ՀԱՅ ԵՐԱԺՇ­ՏԱ­ԿԱՆ ԿԵԱՆ­ՔԻ ԿԱԶ­ՄԱ­ԿԵՐՊ­ՄԱՆ ԱՌԱ­ՋԻՆ ՔԱՅ­ԼԵ­ՐԸ` 19-ՐԴ ԴԱ­ՐՈՒ ԵՐԿ­ՐՈՐԴ ԿԻ­ՍՈՒՆ (Բ)

0 0
Read Time:5 Minute, 2 Second

p7  ԱՐ­ՍԷՆ ՍԱՅ­ԵԱՆ

“Ազ­գա­յին Սահ­մա­նադ­րու­թեան“ հաս­տա­տու­մէն ետք, Կ. Պոլ­սոյ մէջ` հա­յու­թիւնը հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նե­ցաւ մա­մու­լի, գրա­կա­նու­թեան, ար­ուես­տի եւ կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման հա­մար: Այս­պի­սով բո­լոր բնա­գա­ւառ­նե­րէն ներս սկսաւ աշ­խոյժ եւ եռան­դուն աշ­խա­տանք:

Այդ աշ­խու­ժու­թիւնն իր ըն­թաց­քը գտաւ նա­եւ երաժշ­տու­թեան մէջ: Սկսան շարք մը երաժշ­տա­կան պար­բե­րա­կան­ներ հրա­տա­րակ­ուիլ: Առա­ջի­նը եղաւ “Քնար Արե­ւել­եան“ պար­բե­րա­թեր­թը, որ սկսաւ լոյս տես­նել 1858 թուա­կա­նին: Պար­բե­րա­թեր­թի հրա­տա­րա­կիչ­ներն էին Արիս­տա­կէս Յով­հան­նէս­եա­նը, որ Համ­բար­ձում Լի­մոնճ­եա­նի ամե­նա­ըն­դու­նակ եւ գոր­ծուն­եայ աշա­կերտն էր եւ Գաբրի­էլ Երան­եա­նը, որ աշա­կեր­տած էր Արիս­տա­կէս Յով­հան­նէս­եա­նին: Անոնց նպա­տակն էր հա­սա­րա­կու­թեան ծա­նօ­թաց­նել արե­ւել­եան երաժշ­տու­թիւնը:

Այդ պատ­ճա­ռով պար­բե­րա­թեր­թին մի­ջո­ցով սկսան հրա­տա­րա­կել, եւ­րո­պա­կան ձայ­նագ­րու­թեամբ երաժշ­տա­կան գոր­ծեր, իւ­րա­քան­չիւր հա­մա­րի մէջ լոյս ըն­ծա­յե­լով իրենց ձայ­նագ­րած, այս­պէս կոչ­ուած “Թաք­սիմ­նե­րը“, “Բեխ­րեֆ­նե­րը“, “Սե­մա­յի­ներն“ ու “Շար­քի­նե­րը“:

Այդ նպա­տակն իրա­գոր­ծե­լէ բա­ցի, անոնց պար­բե­րա­թեր­թը սկիզբ դրաւ մշա­կու­թա­յին կա­րե­ւոր ձեռ­նար­կու­թեան մը, եւ­րո­պա­կան ձայ­նագ­րու­թեան տա­րած­ման` հայ­կա­կան շրջա­նակ­նե­րէ ներս:

Աւե­լի կա­րե­ւոր գործ կա­տա­րե­ցին միւս պար­բե­րա­թեր­թե­րը, որոնք յա­ջոր­դա­բար անհ­րա­ժեշտ տե­ղե­կու­թիւն­ներ կը հա­ղոր­դէ­ին Եւ­րո­պա­կան եւ հայ­կա­կան ձայ­նագ­րու­թեան մա­սին: Օրի­նակ “Քնար Հայ­կա­կան“ը, որ սկսաւ հրա­տա­րակ­ուիլ 1861 թուա­կա­նին:

Այս ան­գամ նա­խա­ձեռ­նո­ղը Գաբրի­էլ Երան­եանն էր, իր աշա­կերտ Նի­կո­ղոս Թաշճ­եա­նի հետ: Բա­ցի հայ­կա­կան եւ եւ­րո­պա­կան ձայ­նագ­րու­թեան մա­սին տար­րա­կան գի­տե­լիք­ներ հրա­տա­րա­կե­լէ, անոնք կը տպագ­րէ­ին նա­եւ ազ­գա­յին եր­գեր ու պա­րե­ղա­նակ­ներ` եւ­րո­պա­կան ձայ­նագ­րու­թեամբ:

“Քնար Հայ­կա­կան“ պար­բե­րա­թեր­թը կը հան­դի­սա­նար նոյ­նա­նուն երաժշ­տա­կան ըն­կե­րու­թեան խօս­նա­կը: Ասի­կա երաժշ­տա­կան առա­ջին ըն­կե­րու­թիւնն էր հայ երաժշ­տու­թեան պատ­մու­թեան մէջ: Ըն­կե­րու­թեան նպա­տակն էր երաժշ­տա­կան ոգին արթնց­նել ազ­գին մօտ, իսկ այդ նպա­տա­կին հաս­նե­լու հա­մար ըն­կե­րու­թեան շուրջ հա­մախմբ­ուած գոր­ծիչ­նե­րը, ոչ միայն կ՛օգ­տա­գոր­ծէ­ին իրենց հան­դէ­սը, այ­լեւ կը կազ­մա­կեր­պէ­ին դա­սա­խօ­սու­թիւն­ներ այդ հան­դէ­սի բա­ժա­նորդ­նե­րուն հա­մար:

Կազ­մած էին Սիմ­ֆո­նիկ նուա­գա­խումբ եւ հա­մերգ­ներ կը ներ­կա­յաց­նէ­ին գլխա­ւո­րա­բար եւ­րո­պա­կան դա­սա­կան եր­գա­հան­նե­րու ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րով, այս` եւ­րո­պա­կան երաժշ­տու­թեան տա­րա­ծու­մով կը ջա­նա­յին զար­գաց­նել ժո­ղո­վուր­դին ճա­շա­կը, յօ­րի­նել եւ ժո­ղովր­դա­կա­նաց­նել ազ­գա­յին, սի­րա­յին եւ քնա­րա­կան նոր եր­գեր:

“Քնար Հայ­կա­կան“ երաժշ­տա­կան ըն­կե­րու­թիւնը բա­ւա­կան ծա­ւա­լուն գոր­ծու­նէ­ու­թիւն ստեղ­ծեց, գրե­թէ ընդգր­կե­լով Պոլ­սոյ բո­լոր հայ­կա­կան շրջա­նակ­նե­րը: Հա­կա­ռակ այդ իրո­ղու­թեան` “Քնար Հայ­կա­կան“ ըն­կե­րու­թիւնը չկա­րո­ղա­ցաւ լու­ծել ազ­գա­յին երաժշ­տու­թեան զար­գաց­ման հիմ­նա­կան սկզբուն­քա­յին հար­ցե­րը` որով­հե­տեւ անոր գոր­ծու­նէ­ու­թիւնն ընդ­հան­րա­պէս կը կա­յա­նար լոկ մշա­կու­թա­յին մթնո­լորտ ստեղ­ծե­լու մէջ:

Ըն­կե­րու­թեան շուրջ հա­մախմբ­ուած ան­դամ­նե­րը մեծ մա­սամբ դի­մե­ցին հեշտ մի­ջո­ցի, հա­յե­րէն խօս­քեր յար­մարց­նե­լով եւ­րո­պա­կան եր­գա­հան­նե­րու եր­գե­րուն, տպագ­րե­ցին եւ տա­րա­ծե­ցին որ­պէս “Ազ­գա­յին եր­գեր“, փո­խա­նակ իւ­րաց­նե­լու եւ­րո­պա­կան երաժշ­տու­թեան նուա­ճում­նե­րը եւ ստեղ­ծե­լու իս­կա­կան ազ­գա­յին եր­գեր, հիմք ու­նե­նա­լով հայ ժո­ղովր­դա­կան երաժշ­տու­թեան ոճա­կան առանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րը:

Այս մար­զին մէջ բա­ցա­ռու­թիւն կը կազ­մէր Տիգ­րան Չու­խաճ­եան, որուն ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւնը հան­դի­սա­ցաւ այս շրջա­նի հայ­կա­կան երաժշ­տու­թեան գա­գաթ­նա­կէ­տը` իր մա­կար­դա­կով եւ գե­ղար­ուես­տա­կան յատ­կա­նիշ­նե­րով:

Ազ­գա­յին ոճի ձե­ւա­ւոր­ման հար­ցը, որոշ շրջան մը մնաց սե­ղա­նի վրայ, մին­չեւ որ հան­դէս եկաւ մեծն Կո­մի­տա­սը:

Ահա, այդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի եր­գե­րէն “Ով Մե­ծաս­քանչ“ը, Կո­մի­տաս Վար­դա­պե­տի մշա­կու­մով:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles