ՕՊԱՄԱ – ԿԻՒԼ ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ԶՐՈՅՑ

0 0
Read Time:27 Second

obama gul Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա, անցեալ շաբաթավերջին հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած է  Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի հետ եւ քննարկած է բազմաթիւ հարցեր, որոնց կարգին Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները:

Սպիտակ տան հաղորդագրութիւնը կը յայտնէ, որ զրոյցի ընթացքին երկու ղեկավարները նաեւ խօսած են Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման մէջ կատարուած պատմական յառաջդիմութեան  մասին:

Կիւլ՝ Օպամայէն խնդրած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին կոչ ուղղել, յատուկ քայլերու դիմելով Արցախեան հարցը լուծելու, իսկ երկրորդ՝ զօրավիգ կանգնիլ Կիպրոսի հարցի լուծումին:

Նաեւ քննարկուած է Աֆղանիստանի մէջ կացութիւնը: Երկու ղեկավարները համաձայնած են յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին, կրկին խորհրդակցիլ:

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles