ԵՐԵՒԱՆ.- Օփերայի եւ պալէի ազգային թատրոնի աշխատակիցները Փետրուար 11-ին աշխատավայր ուղղուեցան, սակայն ո՛չ թէ փորձերուն մասնակցելու, այլ պարտադիր կուտակային կենսաթոշակայինին դէմ բողոքի իրենց քայլերը քննարկելու համար:
Իսկ, Փետրուար 10-ի երեկոյեան “Արամ Խաչատրեան“ օփերայի եւ պալէի համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ աննախընթաց դէպք մը:
Արդարեւ, հակառակ անոր որ դահլիճը ամբողջութեամբ լեցուն էր, օփերայի արուեստագէտները պոյքոթի ենթարկեցին հրապարակային ներկայացումը, եւ հանդիսատեսը չկրցաւ վայելել “Անոյշ“ օփերան: Բայց եւ այնպէս ներկաները ծափահարութիւններով եւ քաջալերանքի կոչերով ողջունեցին օփերայի արուեստագէտներուն նախաձեռնութիւնը, որ ուղղուած էր պարտադիր կուտակային կենսաթոշակին դէմ:
Օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի տնօրէն Կամօ Յովհաննիսեան դիտել տուած է, որ թատրոնի` 1974ին եւ անկէ ետք ծնած աշխատակիցներուն թիւը բաւական մեծ է այս կառոյցին մէջ: Անոր համաձայն` անոնք ստորագրահաւաք կազմակերպած են եւ կը պատրաստուին պարտադիր կուտակային կենսաթոշակային համակարգի դէմ իրենց ստորագրութիւնները յանձնելու կառավարութեան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ աշխատակազմը արդէն գործադուլի՞ դիմած է` Կամօ Յովհաննիսեան պատասխանած է .- “Մեծ մասը աշխատում է, մի որոշ մաս չի աշխատում: Հիմա դրա վրայ աշխատում ենք: Դրա համար ես այս պահին աւել բան չեմ կարող ասել: …Ճնշում չեն գործադրում: Ես օրէնքները լաւ հասկանում եմ, գիտեմ: Այս պահին մի քիչ լարուածութիւն կայ, բնականաբար: Աշխատում ենք հարթել: Մեզ համար ամենակարեւորը, որ թատրոնը բնականոն իր աշխատանքը կատարի: Թատրոնը ժողովրդի համար է: Մենք պարտաւոր ենք մեր ներկայացումները խաղալ “:
Օփերայի շէնքին մօտ նկատելի էր նաեւ մշակոյթի նախարարութեան աշխատակիցներուն ներկայութիւնը, արդարեւ, թատրոնը ենթակայ է այդ նախարարութեան: Թատրոնի ղեկավարութիւնը յոյս ունի, որ “Անոյշ“ օփերան, որ յետաձգուած է Փետրուար 23ին տեղի ունենայ:
Աւելի ուշ աշխատակիցները լրագրողներուն յայտնած են, որ իրենց եւ մշակոյթի փոխնախարարին միջեւ կայացած քննարկումներու լոյսին տակ ղեկավարութիւնը խոստացած են բարձրացնել աշխատավարձերը:
Վաստակաւոր արուեստագէտ Ռուտոլֆ Խառատեան յայտնեց, թէ ոչ ոք տակաւին բան մը խոստացած է, ամէն ինչ պէտք է կատարուի, որպէսզի արուեստագէտները գոհ ըլլան: “Կուտակայինի մասին ասել են, որ այդ գումարները մնացել են թատրոնում, երբ որոշում կը կայացուի, այդ գումարների հարցը կ՛որոշուի“, եզրակացուց ան:
Աշխատողներուն մէկ մասը նշած է, որ պիտի շարունակուին քննարկումները, քանի որ տակաւին յստակ բան չէ որոշուած, իսկ այլ աշխատող մը դիտել տուած է, որ իրենք չեն խուսափիր խօսելէ, բոլորը բարկացած են, տարիներ շարունակ չյարգուած խոստումներ կը տրուին, իսկ պարտադիր կուտակայինը հիմք հանդիսացաւ իրենց բողոքի դրսեւորման:
Միւս կողմէ, Փետրուար 12-ին, Երեւանի փապուղիի պաշտօնէութենէն, երեսունէ աւելի աշխատակիցներ, »Կարէն Տէմիրճեան« անուան շէնքին դիմաց հաւաքուեցան եւ իրենց կարգին բողոքեցին Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանին:
Ցուցարարները նշած են, որ գործադուլի պիտի չդիմեն ծայրայեղութեան եւ պիտի սպասեն Սահմանադրական դատարանի որոշման: Նշենք թէ, Երեւանի փապուղիի պաշտօնէութիւնը 1500-ի շուրջ աշխատողներ, որոնցէ միայն երեսուն-քառասունը կը մասնակցէին ցոյցին: “Դէմ եմ“ շարժման անդամները յայտարարեցին թէ կասկածներ ունին, որ տնօրինութիւնը ճնշումներ գործադրած է իր աշխատողներուն վրայ, այդ պատճառով ալ քիչ թիւով աշխատողներ մասնակցած են բողոքի ցոյցին: Անոնք գործադուլ սկսելու կոչ ըրին բոլորին, շեշտելով թէ, այդ մէկը արդիւնքի հասնելու միակ ճանապարհն է:
Քանի մը օր առաջ, կուտակային կենսաթոշակային համակարգի գործադրութեան դէմ “Դէմ Եմ“ նախաձեռնութիւնը բողոքի ցոյց կատարեց կառավարութեան 3-րդ շէնքին դիմաց` “Նուաճի՛ր իրաւունքդ“ խորագիրով: Կը մասնակցէին մեծ թիւով քաղաքացիներ: Ցոյցին մասնակիցները բարձրախօսով կրթութեան եւ գիտութեան նախարարին կոչ ուղղեցին ուսուցիչներու աշխատավարձերէն ստիպողաբար չգանձել պարտադիր կուտակային կենսաթոշակային համակարգով նախատեսուած 5 առ հարիւր գումարը, քանի տակաւին ուժի մէջ է Սահմանադրական դատարանի որոշումը, որով ժամանակաւորապէս քաղաքացիները ազատ կը կացուցուին վճարումը չկատարելու պարագային նախատեսուած տուգանքներէն:
“Մի՛ լռէք, բարձրացուցէ՛ք ձեր ձայները, եթէ ձեզ կը պարտադրեն վճարել այդ գումարը“, կրթական մարզի աշխատողներուն բարձրախօսով կը դիմէին բողոքի մասնակիցները:
Հ.Յ.Դ. “Նիկոլ Աղբալեան“ ուսանողական միութեան վարչութեան ատենապետ Գերասիմ Վարդանեան իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ կառավարութիւնը ոչինչ կ՛ընէ ժողովուրդին համար, մինչդեռ առաջինը կառավարութիւնը պէտք է կատարէր Սահմանադրական դատարանի որոշումը` կասեցնել պարտադիր պահումները, իսկ կենսաթոշակներու հիմնադրամներ չընտրած քաղաքացիները ազատ կացուցել պատասխանատուութենէն:
Ցոյցին մասնակիցները կը պահանջէին կատարել Սահմանադրական դատարանի որոշումը եւ պետական հիմնարկներուն մէջ աշխատող քաղաքացիներուն չստիպել, որ իրենց աշխատավարձերէն յատկացումներ կատարեն պարտադիր կուտակային հիմնադրամներուն:
Նաեւ Ալավերտիի ու Վանաձորի մէջ տեղի ունեցան բողոքի ցոյցեր` ընդդէմ պարտադիր կուտակային կենսաթոշակային համակարգի:
Ալավերտիի մէջ տեղի ունեցած բողոքի երթի մասնակիցները դժգոհութիւն յայտնեցին, որ գործարանները պահումներ կը կատարեն, թէեւ, բողոքաւորներուն համոզումով` կրնային չընել:
“Խնդիրը այն է, որ գործարանը կարեւոր չի նկատեր իր աշխատողը, իր աշխատողին շահը: Անոր համար աւելի կարեւոր է պետութեան հաճոյանալու խնդիրը, քան իր աշխատողը“, “Ազատութիւն“ ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց Ալավերտիի մէջ “Դէմ եմ“ նախաձեռնութեան անդամներէն մէկը:
Վանաձորի մէջ կատարուած երթին միացան նաեւ Երեւանէն ժամանած “Դէմ եմ“ նախաձեռնութեան անդամները:
Այստեղ բողոքողներուն մէջ քիչ չէին նաեւ թոշակառուները, որոնք “Ազատութիւն“ ձայնասփիւռի կայանին յայտնեցին, որ կը պայքարին իրենց զաւակներուն ապագային համար: