ:
Ցեղասպանութեան պատմական իրողութեան եւ անոր վերաբերող փաստահաւաքի աշխատանքը աւարտած պէտք է համարել եւ փոխադրուիլ այլ մակարդակ: Ինչպէ՞ս, որոնց հետ: Պարզ պէտք է ըլլայ նաեւ այն, որ այս նոր ուղիով յաջողութեամբ ընթանալու համար, դասական եւ ինքզինք կրկնող «էսթէպլիշմընթ»էն տարբեր կարողութիւններով պէտք է գործել, ոչ թէ յաւելեալ իրաւունքի եւ իրաւասութեան ձեռքբերման նպատակով, այլ յաւելեալ պարտքի եւ պարտաւորութեան:
Մասնագէտներ արդէն կազմած են նիւթական վնասներու եւ իրաւունքներու ցուցակը: Տեսնել հետեւեալ անունը Միացեալ Նահանգներ լոյս տեսած հետեւաեալ ուսումնասիրութիւնը, RESOLUTION WITH JUSTICE, REPARATIONS FOR THE ARMENIAN GENOCIDE, THE REPORT OF THE ARMENIAN GENOCIDE REPARATIONS STUDY GROUP, March 2015, զոր կարելի է գտնել նաեւ համացանցի վրայ:
«Ցաւ կիսող Թուրքիան», ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտութեան խօսքով հրապարակ եկած երկիրներ եւ անհատներ, առանց ճապկումներու պիտի ուզե՞ն եւ պիտի յաջողին բանակցութեան սեղանին շուրջ հաւաքել իրաւազրկողը եւ իրաւազրկուածները: Առանց բանակցութեան սեղանին շուրջ նստելու, կը մնանք կարծրացած դիրքերու վրայ, որոնք ոչ մէկ տեղ կ’առաջնորդեն:
Հայ ժողովուրդին կողմէ եղած նման նախաձեռնութիւն եւ պահանջ, Հայկական Հարցը դուրս կը բերէ գութի, փաստահաւաքի, զօրակցութիւններու եւ տօնական օրերու յատուկ ընդարմացնող ճառերու աւազախրումէն:
ԱՅՍ «ՓՐԱՔՍԻՍ»ԻՆ ՀԱՄԱՐ ԿԵՆՍԱԿԱՆ Է ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՆՔՆՈՒՐՈՅՆՈՒԹԵԱՆ ՈՐԱԿԸ
Բանակցութեան «փրաքսիս»ին համար մենք պէտք է որ պատրաստ ըլլանք մեր ինքնուրոյնութեամբ, բարոյականութեամբ, յանձնառութեամբ եւ որակով:
Այս պատրաստութեան համար արտաքին օժանդակութեան կարիք չունինք, այլ իսկական ազգային դիմագիծով եւ խորքով «ղեկավարում»ի:
Մեր ազգի համրանքը եւ անոր «ազգային որակ»ը պէտք է պահպանուի: Պէտք է խօսիլ այդ որակի քանակին եւ բաղկացուցիչներուն մասին, հեռանալով զգացական-մարդորսական-ամբոխավարական ճապկումներէ:
Հայրենիք պահելու եւ հայրենիք ամբողջացնելու համար նախ ներկայութիւն պէտք է այսօ՛ր, այսինքն՝ համրանք: Ներկայութեան պատրաստութիւն նաեւ վաղուան համար: Համրանքը հայրենիք պահելու եւ հայրենիք ամբողջացնելու անշրջանցելի պատուանդանն է, որ քաղաքական առաջնահերթութիւն պէտք է ըլլայ հայրենաբնակ ժողովուրդին եւ սփիւռքներուն: Այս վերջինները հայկական հարցերուն չեն կրնար վերաբերիլ սոսկ որպէս «հայասէր» (օտարներն ալ կրնան հայասէր ըլլալ), եւ ոչ ալ եկող-գացող «տուրիստ», զբօսաշրջիկ, առանց հայրենիքի տիրութեան յանձնառութեան:
Ինչ որ ըլլան դրդապատճառները, Հայաստանէն տեղի ունեցած զանգուածային արտագաղթը, որ չէ կասած, աղէտ է ՀԱՅՐԵՆԻՔ ունենալու, պահելու եւ ամբողջացնելու տեսակէտէ: Ճառ խօսելու համար վարձու բնակիչնե՞ր պիտի բերենք, ինչպէս որ կ’ըլլան վարձկան զինուորները: Հայը իր նախահայրերու երկրին եւ գաղթած երկրին յարաբերաբար վարձկա՞ն է, որ կրնայ տէր, լեզու, մշակոյթ փոխել: Արդէն ընդհանրացած է եւ ընդունուած ահաւոր կերպով բացասական եւ ապազգային նկարագիր ունեցող եզրը՝ «ծագումով հայ», ուրեմն ի՞նչ կարելի է հարցնել:
Հայաստան եւ սփիւռքներ, համրանքէն չ’անջատուիր ազգային որակը: Այս տեսակէտէն կարեւոր է ազգային լեզուին եւ անոր հարազատութեան որակի պահպանումը: Երբեմն պէտք է յիշել հայրենի մտաւորական Ռաֆայէլ Իշխանեանի իմաստութիւնը, ըստ որուն՝ «առանց լեզուի ի՞նչ ազգ» կը պահուի: Առանց լեզուի, ի հարկէ, կարելի է խօսիլ «ծագումով հայերու» կամ, ինչպէս կը լսուի յաճախ օտար բառերով արտայայտութիւնը՝ որ «զգացումով հայ ենք», որ շատ ալ տարբերութիւն չունի հայասէրէն: Կը յիշեմ նաեւ ֆրանսացի իմաստասէրին խօսքը. «բառերու ժառանգութիւն, գաղափարներու ժառանգութիւն»: Արդարեւ, լեզուն ինքնութիւն է եւ հազարամեակներու խորքէն եկած պատմութիւն:
Սփիւռքներու հեռու եւ մօտ անկիւնները ազգային լեզուի իւրացումը ազգային գիտակցութեան վերածնունդին եւ հետեւաբար յանձնառութիւններուն համար անշրջանցելի ազդակ է: Տասնամեակներէ ի վեր, սփիւռքներու մէջ, նաեւ Հայաստան, հիւանդագին վերաբերում ունեցած ենք եւ ունինք ՕՏԱՐԱԲԱՐԲԱՌՈՒԹԵԱՆ հանդէպ: Այսպէս, մեր սնափառութեան ջաղացքի չախչախէն իմանալ՝ որ Մարկոսը կամ Անթուանը տեղացիէն աւելի լաւ կը խօսին տեղական այս կամ այն լեզուն, մինչդեռ իսկական հպարտութիւն պիտի ըլլար այն՝ որ հարազատ ոսկեղնիկ հայերէնը պահած ըլլային անոր ամբողջ ճոխութեամբ:
Այս հունին մէջ զարգացած է թիւրիմացութիւն մը՝ օտարագիր հայածնունդ գրողի գրականութեան նկատմամբ, անկէ ստացուող սնափառական բաւարարութիւն մը, որուն հետեւանքով կը դադրինք մտածելէ, որ այդ հայածնունդի օտարաբարբառ գրականութիւնը մեզի չի պատկանիր, կը պատկանի այն ժողովուրդի գրականութեան, որուն լեզուով գրուած են էջերը: Հանրի Թրուայան մեծ գրող է, ֆրանսացի գրող է, որպէս այդպիսին Ֆրանասայի ակադեմիայի անդամ, իր գրականութիւնը ունի որակ եւ հաճելի է, բայց մեր գրական ժառանգութեան մաս չի կազմեր: Ինչպէս բոլոր օտարագիրներու գրականութիւնը: Անոնք կրնան ծառայել մեր քարոզչութեան եւ քաղաքական դատին, բայց մեր գրականութիւնը չեն ճոխացներ:
Մեր որակի զարգացման համար, հայաբարբառ գրականութեան զարգացման պիտի նպաստենք, ստեղծելով պայմանները, եւ լաւագոյնները ներկայացնենք միջազգային համայնքին, կրկին, որակաւոր թարգմանութիւններով:
Մեր որակի բարելաւումը կախում ունի ազգային գաղափարախօսութեան իմաստուն ներշնչումէն եւ իւրացումէն: Այդ գաղափարախօսութիւնն է որ հայածնունդ գրողը յանձնառութեամբ կը դարձնէ հայ գրող, օտարախօսը կը դարձնէ հայախօս, բուժելով բազմատեսակ ստորակայութեան բարդոյթները:
Ազգային գաղափարախօսութիւն եթէ ներշնչած ըլլայինք, այդ անմիջապէս տեսանելի կ’ըլլար, քանի որ աղէտ-արտագաղթ տեղի չէր ունենար, տեղի կ’ունենար հայրենադարձութիւն: Ինչ որ ալ ըլլան արտագաղթը բացատրող պատճառները, ան ազգային աղէտ է, եւ զարմանալի է որ մարդիկ արտասահման նստած Հայաստանի քաղաքական կեանքին մասին կը խօսին, կը դիրքորոշուին: Հայրենադարձութիւնը քաղաքական-գաղափարական դաստիարակութիւն կ’ենթադրէ: Զարմանալի է, որ հիւրընկալ այս կամ երկրէն հեռանալու պատճառները, հայերու հայեացքը չեն դարձներ դէպի հայրենիք, որուն համար երգ կ’երգեն, ճառ կը խօսին, այլ այդ հայեացքը կը դառնայ դէպի օտար երկիրներ, ուր բախտաւոր պարագային իրենց համար պիտի ըսուի, որ լաւ եւ օրինակելի կերպով մերուած քաղաքացիներ են, չըսելու համար դատապարտուած են, ուշ կամ կանուխ, անհետացման, անցնելէ ետք «ծագումով հայու» քաւարանէն:
ՀԱՅԱՑՈՒՄ, ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ-ՆԵՐԴՐՈՒՄ ԵՒ ՏԻՐՈՒԹԻՒՆ
Հայկական հարցին համար էական է հայկական եւ ծագումով հայ զանգուածներու որակով ազգային գաղափարախօսութեամբ հայացումը, որպէսզի չըլլայ արտագաղթ, ըլլայ հայրենադարձութիւն:
Որպէսզի հայրենի հողը, անկախացած հայրենիքը, եւ բռնագրաւուած հայրենիքը՝ որմէ հրաժարիլ դաւաճանութիւն է, տէր ունենան:
Ցեղասպանութեան նշման յաջորդող ժամանակաշրջանը մտածումներու յստակացման եւ անոր հետեւող աշխատանքի դաշտը պէտք է ըլլայ, ղեկավարումը այդ ուղղութեամբ պէտք է նայի, մարդկային եւ նիւթական ներդրումները այդ ուղղութեամբ պէտք է ըլլան:
Իրականութիւնները մատներու արանքէն պէտք չէ դիտել եւ չխրիլ առժամեայի եւ մասնակիի անվաղորդային աղմուկ-իրարանցումներուն մէջ: Այս ընելու համար պէտք չէ ըլլալ յոռետես-յուսահատ կամ լաւատես-միամիտ, այլ ապագայատես-իրատես:
Այս կամ այն մեծի հետ եւ անոր շուքին լուսանկարուիլ սնափառութիւն է, քաղաքականութիւն չէ: Քաղաքականութիւնը տարբեր որակ է: