ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՒԱՔ ԵՒ ՑՈՅՑ

0 0
Read Time:2 Minute, 24 Second

P5 6 Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 16-ին, Երեւանի «Շարլ Ազնաւուր» անուան հրապարակին շուրջ տեղի ունեցաւ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն դէմ, բողոք-ցոյց մը: Տեղւոյն Հ.Յ.Դ.-ի Գերագոյն Մարմնի կազմակերպութեամբ, այս հաւաքը սկսաւ ազգային-հայրենասիրական երգերով: Վերոյիշեալ հրապարակն ու անոր մօտակայ փողոցները լեցուած էին հազարաւոր ցուցարարներով:

P5 1

Բացումը կատարեց Գեղամ Մանուկեան, որ յայտնեց թէ այս հաւաքին միացած են երկու այլ կազմակերպութիւններ՝ Նժդեհեան ցեղակրօն եւ Հայկանադուխտ: Ան անդրադարձաւ փաստաթուղթերու ստորագրութեան մասին: Ապա ան քննադատեց Պուրսայի մէջ հայ լրագրողներուն դէմ կատարուած արարքները, յայտնելով թէ թուրքերը չեն կրնար հայութեան նկատմամբ հանդուրժող ըլլալ, ինչ որ անգամ մը եւս կը փաստէ փաստաթուղթերուն վտանգաւոր ըլլալը:

Ապա իրենց պատգամները փոխանցեցին Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան, Հ.Յ.Դ. Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, «Ժառանգութիւն» խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Ստեփան Սաֆարեան, Նոր Ժամանակներ կուսակցութեան կողմէ Արամ Կարապետեան, Գոյամարտի անունով՝ Սերկէյ Խազարեան, Ազգային միասնութեան ուխտի՝ Ռաֆայէլ Համբարձումեան, Հայաստանի Ռամկավար ազատական կուսակցութեան ղեկավար Յարութիւն Առաքելեան:

P5 2

Վահան Յովհաննիսեան իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ արդէն իսկ բարձրացուած «Ո°չ»երուն տարողութիւնը սկսած է մտահոգութիւն պատճառել իշխանաւորներուն, սակայն այդ ո°չը պէտք է աւելի բարձր հնչէ, որպէսզի խորհրդարանին մէջ սխալելու առիթ չտրուի Ազգային ժողովի անդամներուն: Թուրքիա արդէն շուտով իր խորհրդարանին պիտի ներկայացնէ արձանագրութիւնները, որովհետեւ ինք եւ միջազգային հովանաւորները հասկցած են, որ Հայաստանի մէջ կը բարձրանայ հզօր ալիք մը, որ պիտի ջնջէ ստորագրութիւնները: Ան հաստաեց, թէ Հայ դատին համար մղուած պայքարները իրենց պտուղները տուած են, իսկ այսօր այդ բոլորէն հրաժարելու փոխարէն Հայաստանի իշխանութիւնները պէտք է ժողովուրդին կողքին կանգնին ու միասին պայքար տանին: «Բայց եթէ մեր իշխանութիւնը գործիք դարձաւ օտար ուժերու ձեռքը՝ մեր ժողովուրդին կամքը կոտրելու համար, ապա վայ այդ իշխանութեան: Վայ այդ իշխանութեան: Այն իշխանութիւնը, որ իր ժողովուրդին պատուիրանը չի կատարեր, երկար կեանք չունի», եզրակացուց ան:

P5 3

Արմէն Ռուստամեան յայտնեց, որ նոր իրավիճակ ստեղծուած է Հայաստանի մէջ, եւ այդ իրավիճակը նկատի ունենալով ներկայ դրութեամբ պայքարը համահայկական տարողութիւն պիտի ստանայ: Ան աւելցուց, որ խորհրդարանին կողմէ ոչ սահմանադրական այս արձանագրութիւններու վաւերացումը կանխելու համար պիտի դիմուի սահմանադրական դատարանին, իսկ եթէ այդ ալ ապարդիւն անցնի, պէտք է դիմել իւրաքանչիւր պատգամաւորի, որպէսզի յառաջիկայ սերունդներուն ճակատագիրին գծով անիծեալ ու սխալ որոշումներ չտայ: Անոր համաձայն, այս նոր կացութիւնը ստեղծած են իշխանաւորները, որոնք նաեւ պարտաւոր են հասարակական կարծիքին հետ հաշուի նստելու. իշխանութիւնը ունի երկու ուղի, առաջինը այն է, որ ան սթափի, կանգ առնէ եւ դուրս գայ այս գործընթացէն, յայտնեց Ռուստամեան՝ եզրակացնելով, որ այդ պարագային բոլորը կը կանգնին անոր կողքին:

P5 4

Արամ Կարապետեանի համաձայն, ոչ ոք պէտք է ենթադրէ, որ կարելի է պահանջներ չներկայացնել մէկուկէս միլիոն հայ ջարդածներուն:

Ստեփան Սաֆարեան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ «Ժառանգութիւն»ը ներկայ վիճակէն դուրս գալու միակ ելքը կը նկատէ Սերժ Սարգսեանի հրաժարականը: Ան յայտնեց թէ համակարգի փոփոխութիւնը այս երկրին համար անհրաժեշտ դարձած են այնքան, որքան օդն ու ջուրը: Ապա աւելցուց, որ եթէ Մարտ 1-ին ժողովուրդին իրաւունքը ոտնակոխուեցաւ, ապա Հոկտեմբեր 10-ին ազգին իրաւունքը, համազգային իրաւունքն է որ ոտնակոխուեցաւ:

P5 5

Ցուցարարները բարձրացուցած էին ցուցատախտակներ եւ շարունակ կը կանչէին.- «Թուրքիան մեզի պէ՞տք է», «Համաձայն չենք պատմաբաններու յանձնաժողովի», «Ո°չ նախապայմաններուն», «Արցախը ինքնորոշման իրաւունք ունի, յարգեցէ°ք այդ փաստը», «Ո°չ մէկ զիջում թուրքերուն»,եւայլն:

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles