ՓԱՐԻԶ.- Փետրուար 21-ին, Փարիզի արուարձանին մէջ գտնուող ֆրանսական Դիմադրութեան շարժման Մոն Վալերիէն յուշահամալիրին մէջ, նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ յիշատակի արարողութիւն` նուիրուած Միսաք Մանուշեանի խումբի անդամներուն, Բ. համաշխարհային պատերազմի օրերուն, նացիներուն կողմէ գնդակահարման 70-րդ տարելիցին:
Արարողութեան ընթացքին կարդացուեցաւ Միսաք Մանուշեանի կեանքի վերջին ժամերուն գրուած նամակը` ուղղուած իր կնոջ` Մելինէին.- “Քանի մը ժամ ետք ես այլեւս այս աշխարհին մէջ պիտի չգտնուիմ. զիս պիտի գնդակահարեն կէսօրէ ետք: Երանի անոնց, որոնք կը փրկուին եւ կը վայելեն ազատութեան քաղցրութիւնը եւ վաղուան խաղաղութիւնը: Ես վստահ եմ, որ ֆրանսացի ժողովուրդը եւ ազատութեան համար բոլոր պայքարողները արժանապատուօրէն կը պահեն մեր յիշատակը: Եթէ կարելի ըլլայ, իմ յիշողութիւններս փոխանցէ՛ Հայաստանի մէջ գտնուող իմ հարազատներուս“:
Նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ ծաղկեպսակ զետեղեց յուշահամալիրին վրայ եւ հանդէս եկաւ ելոյթով:
Հոլանտ յայտնեց թէ, Մանուշեան Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուած այն հայերէն է, որ հաստատուեցաւ Ֆրանսայի մէջ եւ անդամագրուեցաւ անոր ազատագրման պայքարին: Նախագահը շեշտեց, որ Մանուշեան միակ հայը չէ, որ իր կեանքը զոհեց Ֆրանսայի ազատութեան համար:
Ձեռնարկին ներկայ էին Ֆրանսայի կառավարութեան, Ծերակոյտի եւ Ազգային ժողովի անդամներ, քաղաքական ու հասարակական գործիչներ, աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուր, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:
Արարողութեան մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան եւ ծաղկեպսակ զետեղեց Հայաստանի Հանրապետութեան անունով:
Մանուշեանի խումբը, որ այդպէս կոչուած էր ի պատիւ իր ղեկավար Միսաք Մանուշեանի, բաղկացած էր հիմնականին մէջ արտասահմանցիներէ, որոնք մասնակցած էին Դիմադրութեան: Անոնք Փետրուար 21, 1944-ին Մոն Վալերիէն ամրոցին մէջ նացիներու կողմէ մահապատիժի ենթարկուած էին:
Նշենք թէ, գրեթէ ամիս մը առաջ, Մանուշեանի որմնանկարը, որ կը գտնուի լոյսերու քաղաքի քսաներորդ թաղամասին մէջ, պղծուած է Ֆրանսայի մէջ արգիլուած հակասեմական երգիծաբան Տիետոնէի ներկայացումներէն մէջբերուած գրառումներով:
Որմնանկարի վարի հատուածին մէջ գրուած է “Շոա Նանա“ (Ողջակիզումի սիրուհի):
Տեղւոյն բնակիչները քաղաքապետ Ֆրետերիքա Քալանտրան զգուշացուցած են այս պատահածին մասին: