Հաղորդագրութեամբ մը, “Յուշամատեան“ հիմնարկը կը տեղեկացնէ թէ լոյս ընծայած է.- “Ottoman Armenians: Life, Culture, Society, Vol 1“ գիրքը, որ կը հաշուէ 271 էջ, կ՛ըդնգրկէ հինգ յօդուածներ եւ կը պարունակէ մօտ 250 պատկերներ:
Արդէն իսկ կ՛ուղարկուի 2011-ի աւարտին “Indiegogo“ի ճամբով, կազմակերպած դրամահաւաքին մասնակից նուիրատուներուն:
Նաեւ, գիրքը կարելի է ստանալ կայքէջէն: “Յուշամատեան“ի այս առաջին հրատարակութիւնը կ՛ընդգրկէ յօդուածներ, որոնք գրուած են Նանոր Քեպրանեանի, Ծովինար Տէրտէրեանի, Եաշար Թոլկա Ճորայի, Միհրան Մինասեանի եւ Վահէ Թաշճեանի կողմէ:
Բոլոր գրութիւններն ալ կ՛առնչուին Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու ընդհանուր կեանքին եւ ընկերային միջավայրին: Գիրքին մէջ տեղ գտած են նաեւ բազմաթիւ լուսանկարներ` բոլորն ալ օսմանեան հայերու կեանքին հետ առնչուող: Մինչ գիրքին յօդուածները զարդարուած են համապատասխան պատկերներով, ասոր կողքին գոյութիւն ունին երեք տարբեր պատկերադարաններ. ընտանիքներ, դպրոցական կեանք, արհեստներ: Այստեղ ցուցադրուողները առաւելաբար կայքէջի այցելուներէն ստացուած պատկերներն են, որոնք աւելի կենդանի գաղափար մը կրնան տալ այն հետեւողական ճիգին, զոր խումբը վերջին տարիներուն ի գործ կը դնէ օսմանեան հայերու անցեալին վերաբերող ժառանգային նիւթեր մէկտեղելու եւ նոյն ժամանակ ալ հանրութեան զանոնք մատչելի դարձնելու ուղղութեամբ: Գիրքին էջադրումը եւ պատկերներու վրայ աշխատանքը կատարուած է Սիլվինա Տէր Մկրտիչեանի կողմէ:
Գիրքին սակագինը Գերմանիոյ մէջ` 45 Եուրօ
Եւրոպական Միութեան երկիրներուն մէջ` 49 Եուրօ
Այլուր` (Միացեալ Նահանգներ, Գանատա, Միջին Արեւելք, Աւստրալիա, Թուրքիա, Ռուսիա, Հայաստան, Լատին Ամերիկա, եւլն.) 52 Եուրօ
Կարելի է նաեւ գիրքին սակագինը փոխանցել դրամատան հաշիւին`
LANDESBANK BERLIN-AG
հասցէ`
ALEXANDERPLATZ 2,
D-10178 BERLIN
Հաշուետէր` Houshamadyan e. V.
IBAN:DE92100500006603216556
SWIFT-BIC:
BELADEBEXXX