ԻՆ­ՉՈ՞Ւ ԿԸ ՏՕ­ՆԵՆՔ ՓԵՏՐ­ՈՒԱՐ 18-Ը

0 0
Read Time:15 Minute, 58 Second

yYerevan

ՀԱ­ՄՕ ՊԵՏ­ՐՈՍ­ԵԱՆ

Գերմանիա

 

Պատ­մա­կան մեծ յե­ղաշր­ջում­նե­րուն կո­րած են այն ազ­գե­րը, որոնք իրա­ւունք եւ հնա­րա­ւո­րու­թիւն տուած են օտա­րին` ըլ­լալ ներշն­ջողն ու դա­տա­ւո­րը ներ­քին վէ­ճե­րուն մէջ“:

Ֆրան­սա­ցի դիւա­նա­գէտ` ՏԱ­ԼԱՏԻԷ

 

Ին­չո՞ւ կը տօ­նենք Պանք Օթո­ման, Խա­նա­սո­րի Ար­շա­ւանք, Մա­յիս 28 եւ ու­րիշ թուա­կան­նե­րը, օտա­րու­թեան մէջ մա­նա­ւանդ, երբ դեռ ներ­կան սփիւռ­քա­հա­յե­րուս հա­մար յստակ չէ: Եւ այս պա­րա­գա­յին, ին­չո՞ւ կը տօ­նենք Փետր­ուար­եան Ապս­տամ­բու­թիւնը…:

Կը տօ­նենք, ճիշդ այդ ներ­կան յստա­կաց­նե­լու հա­մար: Իսկ Փետր­ուար 18ը, կը տօ­նենք, որով­հե­տեւ դեռ ապ­րող իրա­կա­նու­թիւն մըն է մե­զի հա­մար: Ու­րեմն` պի­տի տօ­նենք, պի­տի յի­շենք եւ մա­նա­ւանդ պի­տի սեր­տենք զա­նոնք, ոչ թէ որով­հե­տեւ փա­խուստ կու տանք ներ­կա­յէն, այլ ընդ­հա­կա­ռակն, յեն­ուե­լով կրա­նի­թեայ այդ պատ­նէշ­նե­րուն` կը գիտ­նանք մեր քայ­լե­րը առաջ նե­տել եւ ի զուր մու­թին մէջ չխար­խա­փիլ:

Վեց  դա­րե­րու ստրկու­թե­նէ ետք, Հա­յաս­տա­նը կը վե­րած­նէր իբ­րեւ պե­տու­թիւն 1918 Մա­յիս 28ին: Սա­կայն հայ ժո­ղո­վուր­դի սրբա­զան պայ­քա­րը պէտք էր շա­րու­նակ­ուի, որով­հե­տեւ եր­կու տար­բեր թշնա­մի­ներ կ՛սպառ­նա­յին փճաց­նել իր ան­կա­խու­թիւնը: Թրքա­կան ազ­գա­մո­լու­թիւնը մէկ կող­մէ, իսկ միւս կող­մէ խորհր­դա­յին պոլ­շե­ւիկ­եան ծա­ւա­լա­պաշ­տու­թիւնը, կը փոր­ձէ­ին ամէն գնով Հա­յաս­տա­նը դարձ­նել հա­մա­պա­տաս­խա­նօ­րէն թրքա­կան կամ ռու­սա­կան մէկ գա­ւառ:

Հայ ժո­ղո­վուր­դի ֆի­զի­քա­կան գո­յու­թեան խնդի­րը, կա­րե­լի է ըսել, որ վեր­ջին ան­գամն ըլ­լա­լով, հայ ժո­ղո­վուր­դի եւ ղե­կա­վար­նե­րուն առ­ջեւ կը դնէր Ռու­սաս­տա­նի կող­մը թեք­ուե­լու հար­կադ­րան­քը: Կի­սատ յոյ­սե­րով, հայ ղե­կա­վա­րու­թիւնն ու ազ­գաբ­նակ­չու­թիւնը կը թեք­ուէ­ին դէ­պի Ռու­սաս­տան, որ գո­նէ իր հետ չբե­րած բա­րիք­նե­րու փո­խա­րէն` թուր­քե­րը պի­տի հե­ռաց­նէր մեր դռնե­րէն:

Հա­յաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նի մէջ Հ.Յ.Դաշ­նակ­ցու­թեան ֆրակց­իա­յի բա­ցար­ձակ մե­ծա­մաս­նու­թիւնը կանգ­նե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան տե­սա­կէ­տին վրայ եւ որոշ­ուե­ցաւ իշ­խա­նու­թիւնը զի­ջել անաստ­ուած պո­շե­ւիկ­նե­րուն: Հայ Յե­ղա­փո­խա­կան Դաշ­նակ­ցու­թեան Բիւ­րոն նոյն­պէս յան­գած էր նոյն եզ­րա­կա­ցու­թեան, տա­լով հե­տեւ­եալ որո­շու­մը.և

Եր­կու հա­կա­ռա­կորդ կող­մե­րու ճնշու­մին հար­կադր­ուած` Բիւ­րոն Հա­յաս­տա­նէն կը հե­ռա­նայ, թող­նե­լով իր ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը եւ կը հրա­հան­գէ ըն­կեր­նե­րուն, իրենց տե­ղա­կան պայ­ման­նե­րուն հա­մա­ձայն գոր­ծել եւ գաղտ­նի պահ­պա­նել կու­սակ­ցու­թեան գո­յու­թիւնը, իսկ ըն­կեր­նե­րուն ար­գի­լել մտնել նոր իշ­խա­նու­թեան մէջ եւ աշ­խա­տիլ երկ­րի տնտե­սա­կան ու կուլ­տու­րա­կան զար­գաց­ման հա­մար:

Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւնը, Դրո­յի մի­ջո­ցաւ եկած էր քա­նի մը եզ­րա­կա­ցու­թեանց` Ռու­սաս­տա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ պոլշե­ւիկ Լըգ­րա­նի հետ:

1.և Հա­յաս­տա­նը կը ճանչց­ուի մի­աց­եալ եւ ան­կախ, որուն սահ­ման­նե­րուն ճշդման պի­տի օգ­նէ Սո­վե­տա­կան Ռու­սաս­տա­նը:

2.և Հա­յաս­տա­նի մէջ տե­ղի պի­տի չու­նե­նայ, անց­եալ գոր­ծու­նէ­ու­թեան հա­մար, որե­ւէ գնդա­կա­հա­րում եւ կու­սակ­ցա­կան հա­լա­ծանք:

3.և Սո­վե­տա­կան Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան կազ­մին մէջ պի­տի մտնեն եր­կու դաշ­նակ­ցա­կան­ներ, որ­պէս “Ձախ-դա­շնակ­ցա­կան­նե­րու“ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ:

Դեկ­տեմ­բեր 2, 1920ին, իշ­խա­նու­թիւնը յանձն­ուած էր Դրո­յին եւ Սի­մոն Վրաց­եա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւնը հրա­ժա­րած էր: Այս­պի­սով Դրոն կը դառ­նար փո­խանց­ման օղա­կը դաշ­նակ­ցա­կան կա­ռա­վա­րու­թե­նէն դէ­պի պոլ­շե­ւիկ­եան կա­ռա­վա­րու­թիւնը:

Յա­ջորդ օրե­րու ըն­թաց­քին, հետզ­հե­տէ Ախ­տա­յին կող­մէ Երե­ւան հա­սան պոլ­շե­ւիկ­եան ու­ժե­րը, ձգե­լով շատ ող­բա­լի տպա­ւո­րու­թիւն` իրենց մեր­կու­թեամբ եւ ան­կա­նո­նու­թեամբ:

Պոլ­շե­ւիկ­եան զօր­քե­րը, որոնք շար­ժե­ցան Դի­լի­ջա­նէն դէ­պի Երե­ւան, բաղ­կա­ցած էին Ղա­սա­խի շրջա­նի հայ ցուլ­ուած եւ ծախ­ուած պոլ­շե­ւիկ­նե­րէն, ատր­պէյ­ճան­ցի ոճ­րա­գործ թա­թար­նե­րէն, Հա­յաս­տա­նի ապս­տամբ ռուս բան­տարկ­եալ մա­լա­կա­նե­րէն եւ 11րդ կար­միր բա­նա­կի մերկ ու անօ­թի զի­նուոր­նե­րէն:

Ու­րեմն` 1920 Դեկ­տեմ­բեր 2ին, պաշ­տօ­նա­պէս Հա­յաս­տան կը մտնէ Յեղ­կոմ, բաղ­կա­ցած Ս. Կաս­եա­նէ, Մ. Մռավ­եա­նէ, Ս. Տէր Գաբրի­էլ­եա­նէ, Ա. Բեկ­զատ­եա­նէ, Ա. Նու­րի­ջան­եա­նէ (Աւիս) եւ Ի. Դով­լա­թեա­նէ, իր հետ բե­րե­լով հայ պոլ­շե­ւիկ­ներ եւ ռուս Կար­միր բա­նա­կը:

Հա­յաս­տան մտնե­լու առա­ջին օրէն Յեղ­կո­մը կ՛անց­նի գործ­նա­կան աշ­խա­տան­քի: Ան­մի­ջա­պէս թշնա­մա­կան դիրք կը բռնէ երկ­րի պոլ­շե­ւիկ տար­րին հան­դէպ, զայն նկա­տե­լով հա­կա-յե­ղա­փո­խա­կան: Շու­տով կը կազմ­ուի Չե­կան, գաղտ­նի ոս­տի­կա­նու­թիւնը եւ կը լծուի բռնա­կալ աշ­խա­տան­քի: Ձեր­բա­կա­լու­թիւն­ներ կը կա­տար­ուին երկ­րի բո­լոր շրջան­նե­րուն մէջ` սկսեալ գոր­ծա­ւոր­նե­րէն մին­չեւ մտա­ւո­րա­կան­նե­րը:

Այս­պէս, կը ձեր­բա­կալ­ուին հե­ղի­նա­կա­ւոր դաշ­նակ­ցա­կան գոր­ծիչ­ներ եւ Չե­կա­յի զնտան­նե­րը կը նետ­ուին վար­ժա­պետ Հա­մօ Օհան­ջան­եան, Ռու­բէն Դար­բին­եան, Վա­հան Նա­ւա­սարդ­եան, Լե­ւոն Շանթ, Յ. Տէր Դաւ­թեան, Նի­կոլ Աղ­բալ­եան, Յովհ. Քա­ջազ­նու­նի, Ա. Աստ­ուա­ծատր­եան, Վ. Բա­բայ­եան, բժ. Յ. Մե­լիք­եան, Գ. Վարշ­ում­եան, խմբա­պետ Հա­մա­զասպ եւ Սոց­ի­ալևԴե­մոկ­րատ ղե­կա­վար Բաշ­խի Իշ­խան­եա­նը:

Բան­տե­րու մէջ Չե­կա­յի հրա­մա­նով, գաղտ­նա­բար գնդա­կա­հա­րու­թիւն­ներ կը գոր­ծադր­ուին պոլ­շե­ւիկ­նե­րու ձեռ­քով կը կա­ցի­նա­հար­ուին Հա­մա­զաս­պը, գնդա­պետ Ղոր­ղան­եա­նը եւ 30 ու­րիշ­ներ: Բան­տե­րուն մէջ կու­տակ­ուած­նե­րու թիւը կը հաս­նէր 2.200ի, բա­ցի Չե­կա­յի մէջ եղած­նե­րէն:

Երե­ւա­նի բան­տին մէջ կա­յին 900, Էջմ­ի­ա­ծին` 400, Ախ­տա` 150, Աշ­տա­րակ` 240, Ելե­նո­վա` 30, Նոր Բա­յա­զէտ` 150, Ղա­մար­լու` 120 հո­գի:

Դեկ­տեմ­բեր 4ին լոյս տե­սաւ “Կո­մու­նիստ“ պաշ­տօ­նա­թեր­թը Հ.Յ.Դաշ­նակ­ցու­թեան տպա­րանին մէջ եւ “Յա­ռաջ“ի գրա­շար­նե­րով ու թուղ­թե­րով, խմբա­գիր եւ լուս­ժող­կոմ Գեր­ման­իա ու­սա­նած Աշոտ Յով­հան­նիս­եա­նին:

“Կո­մու­նիստ“ թեր­թին մէջ Եղի­շէ Չու­պար ստո­րագ­րու­թեամբ “Պէտք է գլխա­տել“ վեր­նագ­րով յօդ­ուած մը լոյս տե­սաւ: Մար­դաս­պան Գ. Աթար­բէգ­եան Հա­յաս­տան նոր եկած էր, որ­պէս Չե­կա­յի նա­խա­գահ, երբ խստու­թիւն­նե­րը սաստ­կա­ցան: Յեղ­կո­մի գլխա­ւոր ան­դամ­նե­րէն եւ Աթար­բէգ­եա­նէն սկսեալ մին­չեւ գիւ­ղե­րը ղրկուած  պոլ­շե­ւիկ վեր­ջին գոր­ծա­կա­լը մէկ նշա­նա­բան ու­նէ­ին.և Պէտք է գլխա­տել Հ.Յ.Դաշ­նակ­ցու­թիւնը:

Երբ Ռու­սաս­տա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Լըգ­րա­նին ու­շադ­րու­թիւնը հրա­ւի­րած էին կա­տար­ուած ձեր­բա­կա­լու­թիւն­նե­րուն վրայ եւ յի­շե­ցու­ցած էին իր ստո­րագ­րած պայ­մա­նա­գի­րը, ան ըսած էր.և

Այն­տեղ, ուր Սո­վե­տա­կան իշ­խա­նու­թիւն կը հաս­տատ­ուի` այդ­տե­ղի ազ­գաբ­նակ­չու­թեան 30%ը պէտք է գնդա­կա­հա­րու­թեան են­թարկ­ուի` յե­ղա­փո­խու­թեան նուա­ճում­նե­րը ապա­հո­վե­լու հա­մար, եւ աւել­ցու­ցած էր, այդ հա­շուով` Հա­յաս­տա­նի մէջ 300.000 հո­գի պէտք է ոչն­չա­նան:

Ամ­բողջ Հա­յաս­տա­նը բան­տի մը վե­րած­ուած էր: Քա­ղա­քա­կան եւ տնտե­սա­կան հա­լա­ծան­քը դար­ձած էր խեղ­դիչ: Յեղ­կո­մը կը դի­մէ բո­լոր այս վայ­րագ մի­ջոց­նե­րուն, որ­պէս­զի յա­ռա­ջաց­նէ քա­ղա­քաց­ի­ա­կան պա­տե­րազմ: Այս մա­սին Յ. Քա­ջազ­նու­նի կը գրէ իր յու­շե­րուն մէջ.և կռիւ է հար­կա­ւոր, որ­պէս­զի իս­կա­պէս բնա­ջինջ լի­նեն հա­կայե­ղա­փո­խա­կան տար­րե­րը: Կռիւ է հար­կա­ւոր, որ­պէս­զի խո­րա­նայ բա­նուո­րագիւ­ղաց­ի­ա­կան դա­սա­կար­գա­յին գի­տակ­ցու­թիւնը: Յե­ղա­փո­խա­կան պրո­լեւ­տար­ի­ատ պի­տի թա­փէ իր ձեռ­քով բուրժ­ուա­զի արիւնը, որ­պէս­զի անան­ցա­նե­լի վիհ բաց­ուի իր եւ նրա մի­ջեւ:

Յեղ­կո­մը չի կրնար լու­ծել նա­եւ Հա­յաս­տա­նի եւ Վրաս­տա­նի մի­ջեւ հո­ղա­յին հար­ցը: Եր­կու եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ եղած բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը կը մնան անպ­տուղ եւ Լոռիի մէկ մա­սը կը մնայ դարձ­եալ վրա­ցա­կան հա­կակշ­ռի տակ:

Ղա­րա­բա­ղի եւ Նա­խի­ջե­ւա­նի շրջան­ներն ալ ու­նե­ցած են այս ճա­կա­տա­գի­րը:

Հայ ժո­ղո­վուր­դը մեծ համ­բե­րու­թեամբ կը դի­մագ­րա­ւէր անոր չար­չա­րանք­նե­րը, որոնց կը մատն­ուէր ամէն օր: Հա­յաս­տա­նի մէջ գո­յու­թիւն չու­նէր այ­լեւս, նոյ­նիսկ տար­րա­կան ազա­տու­թիւն: Այդ ազա­տու­թիւնը որուն հա­մար հայ ժո­ղո­վուր­դը թա­փած էր շատ արիւն: Այս կա­ցու­թիւնը շու­տով հայ ժո­ղո­վուր­դի հո­գե­բա­նու­թեան մէջ ստեղ­ծեց գի­տակ­ցու­թիւնը թէ պէտք է տա­պա­լել պոլ­շե­ւիկ­նե­րու կա­ռա­վա­րու­թիւնը:

Ապս­տամ­բու­թիւնը կա­տար­ուե­ցաւ 1921 Փետր­ուար 18ին եւ իր տա­րե­րա­յին բնոյ­թով տա­րած­ուե­ցաւ ամ­բողջ երկ­րին մէջ: Հա­մաևժո­ղովր­դա­կան  ապս­տամ­բու­թեան դի­մաց չկա­րո­ղա­ցան դի­մադ­րել ռուս զօր­քե­րը ու անոնց հայ գոր­ծա­կալ­նե­րը եւ հար­կադր­ուած փա­խուս­տի դի­մե­ցին:

Նոյն օրը ժո­ղո­վուր­դի ու­ժե­րը մտան Երե­ւան, առա­ւօտ­եան ժա­մը 5ին բանտ կը մտնեն Արամ Աղա­ջան­եան քա­նի մը զի­նուոր­նե­րով, բան­տի ներ­սը կ՛ստեղծ­ուի միու­թիւն մը: Հայ­կակ Կո­սոյ­եա­նը պաշտ­պա­նու­թեան գոր­ծի ղե­կա­վար կը նշա­նակ­ուի: Ժո­ղովր­դա­կան յե­ղա­փո­խու­թիւնը պատ­մա­կան իրո­ղու­թիւն էր: Բան­տարկ­եալ­նե­րը ազատ­ուած էին…: Եւ ազատ­ուած էր Մայր Հա­յաս­տա­նը:

Փետր­ուար 18ին, ժա­մը 9ին,Սի­մոն Վրաց­եա­նի նա­խա­գա­հու­թեամբ կազմ­ուե­ցաւ Հայ­րենի­քի Փրկու­թեան կո­մի­տէն, այս կո­մի­տէն, որ տե­սակ մը շա­րու­նա­կու­թիւն կը կազ­մէր Ս. Վրաց­եա­նի նախ­կին կա­ռա­վա­րու­թեան, կը բաղ­կա­նար հե­տեւ­եալ ան­դամ­նե­րէն.և

Սի­մոն Վրաց­եան` նա­խա­գահ, Աշոտ Յով­հան­նէս­եան, Կա­րօ Սա­սու­նի, Համ­բար­ձում Տէր­տէր­եան, Յա­կոբ Տէր Յա­կոբ­եան, բժ. Ս. Եղ­ի­ա­զար­եան, վեր­ջը մի­ա­ցան Ա. Խոնդ­կա­րան, Գեր­ման­իա ու­սա­նած Վա­հան Մի­նա­խոր­եան: Աւե­լի ուշ կո­մի­տէ­ին մի­ա­ցան Վաս­պու­րա­կա­նի զի­նուո­րա­կան մարմ­նի կող­մէ` Սի­րուն Մես­րոպ­եան եւ Ա. Մաք­սա­պետ­եան:

Հայ­րե­նի­քի Փրկու­թեան Կո­մի­տէն բազ­մա­թիւ ռատիօևհե­ռա­գիր­նե­րով աշ­խա­տե­ցաւ ար­տա­քին աշ­խար­հին առ­ջեւ ճշմա­րիտ կեր­պով ներ­կա­յաց­նել Հա­յաս­տա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած դէպ­քե­րը:

Փետր­ուար 18ին Յեղ­կո­մի ու­ժե­րը նա­հան­ջած էին եւ ամ­րա­ցած Շա­րու­րի մէջ, սա­կայն պա­տե­րազ­մը կը շա­րու­նակ­ուէր: Մին­չեւ Ապ­րիլ 2ին տե­ղի ու­նե­ցան կա­տա­ղի կռիւ­ներ, մին­չեւ մթեր­քը սպա­ռե­ցաւ, Հայ­րե­նի­քի Փրկու­թեան Կո­մի­տէն սկսաւ նա­հան­ջի մա­սին մտա­ծել:

Ռու­սա­կան գե­րա­զանց ու­ժե­րու օգ­նու­թեամբ հայ պոլ­շե­ւիկ­նե­րը գլխի­կոր մտան Երե­ւան Ապ­րիլ 2, 1921ին եւ ընդգր­կե­ցին աւե­լի խա­ղաղ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն մը: Իրենք զի­րենք մի­նակ զգա­ցին ողջ հա­յու­թեան մէջ, որ Փետր­ուար­եան Ապս­տամ­բու­թե­նէն վերջ` ստեղ­ծեր էր փետր­ուար­եան սե­րուն­դը, ազա­տու­թեան սե­րուն­դը, ան­կա­խու­թեան սե­րուն­դը:

Ապ­րիլ 2ին Հայ­րե­նի­քի Փրկու­թեան Կո­մի­տէն բազ­մա­հա­զար մար­տիկ­նե­րով, մտա­ւո­րա­կան­նե­րով, պաշ­տօն­եա­նե­րով, քա­ղա­քա­ցի­նե­րով մօտ 4.000 թո­ղեց Արա­րատ­եան դաշ­տը եւ Բահ­եառ­նի վրա­յով հե­ռա­ցաւ Զան­գե­զուր: Երե­ւա­նը մտաւ խո­րունկ սու­գի մէջ:

Յու­լիս 10ին Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան կա­ռա­վա­րու­թիւնը, մար­տիկ ու­ժերն ու մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան վեր­ջին մա­սը ան­ցաւ Արաք­սը եւ մտան Պարս­կաս­տան:

Փետր­ուար­եան ապս­տամ­բու­թիւնը բոլ­շե­ւիկ­նե­րուն ոչ միայն ֆի­զի­քա­կան պար­տու­թեան մատ­նեց, այլ շատ վճռա­կան հար­ուած հաս­ցուց բա­րո­յա­կան գետ­նի վրայ:

Ապ­րիլ 2էն ետք, Լե­նի­նը անձ­նա­պէս նա­մա­կով կ՛առա­ջար­կէր մեղմ վար­ուիլ ժո­ղո­վուր­դին հետ, աւելց­նե­լով, թէ` այդ ինչ որ պա­տա­հե­ցաւ Ռու­սաս­տա­նի մէջ պայ­ման չէ որ կրկնուի Հա­յաս­տա­նի մէջ ալ:

Հա­մայ­նա­վար Կաս­եա­նը, դա­տա­պար­տե­լով հա­մայ­նա­վար­նե­րու նախ­կին գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը յայտնած է թէ.և

Եթէ վա­ղը դաշ­նակ­ցա­կան­նե­րը վե­րա­դառ­նան Երե­ւան, այս սա­ռած ժո­ղո­վուր­դը մեծ ցնծու­թեամբ ու հրճուան­քով պի­տի ըն­դու­նի անոնց:

Եւ Մի­աս­նիկ­եա­նը ի պա­տաս­խան յայտ­արարած է.և

Սա մեծ ապ­տակ մըն է պոլ­շե­ւիկ ըն­կեր­նե­րու երե­սին…“:

Փետր­ուար 18ը հպարտ  հո­գի­նե­րու աստ­ուա­ծա­յին զայ­րոյթն է նետ­ուած մարդ­կա­յին այն խե­լա­գար տար­րե­րու երե­սին, որոնք աղէտն ու աւե­րը կ՛ու­զէ­ին սփռել մեր այն­քան տա­ռա­պած հայ­րե­նի­քի կուրծ­քին, յա­նուն կար­միր բար­բա­րո­սու­թեան մէջ:

Փետր­ուար 18ը տանջ­ուած ազա­տու­թեան շան­թա­հա­րող ճիչն է:

Փետր­ուար 18ը ող­ջա­կիզ­ուած ար­դա­րու­թեան կանչն է բո­լոր ճնշուած­նե­րուն եւ անի­րա­ւած­նե­րուն:

Փետր­ուար 18ը անց­եա­լի ճշմար­տու­թիւնն է, որ հրա­շունչ եւ բարձ­րա­ձայն կը պատ­գա­մէ կա­տա­րած բռնու­թիւն­նե­րուն:

Երբ այ­սօր Արե­ւել­եան Հա­յաս­տա­նը Ազատ եւ Ան­կախ Հան­րա­պե­տու­թիւն է, կը պա­հան­ջենք Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ղե­կա­վար­նե­րէն վերջ տալ ատե­լու­թեան ու դաւ նիւ­թող մտայ­նու­թիւն­նե­րուն, որ ըն­կե­րա­յին կեան­քը իր բնա­կա­նոն վի­ճա­կին դուրս  կը բե­րէ ու բար­դու­թիւն­նե­րու, հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րու դուռ կը բա­նայ, որ­պէս­զի այն ազ­գա­սէր սփիւռ­քա­հա­յե­րը, որ հո­գով եւ սրտով կապ­ուած են Հա­յաս­տա­նի հո­ղին ու ջու­րին, դէմ դնեն եր­կար տա­րի­նե­րու պան­դուխ­տի ցու­պը ու վերջ­նա­կա­նա­պէս ապ­րին իբր հա­յաս­տան­ցի­ներ իրենց սի­րե­լի եւ սուրբ Հա­յաս­տա­նի մէջ:

Երբ այ­սօր Սփիւռ­քի մէջ ապ­րող հա­յու­թիւնը, կը ներ­կա­յաց­նէ Արեւմ­տա­հա­յու­թիւնը եւ իրեն կը պատ­կա­նի Արեւմտ­եան Հա­յաս­տա­նը:

Սփիւռ­քա­հա­յու­թեան հա­մար կայ մէկ Սուրբ Դատ… Բռնագ­րաւ­ուած Արեւմտ­եան Հա­յաս­տա­նի հո­ղե­րու ազա­տագ­րու­մը…:

Թուր­քը մեզ սրա­ծե­լով` մեզ արթ­նաց­րեց,

ռու­սը մեզ սի­րե­լով` մեզ հոգի­ով մեռց­րեց“:

ԱԿ­ՍԵԼ ԲԱ­ԿՈՒՆՑ

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles