ԹՈՒՐՔԻԱ – ԻՍՐԱՅԷԼ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ

0 0
Read Time:1 Minute, 21 Second

MIDEAST-DIPLOMACY-ISRAEL-TURKEYՏա­րա­կար­ծու­թիւնը օր ըստ օրէ ի վեր կը բարձ­րա­նայ: Թուրք­իա-Իս­րա­յէլ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը այն­քան մը սրած են որ Թէլ Աւիւի բա­նուկ սրճա­րան­նե­րէն ներս կա­րե­լի է տես­նել այս մէկ հսկայ որ­մազ­դը, ուր նշուած է.- »Մենք չենք վա­ճա­ռէր թրքա­կան սուրճ… ցնոր տնօ­րի­նու­թիւն«:

Դեռ աւե­լին, Լոն­տոն­եան »Կարտի­ըն« օրա­թեր­թին հետ, Թուրք­իոյ վար­չա­պետ Էր­տո­ղա­նի հար­ցազ­րոյ­ցը, յա­ւել­եալ լար­ուա­ծու­թիւն ստեղ­ծած է: Էր­տո­ղան քննա­դա­տած էր Իս­րա­յէ­լի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Աւիկ­տոր Լի­պըր­մա­նը, որ սպառ­նա­ցած էր Կա­զա­յի դէմ հիւ­լէ­ա­կան զէն­քեր օգ­տա­գոր­ծել: Լի­պըր­ման, ան­հե­թեթ նկա­տած էր Էր­տո­ղա­նի ար­տա­յայ­տու­թիւնը:

Միւս կող­մէ, հա­զա­րա­ւոր թուր­քեր եւ շարք մը թրքա­կան ոչ կա­ռա­վա­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ, անց­նող օրե­րուն Պոլ­սոյ մէջ, »Պա­ղես­տի­նի բա­րե­կամ­ներ« կազ­մա­կեր­պու­թեան կող­մէ հո­վա­նա­ւոր­ուած քայ­լար­շա­ւին մաս­նակ­ցե­ցան: Անոնք դէ­պի Իս­րա­յէլ­եան հիւ­պա­տո­սա­րան  ուղղ­ուե­ցան եւ տեղ­ւոյն ղե­կա­վա­րու­թիւնը դա­տա­պար­տող կար­գա­խօս­ներ կան­չե­ցին եւ իս­րա­յէլ­եան դրօշ մըն ալ հրկի­զե­ցին:

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles