Երեկոն նուիրուած էր Ֆրանսահայ գաղութի յայտնի մտաւորական արձակագիր-բանաստեղծ Պրն. Մովսէս Պչաքճեանի վերջին վէպին:
Համազգային Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Ատենապետ Տքթ. Հրանդ Մարգարեան իրեն յատուկ ե°ւ մասնագիտական եւ մտերմիկ զրուցողի ոճով երեկոն հովանաւորեց ու կարգով բեմ հրաւիրեց նախ՝ Զարմայր Սեդրաքեանը, որ նշեց թէ՝ Մովսէս Պճաքչեանի՝ Անցողիկն ու Անժամանացելին գիրքին շնորհանդէսը նախաձեռնութիւնն է հիւսիսային Ա.Մ.Ն.ի եւ Քանատայի Շրջանային Վարչութիւններուն: Առաջինը տեղի կÿունենայ այսօր Նիւ Եորքի մէջ եւ յաջորդաբար այլ քաղաքներու մէջ: Տոքթ Մարգարեան ապա հրաւիրեց Հոգեշնորհ Հայր Վահան Վարդապետ Յովհաննիսեանը՝ հովիւ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ, որ խօսեցաւ Մովսէս Պչաքճեան մարդու մասին:
Պրն. Պչաքճեան ծնած է Հալէպ, ուր անցուցած է իր մանկութիւնն ու կանուխ երիտասարդութիւնը: Կրթասիրաց նախակրթարանի շրջանաւարտութենէն ետք միջնակարգ ու երկրորդական ուսումը շարունակած է Քարէն Եփփէ Ճեմարանին մէջ, իսկ համալսարանական ուսման համար անցած է Դամասկոս հետեւելու անգլերէն գրականութեան դասընթացքներուն: Համալսարանը աւարտելէ ետք վերադարձած է Հալէպ, նոյն իր իսկ աշակերտած Ճեմարանը այս անգամ՝ ուսուցչի հանգամանքով եօթը տարիներ ապրելու: Լիբանանի նախապատերազմեան փայլուն օրերուն վեց տարիներ անցուցած է Պէյրութ անկէ անցած Փարիզ, ուր վարած է ուսուցչական պաշտօն. ապա ու մինչեւ իր հանգստեան կոչուիլը դիւանապետն է եղած Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ Մայր Տաճարին: Իր վերջին պաշտօնին մէջ յաջողելուն մեծ նեցուկ եղած է իր զուլալ հայերէնին ու անգլերէնին կողքին նաեւ ֆրանսերէնի տիրապետութիւնը:
Ելլելով յուշերէ Հայր Յովհաննիսեան բնութագրեց Պրն. Պչաքճեանը որպէս շատ լուրջ մարդու. լրջութիւն մը որ դիմացինը իրեն երկիւղածութեամբ մօտենալու կը ստիպէ, իսկ բծախնդիր հայերէնախօսութիւնը՝ առաջին հերթին կասկածանքի տակ կը դնէ անոր ֆրանսահայ ըլլալու հանգամանքը: Պրն. Պչաքճեանի արեւմուտքի մէջ հայերէն լեզուով հեղինակելը այս օրերուս դժբախտ-քաջ հաստատումով մը Հայր Յովհաննիսեան »ձայն բարբարոյ յանապատի« կը կոչէ: Որքա¯ն տխուր իրականութիւն:
Տոքթ. Ժանէթ Մարգարեանի սուր ընտրութեամբ եւ Լիզա Եսայեանի խոր ապրումով ընթերցանութենէն ներկաները լուրջ ճաշակ մը առին 850 էջերէ բաղկացած Պրն. Պչաքճեանի երկհատոր վէպի նիւթին, ոճին, լեզուին ու աշխարհին:
Տոքթ. Մարգարեան ներկայացուց իր մտաւորական գործերով արդէն իսկ ծանօթ ու միշտ ինքզինք գերազանցող՝ բանասէր, թարգմանիչ Տիար Վարդան Մատթէոսեան: Ան խորունկ, մանրակրկիտ ու հիւմորով համեմուած ոճով ներկայացուց »Անցողիկը եւ Անժամանցելին« երկհատորը, որ Տոքթ. Մարգարեանի նշումով Համաստեղի »Սպիտակ Ձիաւոր«էն ետք սփիւռքեան առաջին ծաւալուն գեղարուեստական վէպն է:
Տիար Մատթէոսեան շատ կարճ ժամանակուան մէջ իր գրականագէտի հմտութեամբ կրցաւ ներկաները իր հետ խորասուզել ու պտտցնել վէպի հերոսին ու հեղինակին աշխարհին տարբեր ալքերուն ու ծալքերուն մէջ, զուգահեռներ առաջարկելով երկուքին կեանքերուն ընթացքին մէջ:
Գրքին առթած քանի մը հարցերուն անդրադառնալով ու մէջբերելով գրքէն, ան հաստատեց թէ, »Վերջին հաշուով ամէն մէկ ընթերցում ստեղծագործութիւն մըն է եւ ամէն մէկ ընթերցող վերստին կը գրէ իր մտքին մէջ ինչ որ կը կարդայ. հետեւաբար գիրք մը կրնայ ունենալ այնքան մեկնաբանութիւններ, որքան ընթերցողներ«:
Պրն. Մատթէոսեան անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ ֆրանսահայ գրականութիւնը առանձին ուղղութիւն մըն է սփիւռքահայ գրականութեան մէջ, 1920-ական թուականներէն մինչեւ 70-ականներ, որուն տիտաններէն է Շահան Շահնուր, իսկ այժմեան գրողները, ան նշեց, այդ յիսուն տարուան ստեղծուած աւանդին շարունակութիւնն են փաստօրէն: Այստեղ զուգահեռ մը գտաւ ան »Նահանջը Առանց Երգի« վէպին աշխարհին հետ, որ կը մատնանշէ սփիւռքահայութեան նահանջող երթը՝ օտարի հետ յարաբերութեան ընդմէջէն, զոր նաեւ Ամերիկայի մէջ արծարծած է Յակոբ Կարապենցը:
Վէպին առանցքը կը կազմէ սիրոյ պատմութիւն մը հայ երիտասարդի եւ օտար օրիորդի մը միջեւ: Հետաքրքրական է սակայն այն, որ ի հակադրութիւն մինչ այս Արեւմուտք գրուած վէպերուն մէջ, ըլլայ Ամերիկա թէ Եւրոպա, ինչպէս որ յայտնի գրող Վեհանոյշ Թէքեան դիտել տուած է՝ հայու եւ օտարի յարաբերութեան մէջ երբ միշտ օտարը դատապարտուած էր մեռնելու, այստեղ՝ ոչ, ան չի մեռնիր: Փշոտ հարց, պատկեր, որ տարբեր ձեւերով տարբեր մեկնաբանութիւններու կարելի էր հասնիլ միշտ.
– հայուն վերապրելու կարողութիւնը
– հայ եւ օտար յարաբերութեան անբեղմնաւոր ըլլալու բնոյթը:
Մէկ խօսքով՝ հայը եւ օտարը անմէկտեղելի ըլլալու միտքը կÿարծարծուի այս վէպին մէջ:
Սփիւռքեան կեանքին մէջ հետզհետէ խորացող սփիւռքահայը ալ դէմ հանդիման կը գտնուի տարբեր-տարբեր եզրակացութիւններու օրինակ՝ անպայման արեամբ չէ որ կը ժառանգես քու ինքնութիւնդ, արիւնը չէ, այլ ինչ որ կը ստանձնես դուն ինքդ:
Ամէն միտք որ կը հրամցուէր աւելի ու աւելի կը կապէր հանդիսատեսը գրքին: Պրն. Մատթէոսեան քաղուածաբար անդրադարձաւ վէպին հետեւեալ հատուածին. »Պիտի ներեմ բոլորին, պիտի ներեմ մէկ պայմանաւ… պիտի ներեմ մեղաւոր բոլոր պետութիւններուն, պայմանաւ որ իրենց երկիրներուն մէջ բնակութիւն հաստատած բոլոր հայ գաղթականներուն պարտադրեն վերադառնալ իրենց հայրենիքը, այդ գաղթականները ըլլան բանուոր թէ գործատէր, սափրիչ, երգիչ, ուսուցիչ թէ ոսկերիչ, անկարեւոր որ ստացած ըլլան իրենց գաղթած երկիրներուն հպատակութիւնը: Պատրաստեն եւ կազմակերպեն անոնց վերադարձը: Հայը պէտք է մոռնայ Հայաստանը, իսկ Հայաստանը մոռնալու համար Հայաստան ապրիլ պայման է«: Ցնցիչ փիլիսոփայութիւն:
Ընդամէնը հինգ տարուան մէջ երկնուած այս ծաւալուն գործին հեղինակը, արժանացած է »Մովսէս Խորենացի« պետական մրցանակին:
Տիար Յակոբ Պալեան որ ներկայ էր երեկոյին, իր խրոխտ ոճով անդրադարձաւ սփիւռքահայութեան ու ընդհանրապէս հայութեան ցաւերէն մէկ քանիին, որոնց սպիացումը մեծ ճիգերու չէ որ կը կարօտի, այլ՝ կամեցողութեան եւ գիտակցութեան. ինչպէս՝ Մեսրոպեան ուղղագրութեան վերահաստատումը:
Հարուստ երեկոյի աւարտին ներկաները իրենց կարթուած հոգին հանգստացնելու միտումով յափշտակեցին այդտեղ գտնուած մէկ քանի հատորները: Երանի հայ ընթերցողին կեանքին մէջ կրկնուող գործ մը ըլլայ այս. ահա ա°յն ատեն կþապրի հայերէնը սփիւռքի մանաւանդ արեւմտեան սփիւռքին մէջ. ինչպէս դիտել տուաւ նաեւ Պրն. Պալեան, ու հայ գրողը այլ ազգերու գրողներուն նման կÿապրի ու կը գործէ միայն որպէս գրող, ու իր ֆիզիքական գոյութիւնը ապահովելու միտումով չÿիյնար դէս ու դէն այլ աշխատանքի մէջ հալեցնելու իր օրուան ամենաբեղուն ժամերը:
Ապա հանդիսատեսը բախտաւորուեցաւ անձամբ տեսնելու ու լսելու հեղինակին մեղմ ու հանդարտ շնորհակալական խօսքը, զոր աւարտեց բանաստեղծութեան մը ընթերցումով:
Գրիչնիդ դալար Պրն. Պչաքճեան եւ ձեր երթը՝ երկար:
Հոկտեմբեր 9, 2009