ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 27-Ի ԱՀԱԲԵԿՉԱԿԱՆ ԱՐԱՐՔԻ 10-ԱՄԵԱԿ

0 0
Read Time:2 Minute, 8 Second

p 1 ra27100901tՀա­յաս­տան նշեց Հոկ­տեմ­բեր 27-ի ահա­բեկ­չա­կան արար­քի 10-ամ­եա­կը: Երկ­րին բարձ­րա­գոյն ղե­կա­վա­րու­թիւնը այ­ցե­լեց Եռաբ­լու­րի պան­թէ­ոն, ուր ծա­ղիկ­ներ զե­տեղ­ուե­ցան ոճ­րա­յին արար­քին զոհ գա­ցած պե­տա­կան գոր­ծիչ­նե­րու շի­րիմ­նե­րուն: Նա­եւ,Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վի բա­կին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ նա­եւ ոճ­րա­յին արար­քի զո­հե­րու յի­շա­տա­կին նուիր­ուած յու­շա­կո­թո­ղի բաց­ման արա­րո­ղու­թիւն, որուն ներ­կայ գտնուե­ցան Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հը, Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի նա­խա­գա­հը, վար­չա­պե­տը, Ամե­նայն հա­յոց կա­թո­ղի­կո­սը, նա­խա­րար­ներ, պատ­գա­մա­ւոր­ներ, զո­հե­րու հա­րա­զատ­ներ եւ մտե­րիմ­ներ: «Մեր նա­հա­տակ­նե­րուն յի­շա­տա­կը եւ մեր սե­րունդ­նե­րուն ապա­գան կը պա­հան­ջեն ու­նե­նալ կա­յուն եւ ամուր պե­տա­կա­նու­թիւն, հզօր եւ բար­գա­ւա­ճող եր­կիր, ամ­բողջ հա­յու­թեան երա­զանք­նե­րուն օր­րա­նը դար­ձած հայ­րե­նիք: Այ­սօր աւե­լի քան եր­բեք մեր ժո­ղո­վուր­դին մի­ա­բա­նու­թիւն պէտք է, մեր հա­ւա­քա­կան ինք­նու­թիւնը պե­տա­կան կեան­քին հա­սու դարձ­նե­լու կա­րո­ղու­թիւն պէտք է: Ասի­կա է ապա­գա­յի մեր ճամ­բան», իր խօս­քին մէջ ըսաւ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Յո­վիկ Աբ­րա­համ­եան:

Յու­շա­կո­թո­ղին հե­ղի­նա­կը աշ­խար­հահռ­չակ քան­դա­կա­գործ Եր­ուանդ Քո­չարն է: Տաս տա­րի­ներ առաջ, վե­րոնշ­եալ թուա­կա­նի առա­ւօտ­եան ժա­մը 11.20ին, ոճ­րա­գոր­ծու­թեան զոհ կը դառ­նա­յին պե­տա­կան գոր­ծիչ­ներ՝ Կա­րէն Դե­միրճ­եա­նը, Վազ­գէն Սարգս­եա­նը, Եու­րի Բախշ­եա­նը, Ռու­բէն Մի­րոյ­եա­նը, Մի­քա­յէլ Քո­թան­եա­նը, Ար­մե­նակ Ար­մե­նակ­եա­նը, Հեն­րիկ Աբ­րա­համ­եա­նը, Լէո­նարտ Պետ­րոս­եա­նը: Նա­եւ Սուրբ Էջմ­ի­ած­նի մէջ հո­գե­հանգստ­եան արա­րո­ղու­թիւն տե­ղի ու­նե­ցաւ:

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles