Յառաջիկայ շաբաթներուն, ֆրանսահայ հանրածանօթ երաժիշտ Միշէլ Լըկրան, ելոյթներու շարք մը պիտի ունենայ Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանէն ներս:
Արդարեւ, Լըկրան երեք ելոյթներ պիտի ունենայ յաջորդաբար Ուաշինկթընի (Մէրիլէնտ), Պոսթընի եւ Նիւ Եորքի մէջ, յառաջիկայ Նոյեմբեր 15-ին, 18-ին եւ 21-ին:
Ձեռնարկը կ’ընդգրկէ յատկապէս շարժապատկերի համար պատրաստուած գործեր:
Նշենք թէ, ան տարիներ շարունակ կատարած է իր ներդրումը այս բնագաւառէն ներս: Լըկրանի կը պատկանին հանրածանօթ »The Thomas Crown Affair«, »Lady sings the blues«, »Les parapluies de Cherbourg« (The Umbrellas of Cherbourg) ժապաւէններուն երաժշտութիւնները: Լըկրան աւելի քան երկու հարիւր ժապաւէններու երաժշտութիւնը յօրինած է:
Այս առթիւ, սոյն ելոյթներուն, իրեն պիտի ընկերանան գանատացի երիտասարդ երգիչ Մարիօ Փելշա եւ բազմիցս մրցանքներու տիրացած ամերիկացի երգչուհի Տայան Ուորուիք: Նախապէս Գանատայի մէջ ելոյթները մեծ յաջողութեամբ պսակուած են:
Շարժապատկերի երաժշտութեան կողքին, այս ելոյթներուն նաեւ ֆրանսական երաժշտութեան դասական գործերն ալ պիտի ներկայացուին, էտիթ Փիաֆէն մինչեւ Շարլ Թրենէ եւ Շարլ Ազնաւուր:
Միեւնոյն ժամանակ դաշնակահար, յօրինող, երգահան եւ մաէսթրօ Մեծն (Լըկրան) Միշէլ, հայ երաժշտութեան Մեծն Տիգրանն է:
Ան գործակցած է բազմաթիւ ներկայ թէ անցեալի արուեստագէտներու հետ, որոնց կարգին՝ Մօրիս Շըվալիէ, Մայլզ Տէյվիս, Ռէյ Չարլզ, Քիրի Թէ Քանաուա, Ճոնի Մաթիս, Նիլ Տայմընտ, Սարահ Վոյն, Արեթա Ֆրենքլին, Սթան Կէց, Ճէյմս Կալուէյ, Արթուրօ Սանտովալ, Պարպրա Սթրէյսընտ եւայլն: Իսկ իր գործերը նուագած ու երգած են Հէնրի Մանսինի, Ֆրանք Սինաթրա, Նինա Սիմոն, Ռոզմէրի Քլունի, եւլն:
Ստորեւ, Միացեալ Նահանգներու մէջ, յառաջիկայ շաբաթներու, յայտագիրը.-
Կիրակի Նոյեմբեր 15, 2009 երեկոյեան ժամը 7:00-ին
Strathmore Hall, Music Center at Strathmore
North Bethesda, Maryland
Չորեքշաբթի Նոյեմբեր 18, 2009 երեկոյեան ժամը 8:00-ին
Boston Symphony Hall
Boston, Massachusetts
Շաբաթ Նոյեմբեր 21, 2009 երեկոյեան ժամը 8:00-ին
Avery Fisher Hall, Lincoln Center
New York, New York
Յաւելեալ տեղեկութիւններու եւ տոմսերու համար, այցելել.-